Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ Է «ՌԱՓԸ»

August 13, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռափ» բառը կը նշանակէ` «Ռիտըմ էնտ պլուզ» (կշռոյթ եւ բանաստեղծութիւն): Այս երաժշտական ոճը ծնած է Նիւ Եորքի մէջ, 1970-ական թուականներու վերջաւորութեան: Սկիզբէն անիկա միայն փողոցներուն մէջ եւ երեկոյեան հաւաքոյթներու ընթացքին կը լսուէր. երբ «տիսք-ճոքի» մը (Տի Ճէյ) ձայնապնակները պիտի փոխէր իր գործիքին վրայ, արարողութիւն վարող (մեթր տը սերեմոնի, Էմ. Սի.) կոչուած ռափի երգիչ մը ոտանաւորի տողեր կ՛արտասանէր թմբուկի հարուածներու կշռոյթի ընկերակցութեամբ: Ամէն անգամ կարճ միջնարար մըն էր` երկու ձայնապնակներու միջեւ:

* * *

Ապա, կամաց-կամաց արարողութիւնը վարողին միջամտութիւնը շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ: Տիսք-Ճոքին կը սկսի բազմաթիւ կշռոյթներ խառնել նոյն ատեն եւ ռափի երգիչը կ՛արտասանէ աւելի երկար բանաստեղծական գրութիւններ, որոնք կը պատմեն աղքատ թաղամասերու ամէնօրեայ կեանքին մասին:

* * *

1979 թուականին Նիւ Եորքի մէջ «Շուկարհիլ կանկ» խումբը կ՛արձանագրէ «Ռափփըր, զ տիլայթ»ը: Ասիկա ռափի առաջին ձայնապնակն է. սակայն անիկա պարզապէս նմանութիւն մըն է փողոցի ռափ երգիչներու: Առաջին իսկական ձայնապնակը, որ աւանդութեան կարգ անցած է, «Կրանտմասթըր ֆլաշ էնտ տը ֆուրիուս ֆայվի» «Տը մեսըճ»ն է: 1982-ին արձանագրուած այս գրութեան մէջ «Կրանտմասթըր ֆլաշ» կը խօսի կեանքի դժուար պայմաններուն մասին եւ Նիւ Եորք քաղաքը կը ներկայացնէ իբրեւ վայրի անտառ մը:

Իսկ ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ երգուած երգը

Անկասկածօրէն անիկա պիթըլզներուն «Եսթըրտէյ» (երէկ) երգն է: Այս երգը հրապարակ իջաւ 6 օգոստոս 1965-ին, «Հելփ» (օգնութիւն) կոչուած ալպոմին մէջ: Անիկա գրուած եւ յօրինուած է Փոլ ՄքՔարթնիի կողմէ. անիկա կը պատմէ, թէ այդ եղանակը լսած է երազին մէջ:

* * *

«Եսթըրտէյ» թարգմանուած է երկրագունդի գրեթէ բոլոր լեզուներով: Կ՛ենթադրուի, թէ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս երեք հազար տարբերակներ, իսկ 20-րդ դարու ընթացքին այս երգը ձայնասփիւռէն սփռուած է աւելի քան եօթը միլիոն անգամ: Ասոր կողքին, քանի՞ մարդ այս երգը չէ երգած իր կեանքին որեւէ մէկ պահի, քանի՞ սխալ նոթեր չեն հնչուած… Ոչ մէկ վիճակագրութիւն մեզի կու տայ այս տեղեկութիւնները:

* * *

Մարդոց կողմէ յաճախ երգուած այլ երգեր են` «Մայ ուէյ»ը (Իմ ճամբաս) եւ ֆրանսերէն «Քոմ տ՛ապիթիւտ»ը: Ֆրանսերէն բառերը գրուած են Քլոտ Ֆրանսուայի եւ Ժիլ Թիպոյի կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը  յօրինուած է Քլոտ Ֆրանսուայի եւ Ժաք Ռիվոյի կողմէ: Ձայնապնակը շուկայ կ՛իջնէ 1967 թուականին, եւ երկու տարի ետք Ֆրանք Սինաթրա զայն կ՛երգէ «Մայ ույէ» տարբերակով: Հետագային, հարիւրաւոր երգիչներ այս երգը կը մեկնաբանեն:

* * *

Հասնելով 2000 թուական` տակաւին ոչ մէկ երգ կրցած է գահընկէց ընել այս երկու երգերը: Հետեւաբար, օգտուելով ամառնային արձակուրդէն, առէք ձեր կիթառը, նստէք ձեր դաշնակին ետեւը: Կրնայ ըլլալ, որ յաջորդ միջազգային երգը ձերը ըլլայ…

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

1) Ո՞ր ովկիանոսները իրարու կապուած են Փանամայի ջրանցքով:
ա.- Ատլանտեան եւ Հնդկաց ովկիանոսները:
բ.- Ատլանտեան եւ Խաղաղական ովկիանոսները:
գ.- Խաղաղական եւ Հնդկաց ովկիանոսները:

2) Ո՞րն է Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ երկիրը:
ա.- Պրազիլ,
բ.- Չիլի,
գ.- Փերու

3) Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կը գտնուի Անտեան լեռնաշղթան:
ա.- Ամերիկա,
բ.- Ասիա,
գ.- Ափրիկէ:

4) Ո՞ր երկրին մօտ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր լեռը:
ա.- Հնդկաստան,
բ.- Ռուսիա,
գ.- Նեփալ:

5) Ո՞ր մոլորակը կոչուած է «Կարմիր մոլորակ»:
ա.- Լուսնթագ,
բ.- Հրատ,
գ.- Արուսեակ:

6) Աշխարհի ո՞ր վայրին մէջ կան ամէնէն մեծ թիւով բնակիչները:
ա.- Եւրոպա,
բ.- Ասիա,
գ.- Ափրիկէ:

7) Ո՞ւր կ՛ապրէին մայաները:
ա.- Սպանիոյ մէջ,
բ.- Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ,
գ.- Եգիպտոսի մէջ:

8) Ե՞րբ տեղի ունեցած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը
ա.- 1939-1945,
բ.- 1914-1918,
գ.- 1960-1965:

9) Ո՞ւր կ՛ապրէին էնքաները:
ա.- Հարաւային Ամերիկայի մէջ,
բ.- Հնդկաստանի մէջ,
գ.- Չինաստանի մէջ:

10) Ո՞վ հնարած է ուժանակը (տինամիթ) 19-րդ դարուն:
ա.- Պել,
բ.- Ռայթ եղբայրները,
գ.- Ալֆրետ Նոպել:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Ո՞ր երկրի ղեկավարը մօրուքներուն վրայ տուրք մը հաստատեց 1698 թուականին: (Պատասխանը վերջաւորութեան):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 113` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռչունի համապատասխանող երկու բաժինները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս այս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Լաբիւրինթոսէն ելքի ճամբան սեւ ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը: թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԷՋԻ
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

1) Փանամայի ջրանցքը իրարու կը միացնէ Խաղաղական եւ Ատլանտեան ովկիանոսները եւ ունի 81 քմ երկարութիւն: Այս ջրանցքը շատ կարեւոր դեր ունի ցամաքամասերու միջեւ փոխադրութիւններու ծիրին մէջ:

2) Պրազիլ: Անոր տարածքը 8,511,965 քառ. քմ. է, մինչ Փերուն ունի 1,285,220 քառ. քմ. տարածք, իսկ Չիլի` 756,950 քառ. քմ.:

3) Անտեան լեռնաշղթան կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Անիկա ունի մօտաւորապէս 7000 քմ երկարութիւն, 160 քմ. լայնութիւն կարգ մը շրջաններու մէջ, եւ անոր բարձրութիւնը միջին հաշուով 4000 մեթր է: 4) Հիմալայայի լեռնաշղթային մաս կազմող Էվերեսթ գագաթը բնական սահման մը կը կազմէ Նեփալի եւ Չինաստանի (Թիպեթ) միջեւ: Իր 8850 մեթր բարձրութեամբ անիկա աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթն է: 5) Հրատ: Այս Կարմիր մոլորակը, որ իսկականօրէն կարմիր չէ, իր անունը առած է հին Հռոմի պատերազմի աստուածէն: 6) 2000 թուականին իր 3,7 միլիառի հասած բնակիչներով Ասիան ունի ամէնէն շատ բնակիչները: 7) Մայաները կ՛ապրէին Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ: Անոնք աստիճաններով օժտուած բարձր բուրգերու վրայ շինուած տաճարներ կառուցած են: 8) Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմը տեղի ունեցած է 1939-1945: Հիթլեր կռուած է Դաշնակից երկիրներուն դէմ, որոնք պատերազմը յաղթած են: 9) Էնքաները կ՛ապրէին Անտեան լեռնաշղթային վրայ, Հարաւային Ամերիկա: Անոնք հզօր թագաւորութիւն մը ունէին: 10) Ալֆրետ Նոպել հռչակաւոր դարձաւ, եւ յատկապէս` շատ հարուստ, ուժանակը հնարելով: Այդ ժամանակէն ի վեր, ամէն տարի վարձատրութիւններ կը բաժնուին այն մարդոց, որոնք մարդկութեան մեծ օգտակարութիւն ունեցած են:

ԺԱՄԱՆՑ

Ռուսիա: Մեծն Պետրոսի տուրքը կը վերաբերէր բոլոր այր մարդոց, բացի կղերականներէն եւ գիւղացիներէն, որոնք իրենց մօրուքը չէին ածիլեր:

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

Յաջորդը

ԾՈՎԵՐԻ ԱՓԵՐԻՆ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒՐՈՒԱԳԻԾԸ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.