Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

July 6, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

91 ՆՈՐ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ
ԱՄԵՐԻԿԱ ԵՒ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒԱԾ

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը Լեւոն Քէշիշեան, որ երկու օր առաջ հեռագրած էր ռումանահայերու երկրորդ խումբին Նիւ Եորք հասնիլը, յատուկ թղթակցութեամբ մը կու տայ հետեւեալ մանրամասնութիւնները.

Երէկ` ուրբաթ, 30 յունիսի կէսօրէ ետք 91 հայ տարագիրներ հասան Նիւ Եորք` Պէյրութէն, Հաուայըն Էրլայնի օդանաւով, դիմաւորուելով Անչայի եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչպէս նախորդ տարագիրները:

Այս առթիւ, Սան Ֆրանսիսքոյէն յատկապէս դիմաւորելու եկած էին Անչայի փոխնախագահ Սուրէն Սարոյեան, որ բարի գալուստ մաղթած է նորեկներուն, բարեմաղթութիւններ ընելով իրենց նոր կեանքին համար:

Նորեկները փոխադրուած են Ս. Գ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցի, ուր հացկերոյթ մը տրուած է իրենց, ՀՕՄ-ի եւ Տիկնանց միութեան կողմէ: Այստեղ, ամերիկահայ Կիլիկեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան խօսած է բարի գալուստի ուղերձ մը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի կողմէ Զ. Սերոբեան:

Անչայի նախագահ Ճորճ Մարտիկեան, որ Ուաշինկթըն կը գտնուէր կառավարական գործով, հեռաձայնով ըսած է բարի գալուստի խօսքեր, զորս ներկաներուն յայտնած է մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան:

Նորեկներուն կողմէ շնորհակալութեան խօսք ըսած են Յարութիւն Իշխանեան եւ Վազգէն Պապիկեան` ուրախութիւն յայտնելով իրենց տրուած պատեհութեան համար, ապրելու այս մեծ ու ազատ երկիրը:

Նորեկները արդէն գացած են իրենց բնակութեան վայրերը, մեծամասնաբար` Քալիֆորնիա:

ՀՕՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
ՀԱՄԵՐԱՇԽ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ
ԸՆՏՐԱԾ Է ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հեմիլթընէն, Քանատա, կը հաղորդուի, թէ չորեքշաբթի կէսօրէ ետք, 28 յունիսին տեղի ունեցած է Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը` համերաշխ մթնոլորտի մէջ:

Ընտրուած են Արփինէ Չարգութեան, Գայեանէ Կանայեան, Սեդա Թերզեան, Ֆլորանս Գազանճեան, Արփի Փափազեան, Անահիտ Պետրոսեան եւ Հայկուհի Չպուգճեան:

Ընտրութիւնը ծափահարուած է ջերմօրէն եւ երեկոյեան, Հեմիլթընի ակումբին մէջ տեղի ունեցած է շքեղ հացկերոյթ եւ պարահանդէս: Այս առթիւ ճառեր խօսուած են ներկաներուն կողմէ, ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ:

ՄՈՒՐԱՏ ՌԱՓԱՅԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

ԵՌԱԳՈՅՆԸ ԿԸ ԾԱԾԱՆԻ ԵՒ
ՆԵՐԿԱՅ Կ՛ԸԼԼԱՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ
ԱՄՀ-Ի ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

(ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

Այս տարի ալ վերջ գտաւ դպրոցական տարեշրջանը Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին, որ ահա դարձեալ գեղեցիկ առիթը ընծայեց վենետիկահայ համեստ գաղութին` հաւաքուելու նոյն յարկին տակ, ներկայ ըլլալու համար ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 25 յունիս 1951-ին, վարժարանին թիէփոլեան հայելիազարդ շքեղ սրահին մէջ:

Ներկայ էին` Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Սրապիոն արք. Ուլուհոճեան, Վենետիկի պատրիարքական փոխանորդը, Ֆրանսայի եւ ԱՄՀ-ի դեսպանները, տոքթ. Արամայիս Սրապեան, ինչպէս նաեւ յարգելի ազգայիններ քաղաքէս ու Միլանէն:

Հանդէսը սկսաւ իտալական եւ հայկական քայլերգներով, զորս յաջողութեամբ երգեց վարժարանի քառաձայն երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հ. Մ.  Յովհաննէսեանի: Ամբողջ հանդէսի տեւողութեան, բեմին երկու կողմերը կանգնած զոյգ մը պատանիներ, բարձր բռնած էին դպրոցին դրօշակն ու ազգային Եռագոյնը` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, խորհրդանիշը ազատութեան ու անկախութեան: Որքան ուրախութեամբ դիտէին զայն, նոյնքան ալ  յուզումով կը համակուէին սրտերը այս օտար ափերուն վրայ ապրող, հայրենիքի ծարաւէն տառապող պանդուխտ հայերուն, որոնց աչքերը մերթ ընդ մերթ կ՛երթային հանգչելու անոր վրայ, յագուրդ տալու համար իրենց հայրենիքի կարօտին: Կարծես այդ պահուն հոն փոխադրուած ըլլար Հայաստանը:

Բացման խօսքը կատարեց, իտալերէն լեզուով, վարժարանի տեսուչ` Հ. Ն. Քեհեայեան, որ ներկաներուն տալէ ետք տարուան ուսումնական տեղեկատուութիւնը, հակիրճ կերպով խօսեցաւ բարերարներ Սամուէլի եւ Ռափայէլի մասին, որոնց զոհողութեամբ հիմնուած է վարժարանը: Դպրոցը աւարտեցին 6 տղաք: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 897 04/07/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.