ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՈԹՕ ԹԻՒ 86410/03/2011
ZEED: 95531 25,000,000 5531 450,000 531 45,000 31 4,000
ZEED: 95531 25,000,000 5531 450,000 531 45,000 31 4,000
ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԺԻՒՆԻԷԻ ՄԷՋ (ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի) Ժիւնիէ Պէյրութէն ինքնաշարժով կէս ժամ հեռաւորութեամբ գիւղաքաղաք մըն է, ուր հայեր հաստատուած են 1920-էն ի վեր եւ ունեցած են խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանք մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց մեծամասնութեամբ կը կազմեն միջին եւ չքաւոր դասակարգ մը, սակայն անոնց մէջ վառ կը մնայ ազգային գիտակցութիւնը, եւ յարատեւօրէն գիտակցած են պահել ու տէր կանգնիլ...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ «ՄԱՅՐ» ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 11,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «Հայրենիք»ի 22 փետրուարի թիւէն կ՛իմանանք.- Սոֆիա Լ. Յակոբեան 11,000 տոլար նուիրած է Հ. Օ. Միութեան յիսնամեակին առթիւ, որպէսզի անոր եկամուտները գործածուին Հ. Օ. Միութեան յատուկ նպատակներուն: Դրամագլուխն ու եկամուտները տարուէ տարի պիտի աճին: Այս առթիւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Մայր» Սոֆիա Լեւոն...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ Փետրուար 19-ին Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնին մէջ յարգանքի ճաշկերոյթով մը մեծարուած է մեծատաղանդ գրագէտ Կոստան Զարեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր հաստատուած է Քալիֆորնիա: Հայ կեդրոնին սրահը ծայրէ ծայր լեցուած է: Շատեր ոտքի մնացած են: Աննախընթաց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը ցոյց տուած է Լոս Անճելըսի հայութիւնը: Ճաշկերոյթը կազմակերպած էր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը:...
--------------------------------------------- ZEED: 85232: 25,515,541 Լ.Ո. 5232 450,000 Լ.Ո 232 45,000 Լ.Ո 32 4,000 Լ.Ո
Համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային Օրերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ «Կանանց միջազգային օրը»: Մարտ 8-ին, աշխարհի չորս կողմը լուսարձակները կը կեդրոնանան կանանց վրայ` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ կնոջ վերապահուած տեղն ու դերը արժեւորելու եւ մեծարելու համար: Ինչպէս ծանօթ է 20-րդ դարու սկիզբը բազմաթիւ կիներ մուտք գործեցին աշխատանքի ասպարէզ` ցած աշխատավարձեր ստանալով եւ վատ պայմաններու մէջ ստիպողաբար աշխատելով: 20-րդ դարու սկիզբը...
Մամուլը յաճախ կ՛արծարծէ կնոջական հարցերը` զանազան դիտանկիւններէ. իսկ իւրայատուկ «օր»եր (ինչպէս` կիներու միջազգային օր, ուսուցիչներու օր, մանուկներու օր...) առիթներ են լուսարձակի տակ առնելու իգական գործօնի դերակատարութիւնն ու իրավիճակը, կատարելով ախտաճանաչումներ, սակայն հազուադէպօրէն յանգելով շեշտակի գործնական լուծումներու: Այո՛, հազուադէպօրէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր ամէն դէպք ու երեւոյթ յարաբերական է, ըստ տուեալ դէպքի տարածքային, համայնքային, քաղաքական, նոյնիսկ կուսակցական պատկանելիութեան: Փաստօրէն, կինը Լիբանանի...
Սոյն գրութեան հեղինակը Վլատիմիր Յակոբեան կ՛ըսէ. «Սիրելի կանայք, ներկայացնելով այս ցուցակը, յոյս ունեմ, որ լրջօրէն չէք վերաբերիր դրան եւ գործի կը դնեմ ձեր հիւմուրի զգացումը»... Դուն նախօրօք գիտես ամբողջ ծրագիրը: Ան չի նախանձիր, եթէ դուն մէկէ աւելի հեռատեսիլ ունիս: Բանալով նոր հեռատեսիլին խաւաքարտէ ծրարը, կրնաս համոզուած ըլլալ, որ դուն առաջինն ես: Հեռատեսիլը միշտ տեղեակ է քաղաքական եւ մարզական լուրերէն: Դուն...
Ի՞նչ կ՛ուզէիք որ խօսէինք ձեր մասին, Իբրեւ սիրած, իբրեւ ընկեր-ամուսին, Որ գովէինք բառերով բորբ, Ուժը անյաղթ, վարքը ազատ, Ծագում առած անտառներէն Ադամի, Ծաղկաստանէն եդեմի, Ու ինչպիսի խօսքեր փափուկ, կնոջական, Բերենք ձեզի իբրեւ ընծայ, Որ փափկանար կարծրութիւնը ձեր խստակեաց, Փքուէր թոքը ձեր հերոսի, Որ հրճուէիք պարտէզին մէջ դրախտային, Որ յաղթէիք մենամարտին, Փետուր-կշիռք մրցակիցին... Կը սիրէիք տեսնել սիրտեր բուխ ու փխրուն,...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՈՂՋԵՐԹԻ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ Տոքթ. Բ. Փափազեան, որ տարիէ մը ի վեր, իբրեւ կուսակցական գործիչ, կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, մօտ օրէն կը վերադառնայ Պէյրութ: Ամերիկայի մեր մարմինները ողջերթի սեղաններ տուած են Փափազեանի մեկնումին առիթով: 2 մարտ, հինգշաբթի, Նիւ Եորքի «Տարտանել» ճաշասրահին մէջ ՀՅԴ Նիւ Եորքի մարմինները տուած են ողջերթի սեղան մը: Փետրուար 25-ին, ի ներկայութեան երկսեռ...
Պէյրութի հայութիւնը նուիրական պարտականութիւն մը կատարելու առիթը պիտի ունենայ վաղը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակիչ յանձնախումբերը վաղը տունէ տուն պիտի շրջին` «Պնակ մը կերակուր»ի տարեկան հանգանակութեան համար: Աւելի քան տասնեւհինգ տարիէ ի վեր շարունակուող այս ձեռնարկը աւանդութիւն մը դարձած է այլեւս: «Կաթիլներով կարելի է լիճ գոյացնել» կ՛ըսէ ժողովուրդը: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ, կարելի է դիւրացնել դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին մեր...
Ժամանակի ընթացքին է, որ նոր սովորութիւններ եւ առարկաներ սկսան կամաց-կամաց յայտնուիլ ճաշի ընթացքին: Սակայն սպասները եւ գեղեցիկ սեղանները դարերու ընթացքին թագաւորներու եւ ամէնէն հարուստներու սեփականութիւնը կը մնան: «ՀԱՃԻՔ` ՍՓՌՈՑԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ» Առաջին դարու վերջաւորութեան Հռոմի մէջ է, որ կը յայտնուի սփռոցի եւ ճաշի անձեռոցիկներու գործածութիւնը: Հիւրերը երբեմն այդ անձեռոցիկները կը գործածեն նաեւ իրենց ճաշին մնացորդները հետերնին տանելու համար... Սեղանին վրայ սփռոց...
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Փետրուար ամսուն, 1861 թուականէն ի վեր, Քեպեքի բարեկենդանը մեծ ուրախութիւն կը բերէ քանատական ծանր ձմրան ընթացքին: Սկիզբը անիկա կանոնաւոր ձեւով տեղի չէր ունենար. սակայն 1955 թուականէն ի վեր անիկա տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի եւ կ՛ընդունի հազարաւոր այցելուներ: Բարեկենդանի կերպարը ձիւնեմարդ մըն է, որ բարեկենդանին խորհրդանիշն է: Ան իր մուտքը պաշտօնապէս կը կատարէ, եւ քաղաքապետը անոր կը յանձնէ քաղաքին բանալիները:...
Մալեզիոյ եւ Թայլանտի սահմանին մօտ, 1982 թուականին առտու մը, Ճէյենա Պէըրահին կոչուած մալեզիացի մեծ մայրիկ մը կը բարձրանայ հանրային փոխադրակառք մը: Ան կը կարծէր, թէ այս փոխադրակառքը զինք պիտի տանէր դրացի նահանգը: Դժբախտաբար ասիկա ճիշդ փոխադրակառքը չէր: Երբ ան կ՛անդրադառնայ իր սխալին, փոխադրակառքէն կ՛իջնէ: Ապա, ան յաջորդաբար կ՛առնէ տարբեր փոխադրակառքեր, որոնք զինք միշտ աւելի կը հեռացնէին իր տունէն, մինչեւ Թայլանտի...
Թայփէէն երիտասարդ մը աղջկան մը այնքան սիրահարած էր, որ անդադար անոր սիրային նամակներ կը ղրկէր: Ան աւելի քան եօթը հարիւր նամակ ղրկեց, գրեթէ օրական կշռոյթով, անկէ խնդրելով հետը ամուսնանալ: Երիտասարդուհին վերջապէս կ՛ամուսնանայ... նամակաբաշխին հետ:
Աւստրիացի Եոհան Հըրլինկըրի տակաւին կը պատկանի ձեռքերու վրայ քալելու մրցանիշը: 1900 թուականին ան փոխադրութեան այս միջոցը գործածած է Վիեննայէն Փարիզ երթալու համար, կտրելով 1400 քմ: Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ