Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ» Մոսկուայի ժողովրդական տնտեսութեան ցուցահանդէսին մէջ Հայաստան իր մնայուն տաղաւարը ունի տարիներէ ի վեր: Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին ընդարձակելու համար հայկական տաղաւարը, որ նախկին երկու սրահներուն տեղ ինը սրահներ պիտի ունենայ, 1600 քառակուսի մեթր մակերեսով: Երկուքը պիտի պարփակեն եօթնամեակի առաջին երեք տարիներուն Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնները` արդիւնաբերութեան, գիտութեան, փոխադրութեան, արուեստի, առողջապահութեան եւ կրթական բնագաւառներու մէջ: Նորակառոյց սրահներէն...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՏԵՒԱԲԱՐ ՏԱՏԱՄՍՈ՞Ղ ԷՔ

Մեզմէ ո՞վ որոշ կացութիւններու դիմաց չի տատամսիր եւ դժուարութիւն չ՛ունենար որոշում տալու: Սակայն կան անձեր, որոնք մնայուն ձեւով այս վիճակին մէջ են եւ ամէնէն սովորական հարցերուն գծով իսկ որոշում տալ չեն գիտեր: Իսկ դո՞ւք, տեւական եւ հիւանդագին տատամսո՞ղ մըն էք, թէ՞... Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Առտու ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք ձեր հագուստները ա.- Պատահականօրէն բ.-...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՅՈՒՇԵՐ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ 1918, զինադադար: Հայ ժողովուրդը տուն կը դառնար: Ամպամած երկնքի մէկ ճեղքուածքէն դուրս ժայթքող արեւի լոյսին պէս, կեանքի յոյսեր կը ցոլային տարագիր հայութեան վրայ: Կազմակերպութիւնները կեանք առին: Դաշնակցութիւնը վերակազմուեցաւ Ատանայի մէջ: Վերակազմուեցաւ կ՛ըսեմ, անոր համար, որ 1915-էն առաջ, ըստ հիներուն, դաշնակցականներուն թիւը 70-ի կը հասնէր Ատանայի մէջ. որքան լաւ պիտի ըլլար, որ այդ հիներէն մէկը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 սեպտեմբեր 1961)

ՊԱՅԾԱՌ ԽԱՆՃԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Շաբաթ, 2 սեպտեմբեր, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքեց Պայծառ Խանճեան` քոյրը ողբացեալ Նշան Փալանճեանի: Տիկին Պայծառ, իր քրոջ` Հրանուշ Փալանճեանի հետ, շուրջ 12 տարի առաջ, մեծագումար նուիրատուութեամբ մը հնարաւոր դարձուցած էր գնումը Ճեմարանի ներկայ կալուածին, իր հանգուցեալ եղբօր` Նշան Փալանճեանի յիշատակը յաւերժացնելու համար: Ողբացեալ Պայծառ Խանճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր, կէսօրէ ետք, Պուրճ Համուտի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐԱՋԱԽՏ ԱՐՄԵՆԱԿ ԽԱՄՓԵՐԵԱՆՑ Հայ մարաջախտը ծնած է 1902-ին Մեծ Թաղլար գիւղը, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ շրջանին մէջ: 1914-ին հայրը զինք կը ղրկէ Պաքու: 1918 ապրիլին կը մտնէ Պաքուի առաջին կարմիր ջոկատին մէջ` ստանալով մարտական մկրտութիւնը Պոպովի հրամանատարութեան տակ: Նոյն տարուան մէջ ռազմանաւով կը մեկնի Աստրախան, բայց չհասած` նաւը կ՛ընկղմի մեքենաներու խանգարման պատճառով: Նաւազները կը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ Մխիթարեան միաբանութեան չորս յոբելեանները յիշատակելու համար կիրակի, սեպտեմբեր 3-ին, Վիեննայի մէջ սկսաւ շարքը շքեղ հանդիսութիւններու, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ սեպտեմբեր 10: Չորս յոբելեաններն են` միաբանութեան Վիեննա հաստատման 150-ամեակը, Հապոզեան արք. աբբահօր քահանայութեան յիսնամեակը, նոյն արքեպիսկոպոսին աբբահայրութեան երեսնամեակը եւ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 75-ամեակը: Այս հանդիսաւոր օրերը առիթ կը նկատենք` թարգմանն հանդիսանալու այն երախտագիտութեան, որ հայ ժողովուրդը, առանց խտրութեան,...

Ի՞ՆՉ Է ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ

Ա՜հ, «Ժոքոնտը» եւ «Վան Կոկի սենեակը Արլի մէջ»: Ի՜նչ գլուխ գործոցներ: Ներկայիս Վան Կոկ աշխարհի ամէնէն սուղ գեղանկարիչն է. անոր գործերը միջազգայնօրէն ճանչցուած են իբրեւ գլուխ-գործոցներ: Սակայն 19-րդ դարու վերջաւորութեան ամէն մարդ կ՛արհամարհէր անոր գործերը, եւ ան միայն մէկ գեղանկար կը ծախէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: * * * Հետեւաբար, ո՞վ իրաւունք ունի: Վան Կոկի ժամանակակիցնե՞րը, որոնք անոր սենեակը ահռելի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԱՍԸՐ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳԱՀԻՐԷ, 28 (ԱՖՓ).- Նախագահ Նասըր երէկ իրիկուն նախագահեց ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան եօթը փոխ նախագահները եւ իր կառավարութեան նախարարներն ու դեր-նախարարները` անոնց յայտնելու համար կեդրոնական նոր կառավարութեան նոր նպատակները: «Յեղափոխութեան նոր մարզին համար մեր երկու գլխաւոր նպատակներն են` միութիւնը եւ ընկերվարութիւնը,- յայտարարեց նախագահ Նասըր: - Այսուհետեւ պայքարը սկսած...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԱՌՕՐԵԱՅ ՀՈԳԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԼԱՍՏԻՆ ՎՐԱՅ Հրաշալի էր ծովը կիրակի առաւօտ: Պարուհի մը պիտի չկրնար տալ հոլանի լանջքին ու սրունքներուն նոյնքան թովիչ ծփանք, պիտի չունենար թեւերուն եւ ունկերուն նոյնքան շողափայլ օղ ու ապարանջան, եւ շրթներուն` հրաւէրի նոյնքան քաղցր մրմունջ: Այնքա՜ն  հեզասահ էին փոքրիկ ալիքները, այնքա՜ն լոյսով յորդուն եւ ճառագայթով պճնազարդ` անամպ երկինքին տակ անհունօրէն տարածուող ջուրերը կապոյտ: Դեռ ամառը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ Կեսարիայէն կը գրեն 14 օգոստոս թուականով.- Վերափոխման Ս. Աստուածածնայ տօնը այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ դարաւոր եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած էր հաւատացեալներու երկսեռ խուռն բազմութեամբ: Արարողութիւնները սկսան առաւօտեան ժամը 4:00-ին եւ վերջացան 11:00-ին, նախագահութեամբ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեանի, որ մատոյց օրուան տօնական պատարագը, քարոզեց եւ կատարեց խաղողի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ Վերջերս Արժանթինէն Պոլիս եկող արժանթինահայ ծանօթ ազգային մը` Կարապետ Կարապետեան, հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Արժանթինի հայ գաղութին մասին.- Արժանթինահայ գաղութը կազմուած է 1921-1926, շատ նախնական պայմաններու մէջ, սակայն անցնող 40 տարիներու ընթացքին նորանոր եկուորներով հետզհետէ աւելի բազմացած ու բարգաւաճած եւ ինքնաբաւ վիճակի մը հասած է: Կան մեծահարուստ վաճառականներ, ամէն ճիւղի մէջ. հիւսուածեղէնի, կաշիի, կօշիկի երկաթեղէնի...

Ի՞ՆՉ Է ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԸ

«Պանկ» այս զօրաւոր ձայնը կը հանէ պատերազմական օդանաւ մը, երբ ան կը կտրէ ձայնի պատը: Սակայն` ինչո՞ւ այս ձայնը: Եւ ինչո՞ւ մեր գլխուն վրայ չեն թափիր քարի կտորներ: Այս երեւոյթը բացատրելու համար պէտք է խօսիլ ձայնի արագութեան մասին: Օդին մէջ ձայնը մօտաւորապէս 340 մեթր կը կտրէ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին, այսինքն` ժամական 1224 քմ: *** Երբ օդանաւ մը ձայնէն նուազ արագ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ Պ. ՊԱԼԸԳՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ Սոֆիայի մէջ ի մահկանացուն կնքած է ընկեր Պետրոս Պալըգճեան: Ծնած էր Խաս գիւղ: Կանուխէն մտած է ՀՅԴ շարքերը: Պոլսոյ պարպումէն ետք, հաստատուած էր Պուլկարիա, ուր աշխատած է իբրեւ գրաշար «Արաքս» թերթին, ապա բացած էր փոքրիկ տպարան մը: 1944-ի աշնան, Պուլկարիոյ գրաւումէն ետք, Պալըգճեան եւս, ուրիշ դաշնակցականներու հետ, աքսորուած էր Սիպերիա: Տասը տարուան դատապարտութեան շրջանը աւարտելէ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՏԵՍԱՅ «ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔ»Ը Ի՞նչ աւելի ցանկալի բան կայ Հայաստան այցելողի մը համար, քան երթալ ուխտի` ամենանուիրական շիրիմներուն անո՛նց, որոնց վարդագոյն արիւնովն է, որ առաջին անգամ ներկուած է Հայաստանի հողը եւ այդ մարտիրոսական մահով պտղաբերուած է քրիստոնէական կեանքը նոյն այդ հողին վրայ: Սրբուհի Հռիփսիմէ, Սրբուհի Գայեանէ: Մէկ բառով` «Հռիփսիմէանք» «Անձինք նուիրեալք»...: Ներկայ Հայաստանի մէջ են անոնց վկայարանները: Վաղարշապատ-Էջմիածնի շրջապատին մէջ: Երբ...

ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. Ի՞ՆՉՊԷՍ ՓՈՐՁԵԼ ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երբ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու խանութ կ՛երթաք փորձանմուշները (էշանթիյոն) շատ գրաւիչ կը թուին, բայց վայրկեան մը մտածա՞ծ էք, թէ քանի հոգի ձեզմէ առաջ դպած է անոնց... Տարրալուծարանի գործիքներու պէտք չունիք հաստատելու համար, որ խանութներու մէջ ցուցադրուած գեղեցկագիտական փորձանմուշները լեցուն են վնասակար մանրէներով: Եթէ հնարաւորութիւնը ունենայիք տարրալուծարանի գործիքներով զննել վերոյիշեալ փորձանմուշները անոնց վրայ պիտի գտնէիք` Ահռելի քանակութեամբ փոշի` տրուած ըլլալով, որ անոնք բացօթեայ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՕԳՈՍՏՈՍ 1969)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԸՆԿ. ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ Մեր աշխատակից եւ «Ամէնուն տարեգիրք»երու հեղինակ ընկ. Կարօ Գէորգեան, որ մօտ հինգ ամիսէ ի վեր շրջապտոյտ մը կը կատարէր Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Եւրոպա, առջի իրիկուն օդի ճամբով վերադարձաւ Պէյրութ: Կ. Գէորգեան շուտով պիտի սկսի պատրաստութեանը «Ամէնուն տարեգիրք»ին, որ այս անգամ պիտի պարունակէ ընդարձակ բաժին` մը ամերիկահայ եւ քանատահայ գաղութներու մասին: ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԹՈՒՐՔ ԹԵՐԹ ՄԸ ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՆԵՐԲՈՂԸ ԿԸ ՀԻՒՍԷ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐԸ Պոլսոյ «Միլլիյէթ» թերթին մէջ Թիւրքէր Աճարօղլու կը գրէ.- Ամերիկացի ծանօթ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի հեռատեսիլի մէկ թատրերգութիւնը «Տէ» հրատարակչականին «Թատերական գիրքեր» շարքին մէջ հրատարակուեցաւ: Մեհմետ Ֆուատի կողմէ մեր լեզուին թարգմանուած այս թատրերգութեան նիւթը կ՛անցնի Քալիֆորնիոյ 909 բնակչութեամբ գեղեցիկ Ափ գաւառակին սափրիչի խանութին մէջ դէմ յանդիման եկած ինը հոգիի միջեւ:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ «ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ վերջերս բացումը կատարուած է մատենադարանի մը, որ կը կրէ կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Աղաճանեանի անունը: Մատենադարան-թանգարանի գաղափարն ու ձեռնարկը կը պատկանին դպրոցին մեծաւոր` Ներսէս Ծ. վրդ. Սէթեանի, որ իր մեծագոյն բարերարը գտած է յանձին կարտինալին: Մատենադարանը օժտուած է արդիական հնարաւորութիւններով ու պահարաններով եւ կրնայ մրցիլ Հռոմի առաջնակարգ մատենադարաններուն հետ: Գրադարանը 50 հազար...

Page 469 of 482 1 … 468 469 470 … 482