Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 7 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

July 7, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Հասկերը ատոք էին, հունձքը առատ:

Լիբանանի քսանէ աւելի ազգային վարժարաններէն այս տարի շրջանաւարտ եղան, միջին հաշուով, աւելի քան չորս հարիւր հայ աշակերտներ, չորս հարիւր հայորդիներ` մեծցած եւ սնած հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ:

Կարելի եղած չափով արձագանգ հանդիսացանք մեր վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն, անշուշտ ոչ թէ շեշտելու համար անոնց գեղարուեստական արժէքը, այլ` կարեւորութեամբ ընդգծելու համար տարողութիւնը այն պայքարին, որ հայ ժողովուրդը կը տանի կրթական մարզին մէջ:

Քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ ազգային նախակրթարաններէն շրջանաւարտ եղող աշակերտներուն մէկ շատ չնչին տոկոսը կը շարունակէր ուսումը երկրորդական վարժարաններու մէջ:

Հիմա գրեթէ շրջուած է այս համեմատութիւնը: Շատ քիչեր կը բաւականանան միայն նախակրթութեամբ եւ իրենց մատղաշ տարիքին կը նետուին կեանքի ասպարէզ: Ամէն տարի հայ եւ օտար երկրորդական վարժարաններ ու ապա համալսարաններ յաճախող հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու թիւը յաւելում կը կրէ միաժամանակ բարձրացնելով  հայ ժողովուրդի ուսումնական մակարդակի միջինը:

Ազգային վարժարաններու տեղեկագիրներէն ի յայտ կու գայ, որ շատ քիչ բացառութեամբ, բոլորն ալ կրցած են տեղական միջոցներով հաւասարակշռել իրենց պիւտճէն` շնորհիւ կրթաթոշակներու եւ զանազան ձեռնարկներու: Հոգաբարձութիւն եւ տնօրէնութիւն, վայելելով շրջաններու թաղականութեանց եւ ժողովուրդին օժանդակութիւնը, կրցած են մեր վարժարանները դնել նիւթական ապահով հիմերու վրայ:

Եթէ առաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին ուսուցչական կազմերու հետ կապուած կարգ մը նիւթական խնդիրներ եւս լուծումի մը յանգին, այդ պարագային բաւական մեծ չափով լուծուած կ՛ըլլայ կրթական հարցը:

Յատկանշական է այն պարագան, որ հայկական վարժարանները, մանաւանդ` նախակրթարաններն ու երկրորդականները, իրենց հայեցի դաստիարակութեան կողքին, կրցած են նաեւ յարմարիլ տեղական կեանքի պայմաններուն, եւ մենք ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք այն իրողութիւնը, թէ լիբանանեան եւ ֆրանսական սերթիֆիքայի, պրէօվէի ու պաքալորիայի քննութեանց մէջ հայ վարժարաններէն յաջողած աշակերտներու թիւը այս տարի մրցանիշ մը կոտրած է: Վստահ ենք, որ այս թիւը տարուէ տարի պիտի աւելնայ, եւ քանի մը տարի չանցած` հայ վարժարանները, որոշ դասարաններէ, իրենց բոլոր աշակերտները պիտի զրկեն պետական քննութիւններէն:

Ասիկա ինքնին մեծ առաւելութիւն է մեր վարժարաններուն համար: Առաւելութիւն մը, որ կը փարատէ հայ ծնողքին մտահոգութիւնները եւ վերջ կու տայ երկմտանքին` իր զաւակը հայ թէ օտար վարժարան ղրկելու առնչութեամբ:

Եթէ պահ մը փորձենք թափանցել այս յաջողութեան եւ անոր յառաջիկային ունենալիք բարեդէպ ազդեցութիւններուն` լաւատեսութեամբ կը լեցուինք ապագային հանդէպ մեր կրթական գործին, որ տարիներու կաղացումէ մը եւ վարանումներէ ետք, այսօր մտած է բնականոն հունի մէջ եւ ամէն տարի կեանքի ասպարէզ կը նետէ գիտակից ու զարգացած հայորդիներու փաղանգ մը, որուն հետաքրքրութիւնը հայ կեանքին հանդէպ աւելի գիտակցական է, հետեւաբար եւ` աւելի արդիւնաւոր, քան` նախորդ սերունդներունը:

Եւ ասիկա զանցառելի շահ մը չէ հայապահպանման պայքարի գետնին վրայ:

 

Նախորդը

Օդերեւոյթ ( 6 յուլիս 2011 )

Յաջորդը

ՁԵՐ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ ԲՈՅՐԸ ՇԱՏ ԲԱՆ Կ՛ԸՍԷ ՁԵՐ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.