Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ՀԱՅ ՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.- Քալիֆորնիոյ ինքնաշարժի մրցումներու «թագաւորը» կը նկատուի Յ. Աղաճանեան: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս տարուան մրցումներուն` 30 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ: ԵՐԿՈՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու քաղաքներ Հայաստան կը կոչուին, մին հիւսիսային Տաքոթայի մէջ, իսկ միւսը` Ֆլորիտա նահանգներուն մէջ: ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Զարեհ Ա.ի հրահանգով Ամերիկայի բոլոր Կիլիկիոյ...

ՄԱՖՖԸՆՆԵՐԷՆ, ՔՈՒՔԻՆԵՐԷՆ ԵՒ ՔԱՓՔԷՅՔՆԵՐԷՆ ԵՏՔ` ՈՒՈՒՓԻՆԵՐԸ

Ուուփին ալ Միացեալ Նահանգներէն եկած անուշեղէն մըն է: Ամերիկեան նշանաւոր  «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին  կողմէ անիկա ընտրուած է «2010-ի անուշեղէն»ը: Այս մանր քաղցրեղէնները նուաճած են ամերիկեան խանութներն ու փուռերը: * * * Ամերիկացիները շատ կը սիրեն անուշոտ եւ գունաւոր պզտիկ կարկանդակները: Անոնք այդ փոքր կարկանդակները օրուան նորոյթին կը յարմարցնեն, ապա անոնք Ատլանտեանը կտրելով կը հասնին Հին Աշխարհ: Այս ձեւով, մենք...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍԻ ՄԷՋ Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»էն գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ գաղութին համար հաստատուած է հայագիտական դասընթացք մը: Այդ առթիւ «Արմենիա» կը գրէ.- Վերջապէս ա՛յն, որ մինչեւ այսօր իբրեւ բաղձանք եւ ծրագիր միայն գոյութիւն ունէր, դարձաւ իրականութիւն: Հայագիտական դասընթացքը, կազմակերպուած` կրթական յանձնախումբին կողմէ, յաջողապէս սկսաւ աւելի քան երեսուն հետեւողներով, որոնց ճնշիչ մեծամասնութիւնը հայուհիներ են, եւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՊԵԼՃԻՔԱՅԷՆ «Մասիս»ի Ամերիկայի «Կռունկ»էն քաղած տեղեկութեանց համաձայն, Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Նալպանտեան վարդապետին ատենօք մատուցած աղերսագիրը, միաժամանակ Ուաշինկթընի արտաքին գործոց նախարարին պատասխանը, ուղղուած էին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարմինի նախագահ Էլեոնորա Ռուզվելթին: Այդ գրութիւններով որոշ առանձնաշնորհութիւններ կը խնդրուէր Եւրոպա գաղթող հայերուն համար, այս է, անցագրի եւ մանաւանդ ինքնութեան թուղթին դիւրութիւն պարգեւելու համար, որոնք կ՛իյնային իր իրաւասութեան սահմանին...

ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԼԱՒ ԴՐԱՑՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բոլորս ալ քանի՜ քանի անգամներ հաստատած ենք, որ դրացնութիւն մը թանկագին օժանդակութիւն մըն է: Ըլլա՛յ ծանր պատահարներու, ըլլա՛յ նուազ եղերական պարագաներու, համակրելի եւ բարենկատ դրացիներ ունենալը իսկապէս նախախնամական է: Լաւ դրացի մը ըլլալու համար կան կարգ մը օրէնքներ, զորս պէտք է յարգել: - Երբ նոր բնակարան մը կը հաստատուիք, ամենամօտիկ դրացիներուն պարզօրէն պէտք է ներկայանալ. ասիկա կրնայ դիւրութեամբ կատարուիլ վերելակին...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 օգոստոս 1961)

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ ԵՐԲԵՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ՈՒՆԵՑԱԾ...» Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակիցը` «Արմենիա» կը գրէ իր խմբագրական սիւնակին մէջ. Խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ կը գտնուի շատ հետաքրքրական նամակ մը, զոր ստացած է կաթողիկոսական պատուիրակ Բաբգէն եպս. Ապատեան: Նամակը ստորագրած է կաթոլիկ հոգեւորական մը` հ. Խոսէ Օրլանտօ Սարմիենթօ, որ իր հոգեւոր պաշտօնը կը կատարէ Պուէնոս Այրես նահանգին մէկ քաղաքին մէջ: Նամակագիրը սրբազան հօրմէն կարգ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԳՈՀ ԵՆ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ Պոլսոյ թրքական թերթերը իրենց 11 օգոստոսի թիւին մէջ Երեւանէն ստացուած հետեւեալ հեռագիրը հրատարակած են գոհունակութեամբ.- Աշխարհի հայերու կրօնապետը Վազգէն Ա., որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Խաչատուրեանի յուղարկաւորութեան առիթով Թուրքիա գացած էր, երկարօրէն խօսեցաւ Երեւանի ձայնասփիւռէն` խօսքը ուղղելով աշխարհի հայոց: Հայրապետը ի մէջ այլոց հետեւեալը ըսաւ. - Յուղարկաւորութեան հանդիսութեան ընթացքին թրքական կառավարական իշխանութիւնները յարգանքի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԳԱՀԻՐԷԻ «ԻՄԱԺ»ԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ Գահիրէի «Իմաժ» շաբաթաթերթը իր 5 օգոստոսի թիւին մէջ հրատարակած է յօդուած մը` Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին, Այխմանի դատավարութեան առնչութեամբ: Յօդուածին հեղինակն է Կապրիէլ Պոքթոր, որ կը գրէ ի մէջ այլոց. «Մ. Նահանգներ այցելութեանս ընթացքին պատեհութիւնը ունեցայ ճանչնալու հայերու արդարութեան գործադրիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի այրին: Թեհլիրեան մեռաւ 54 տարեկանին, Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանի հիւանդանոցին...

Ի՞ՆՉ Է «ՌԱՓԸ»

«Ռափ» բառը կը նշանակէ` «Ռիտըմ էնտ պլուզ» (կշռոյթ եւ բանաստեղծութիւն): Այս երաժշտական ոճը ծնած է Նիւ Եորքի մէջ, 1970-ական թուականներու վերջաւորութեան: Սկիզբէն անիկա միայն փողոցներուն մէջ եւ երեկոյեան հաւաքոյթներու ընթացքին կը լսուէր. երբ «տիսք-ճոքի» մը (Տի Ճէյ) ձայնապնակները պիտի փոխէր իր գործիքին վրայ, արարողութիւն վարող (մեթր տը սերեմոնի, Էմ. Սի.) կոչուած ռափի երգիչ մը ոտանաւորի տողեր կ՛արտասանէր թմբուկի հարուածներու կշռոյթի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԷՆ Ամսոյս 6-ին Երեւանի ձայնասփիւռէն խօսեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.` արտայայտելով դէպի Թուրքիա իր կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւնները: Նախ մանրամասնութիւններ տուաւ Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւններու մասին եւ բացատրեց վախճանեալ պատրիարքի յաջորդին ընտրութեան ձեւակերպութիւնները: Յետոյ խօսելով Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի մասին` վեհափառը յայտնեց, թէ շատ գոհացուցիչ գտած է զայն: «Հայերը կ՛ապրին հոն կազմակերպուած եկեղեցական համայնքային...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Քաջալերելով «ԱԶԴԱԿ»ի աշխատանքները` Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան վարչութիւնը 1000 ամ. տոլար Անահիտ Գրիգոր Փափազեանի մահուան առիթով` Աստղիկ Փափազեան 50,000 լ. ո. Յովհաննէս Կետիկեանի մահուան առիթով` Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԵՐ` ԱԼԱՍՔԱՅԻ ՄԷՋ Լեւոն Քէշիշեան Ալասքայի Անքարեճ քաղաքէն կը գրէ.- Միացեալ Նահանգներու մէկ անկիւնէն միւսը, վերջապէս հասանք այս հետաքրքրական վայրը, եւ առաջին արաբ եւ հայ լրագրողն եմ, որ Ալասքա կ՛այցելէ: Այս 49-րդ նահանգին մէջ կ՛ապրին մօտ 200,000 հոգի, 15-20 հազար էսքիմօ, 12,000 հնդիկ ու 30 հայ: «Հանօ էլ պինօ», ինչպէ՞ս էք կը նշանակէ էսքիմոներու լեզուով: Խիստ հետաքրքրական տեսակցութիւն...

ՏՕՆԵՐ – ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ

Ինչպէս արտօնուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ արտօնուած չէր խաղող ուտել մինչեւ օգոստոսի 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակի օրը` Խաղողօրհնէքի տօնը: Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն կայ հասունցած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել: Հայերուն մօտ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը` Զատիկին, կաթնովը` Համբարձումին, հասկեր ու խնձոր` Վարդավառին, հատեղէնները`...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 օգոստոս 1961)

ՏԵՍԱՅ ՍԵՒԱՆԸ (ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ) «Արմենիա» պանդոկի վարչութիւնը կը կազմէ «Ինտուրիստ»ը: Սա ամէնէն կարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկն է, որուն յանձնուած է կապ պահել արտասահմանի հետ: Իր համառօտ յորջորջումն է «Աուքս»: Այս կազմակերպութեան վերին պետն է հայ կին մը` Բերսաբէ Գրիգորեան, շատ օժտուած, կարող եւ պատրաստուած անձ մը: Պանդոկի ներքին պաշտօնեաներուն թիւը շատ մեծ է. իւրաքանչիւր բաժին իր պետն ունի, իսկ տնօրէնութիւնը կը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՏՈՄՍԵՐ ԲԱՐԵՒՏՈՒՔԻ ՁԵՒԵՐ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այցելութեան գնաց հայոց հիւանդանոցը, Ետի-Գուլէ: Երբ կը գտնուէր մանուկներու տաղաւարին մէջ, կը հարցնէր իւրաքանչիւրին անունը, տարիքը, հայր-մայր ունենալը, դպրոց երթալը: - Քանի՞ տարեկան ես,- հարցուց մանուկի մը: - Ինը տարեկան եմ, տէր հայր,- ըսաւ տղան: Երեխան չէր գիտեր, իսկ կաթողիկոսը չբողոքեց: Բայց ինծի յիշեցուց մանրավէպ մը: Թուրքիա հաշտութեան դաշնագիր կը կնքէր Եւրոպայի հետ Զուիցերիոյ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 օգոստոս 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԵՒԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Երեւան-Մոսկուա օդային ճամբուն տեւողութիւնը կրճատած է` 3,5 ժամ, շնորհիւ արդիական մեծ օդանաւերու սպասարկութեան: Հայաստանի թերթերէն կը տեղեկանանք, թէ օդանաւերը մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենան նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ: Արդարեւ, օդանաւերու միջոցով կ՛ոչնչացուին գիւղատնտեսութեան վնասող միջատները եւ մանրէները, ծուխի ծածկոցներ կը տարածեն ցրտահարութեան վտանգի պարագային եւ այլն: Միւս կողմէ, ներկայիս կանոնաւոր երթեւեկութիւն գոյութիւն ունի Երեւանի եւ Խ. Միութեան բազմաթիւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԳՆԴԱՊԵՏ ՍԱՉԱԳԼԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ Գնդապետ Հերի Ա. Սաչագլեան, որ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու օդուժին մէջ, «Արժանընտիր լեգէոնական»ի (լիճըն աֆ մերիթ) շքանշանը ստացաւ իր ընծայած բացառիկ եւ արժանաւոր ծառայութեանց համար, յօգուտ Միացեալ Նահանգներու, յուլիս 1954-էն մինչեւ յուլիս 1960, որպէս օգնական սպայակոյտի փոխ պետին, Միացեալ Նահանգներու օդուժին մէջ միացեալ գործունէութեանց, զինուորական շարժումներու եւ պարենաւորման ծրագիրներու գործերուն մէջ: Շքանշանը տրուեցաւ Եւրոպայի Դաշնակից...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Քաջալերելով «Ազդակ»ի աշխատանքները` Տէր եւ տիկին Աբօ Յովհաննէսեան (Վալանս) 100$ Ալիս Թաշճեան-Էսմերեանի մահուան քառասունքին առիթով (Հալէպ)` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեան 50,000 լ. ո.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿԱԹԸ

Ամէն օր դուն կաթ կը խմես: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ անիկա: Ճիշդ է, որ ան կաթնատունէ մը անցած է, սակայն ոչ մէկ գործարան կրնայ զայն շինել: Ասոր համար նախ պէտք կայ կովու մը եւ հորթուկի մը... նաեւ` քանի մը ուրիշ բաղադրութիւններու: ՆԱԽ` ԿՈՎԸ... Ահա թէ կովը ինչպէ՛ս «կը շինէ» իր կաթը: 1.- Մարսողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ստամոքսին մէջ: Կովուն կերած խոտը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՆՇԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԴԺՈԽՔԻ ՄԱՍԻՆ Ամերիկացի գիտնականներ հետամուտ են երկրին կեդրոնը գտնուող դժոխքը երեւան հանելու: Կը փափաքին Խաղաղական ովկիանոսին յատակէն ծակ մը բանալ` հասնելու համար երկրագունդին միջուկին, ուր կան գեհենային հուրեր: Ամերիկացիները վարպետ են թէ՛ ծակեր բանալու, թէ՛ ծակեր գոցելու գործերուն մէջ: Հաւանաբար պիտի կրնան ծակել երկիրն ալ` հասկնալու համար, որ մեր մոլորակին փորին մէջ ինչե՜ր կան պահուած: Պիտի հասկնան երկրին տարիքը,...

Page 470 of 482 1 … 469 470 471 … 482