Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

July 9, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

100 ՄԻԼԻՈՆ «ՄԵԾՆ ՊԷՅՐՈՒԹ»Ի ՀԱՄԱՐ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԷՊ ՍԱԼԱՄ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԾԱՆՈՅՑ
ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

ՆԱՀՐ ՔԵԼՊԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՄՈՒՐ ԲՈԼՈՐ
ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԻՏԻ ԿԱՊՈՒԻՆ

Վարչապետ Սաէպ Սալամ երէկ առտու սերայի իր գրասենեակին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` պարզելու համար Մեծն Պէյրութի ծրագիրը եւ այդ նպատակով թեքնիք յանձնախումբին ու Էքոշարի կազմած յատակագիծերը:

«Մեծն Պէյրութի ծնունդը,- ըսաւ Ս. Սալամ,- մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող դէպք մըն է, որ պէտք է տեղի ունենար տասնեակ տարիներ առաջ: Բայց աւելի լաւ է ուշ, քան` երբեք:

«Կը բաւէ քարտէսին վրայ աչք մը նետել` նկատելու համար, որ մեր մայրաքաղաքին նման զարգացման մէջ եղող քաղաք մը չի կրնար բանտարկուած մնալ դարերէ ի վեր հաստատուած իր վարչական սահմաններուն մէջ: Անոր բնակչութեան աճը, շէնքերու եւ ինքնաշարժներու յարաճուն թիւը, աւելնալով ազգային եւ միջազգային բազմաթիւ ձեռնարկներու վրայ, կը պահանջեն անոր կենսական տարածութեան մեծնալը, որովհետեւ քաղաքը խեղդամահ ըլլալու վտանգին տակ է»:

ՔԱՆԻ ՄԸ ԹԻՒԵՐ

Ապա վարչապետը տուաւ քանի մը թիւեր.

«Վերջին վիճակագրութիւնները, որոնք բծախնդիր կերպով չեն հաստատուած, ցոյց կու տան, որ Պէյրութի բնակչութիւնը 1945-էն ի վեր 250,000 հոգի աւելցած է: Նոյնպէս, 1945-ին տարին 107,000 քառ. մեթր շինութիւն կ՛ըլլար: Հիմա այդ թիւը բարձրացած է 704,000-ի:

«Ինքնաշարժներու թիւը 1945-ին 14,500 էր, 1960-ին հասաւ 55,200-ի ու այս թիւը հետզհետէ պիտի բարձրանայ, տրուած ըլլալով, որ նոյնիսկ ինքնաշարժներու ներածման մէջ ազատական քաղաքականութեան մը կը հետեւինք»:

Վարչապետը այս թիւերը յիշեց` ընդգծելու համար Մեծն Պէյրութի իրագործման հրամայական անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ. «Այս ծրագրի մասին մտածած էի 1946-ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով ներքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնած էի»:

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ 100 ՄԻԼԻՈՆ Լ. ՈՍԿԻ

Վարչապետը ապա անդրադարձաւ  ծրագրի նիւթական մասին` յայտնելով, թէ անոր իրագործումը պիտի արժէ 100,000,000 լ. ոսկի:

Խօսելէ ետք 45 միլիոն լ. ոսկիի մասին, որ ձեռք բերուեցաւ Քուէյթէն` իբրեւ փոխառութիւն, շնորհիւ ներքին գործոց նախարար Ապտալլա Մաշնուքի, Սալամ աւելցուց. «Կարելի է հետեւեալ ձեւով ձեռք ձգել այդ 100 միլիոն լ. ոսկին, 45 միլիոն լ. ոսկի Քուէյթէն, 30 միլիոն լ. ոսկի` ծախելով քաղաքապետութեան հողերը, 25 միլիոն ալ` տուրքերու գանձումը բարելաւելով»:

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ԲԱՑԱՌԻԿ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայ աւետարանական քոլեճի 34-րդ վկայականաց բաշխումը, ինչպէս գրած էինք, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 30 յունիս 1961, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, վարժարանի բակին մէջ:

Դպրոցի երգչախումբին կողմէ լիբանանեան քայլերգի կատարումէն ու հաստատութեան տնօրէն պատ. Ա. Ճիզմեճեանի աղօթքէն ետք, խօսք առաւ դպրոցի հոգաբարձութեան անդամ եւ Պէյրութի Աղջկանց քոլեճի դասախօս Անահիտ Աբէլեան, որ շինիչ թելադրանքներ ըրաւ աւարտականներուն:

Մէջ ընդ մէջ կատարուեցան խմբերգներ` դպրոցի երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Օննիկ Սիւրմելեանի, մրցանակաբաշխութիւն եւ վկայականներու բաշխում: 26 հոգի նախակրթարանէն, երկրորդականէն 17` արուեստից բաժինէն, եւ 9` գիտական բաժինէն վկայուեցան: Ապա տնօրէն Ճիզմեճեան կատարեց հուսկ բանքը եւ յորդորեց աւարտականները` համադրել գիտնալ ու միշտ ձգտիլ ազնուագոյնին, բարիին, գեղեցիկին, ճշմարիտին, սիրոյ, Աստուծոյ, աղբիւրը լոյսին ու յոյսին:

Տնօրէնը ապա հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ քոլեճին արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուն շուրջ: Առաջին` այս տարի պետական սերթիֆիքայի մասնակցած են 67 սաներ, որոնցմէ յաջողած են 50-ը, ասոնց մէջ ըլլալով նախակրթարանի հինգերորդ կարգէն 5 սաներ. երկրորդ` պետական պաքալորէայի ղրկուած երեք սաներն ալ յաջողած են. եւ երրորդ ըստ Ամերիկեան համալսարանի դիւանի վիճակագրութեան, 1951-60 հաստատութեանս շրջանաւարտները համալսարանին մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած են եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի երկրորդական վարժարաններէն ֆրեշմեն եղող ուսանողներու մէջ 1959-1961 տարեշրջանին բարձրագոյն միջինը ստացած են:

Հոգաբարձութեան անունով տոքթ. Ալիս Մանուկեանի շնորհակալական խօսքերէն ու վեր. Յ. Ահարոնեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, հանդէսը իր լրումին հասաւ ժամը 6:00-ին:

Շրջանաւարտներու անունները արդէն առանձին լոյս տեսած էին «Ազդակ»ի մէջ: Պաքալորէայի մէջ յաջողած են` Միքայէլ Արսլանեան, Արփի Գոնեալեան եւ Վիգէն Փանոսեան:

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

Յաջորդը

3 ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԳԻՒՏԵՐԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.