Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 5 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

July 5, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԵԼՔԸ

Նախորդ օրերուն ներքին էջերու սիւնակներուն մէջ հրատարակեցինք Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի միամեայ տեղեկագիրը, որ յստակօրէն ցոյց կու տար գերազանցապէս հայաշունչ այս հաստատութեան յարաճուն վերելքը:

Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն հետեւած են Ճեմարանի կեանքին` անոր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, շատ լաւ գիտեն, թէ ի՜նչ նեղ տարիներ անցուցած է եւ ինչպիսի՛ զոհողութեանց գնով կանգուն մնացած այս կառոյցը: Եթէ չըլլար իր վարիչներու աննկուն յարատեւութիւնը, իր պաշտօնէութեան գաղափարական նուիրումը եւ մեր հասարակութեան բարոյական քաջալերանքը, շատոնց փակուած կ՛ըլլար հայեցի կրթութեան այս մեծարժէք հաստատութիւնը:

Վերջին տասնամեակը, ինչպէս շեշտեց հաստատութեան տնօրէնը իր բացման խօսքին մէջ, եղաւ յարատեւ յառաջդիմութեան շրջան մը Ճեմարանի համար: Նիւթական, բարոյական թէ կրթական տեսակէտէն:

Նիւթական, որովհետեւ Ճեմարանը դարձած է գրեթէ ինքնաբաւ հաստատութիւն մը, որ իր պիւտճէին 80 առ հարիւր տոկոսը կը գոյացնէ կրթաթոշակներէ:

Բարոյական, որովհետեւ հաստատութեան վարկն ու համբաւը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ հասարակութեան մօտ:

Կրթական, որովհետեւ բացի իր հայագիտական արժէքէն, Ճեմարանը պետական քննութիւններու կը ներկայացնէ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ աշակերտներու յարաճուն թիւ մը:

Ճեմարանը ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մօտաւոր եւ հեռաւոր գաղութներու կրթութեան կեդրոնն է, հայ մշակոյթի օճախը եւ արտասահմանի հայութեան պարծանքը: Ան պահապանն է մեր ազգային ինքնապաշտպանութեան պայքարին: Քսանվեց տարիէ ի վեր կանոնաւորաբար կու տայ շրջանաւարտներ, որոնց ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 250-ի: Բոլորն ալ նետուած են կեանքի մէջ` հայ լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ոգիով զրահուած եւ իրենց ժողովուրդին ծառայելու անվերապահ պատրաստակամութեամբ: Հարկ չկայ շեշտելու, որ ի՛նչ մեծ արժէք կը ներկայացնէ սփիւռքի օտար միջավայրերուն մէջ հայ ոգիով սնած եւ հայ արժէքներու ժառանգորդ գիտակից երիտասարդութիւնը:

Բայց միայն աւարտականներ չեն, որ կը կազմեն Ճեմարանի պատրաստած նուիրեալներու բանակը: Ճեմարանը իր շունչն ու դրոշմը փոխանցած է նաեւ անոնց, որոնք հոգ չէ թէ թերաւարտ, մէկ երկու տարի գոնէ հաղորդուած են գերազանցօրէն հայեցի իր մթնոլորտէն: Այնպէս որ, երբ այսօր «ճեմարանական» կ՛ըսենք, անոնց թիւը չի սահմանափակուիր քանի մը հարիւրեակ շրջանաւարտներով:

Վստահ ենք, որ Ճեմարանը հետզհետէ պիտի դառնայ այն հաստատութիւնը, որ վերջնականապէս պիտի փարատէ հայ ծնողքին մտահոգութիւնները` իրենց զաւակներու դաստիարակութեան հարցին նկատմամբ: Այսինքն` հայեցի կրթութեան հետ մէկտեղ, պիտի կրնայ պետական վկայականներու պատրաստել իր խնամքին յանձնուած հայորդիները: Այս տարի արդէն ութ շրջանաւարտներ արժանացած են պաքալէօրեայի: Վստահ ենք որ այս թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ, եւ ճեմարանական ընթացաւարտը պիտի ունենայ առաւելութիւնները հայեցի կրթութեան եւ ուսումնական լուրջ պատրաստութեան:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Կը Մերժէ Միջազգային Դատական Ատեանին Ամբաստանութիւնը

Յաջորդը

ԱՆԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԱՍԻԱԿԱՆ ՍԱԳԻ ՏԵՍԱԿ ՄԸ` ԱՄԷՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ԹՌՉՈՂԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.