Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿԱԹԸ

August 6, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն օր դուն կաթ կը խմես: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ անիկա: Ճիշդ է, որ ան կաթնատունէ մը անցած է, սակայն ոչ մէկ գործարան կրնայ զայն շինել: Ասոր համար նախ պէտք կայ կովու մը եւ հորթուկի մը… նաեւ` քանի մը ուրիշ բաղադրութիւններու:

ՆԱԽ` ԿՈՎԸ…

Ահա թէ կովը ինչպէ՛ս «կը շինէ» իր կաթը:

1.- Մարսողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ստամոքսին մէջ: Կովուն կերած խոտը կը տարբաղադրուի պարզ տարրերու` ջուր, շաքարներ, իւղեր եւ քալսիոմ: Այս տարրերը արիւնին մէջ կ՛անցնին աղիքին ներքնապատերուն ընդմէջէն:

2.- Կթող ելեկտրական մեքենան կը բանի կաթը ծծող հորթուկին բերանին նման: Կովը, ինչպէս բոլոր էգ ստնաւորները, կաթ կ՛արտադրէ իր ձագերը կերակրելու համար:

ԱՊԱ` ԿԱԹՆԱՏՈՒՆԸ

Կաթնատան մէջ կաթ չեն շիներ, զայն կը փոխակերպեն եւ շիշերու մէջ կը լեցնեն:

1.- Կաթը կը հաւաքուի ագարակներէն անցնող սիթեռնով մը: Անիկա կը փոխադրէ հում կաթը` 4 աստիճան տաքութիւն մը պահելով, որպէսզի մանրէները չաճին:3.- Ապա կաթը կ՛ամբարուի մինչեւ 100 հազար լիթր պարունակելու կարողութիւն ունեցող շտեմարաններու մէջ:

 

2.- Կաթնատան մէջ կաթէն փոքր քանակներ կ՛ուսումնասիրուին անոր որակը ստուգելու համար: 3.- Ապա կաթը կ՛ամբարուի մինչեւ 100 հազար լիթր պարունակելու կարողութիւն ունեցող շտեմարաններու մէջ:
4.- Ապա կաթին սերը կը հանուի: Նախ կաթը մօտաւորապէս 50 աստիճանի կը տաքցուի եւ կը դրուի կլոր դարձող մեքենայի մը մէջ: Մեքենան շատ արագօրէն դառնալով` սերը կը բաժնէ կաթէն: 5.- Դարձեալ սեր կը դրուի... Իր իւղէն զրկուած այս կաթը դարձեալ կը խառնուի սերի որոշ քանակով մը: Այս ձեւով կը ստացուի սթանտարտ կաթ մը. այսինքն մենք գիտենք, թէ ան որքան իւղ կը պարունակէ: 6.- Լաւ կը խառնուի: Կաթը կը տաքցուի մինչեւ 65 աստիճան, ապա զայն կ՛անցընեն քամոցէ մը` իւղի գնդիկներուն մեծութիւնը նուազեցնելու համար: Այս ձեւով սերը մակերեսի վրայ չի բարձրանար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

7.- ա.- Կաթը շատ արագ կը տաքցուի: Կաթը կը տաքցուի 15 երկվայրկեան, 72 աստիճան տաքութեան վրայ եւ ապա կը ձգեն, որ պաղի: Այս «տաք-պաղը» կը փճացնէ մանրէները. ասիկա կը կոչուի փասթէօրիզասիոն: Այս փասթէօրիզէ կաթը պէտք է պաղ տեղ մը պահուի եւ սպառուի մինչեւ 7 օր:
7.- բ.- Կաթը շատ աւելի արագ կը տաքցուի: Կարելի է նաեւ կաթը տաքցնել 2 կամ 3 երկվայրկեան, 140-150 աստիճան տաքութեամբ: Ապա կը պաղեցնեն: Ասիկա UHT սթերելիզասիոնն է (UHT, ուլթրա հոթ թամփերաթիւր, շատ բարձր ջերմաստիճան): Այս սթերելիզէ կաթը պէտք է պահուի 15 աստիճանէն նուազ տաք տեղ մը եւ կրնայ գործածուիլ մինչեւ 5 ամիս, եթէ անոր կափարիչը չէ բացուած: 8.- Վերջին հանգրուան` դէպի խանութներ ուղղուելէ առաջ փասթէօրիզէ կաթը կը դրուի շիշերու մէջ, իսկ UHT կաթը խաւաքարտէ տուփերու մէջ` առանց օդի ներկայութեան, որպէսզի մանրէներ չաճին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

Կովը օրական 60-80 քիլօ խոտ կ՛ուտէ եւ 80-100 լիթր ջուր կը խմէ: Այս ձեւով ան օրական կ՛արտադրէ 20 լիթր կաթ: Այսինքն` տարեկան 5-6 հազար լիթր կաթ:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ԽՈՐՈՒՆԿ ՓՈՍ ՄԸ

Մեծահարուստի մը շքեղ, քառակուսի տունը շրջապատուած է 4 մեթր լայնք ունեցող եւ ջուրով լեցուած փոսով մը:

Գողեր կրցած են մտնել տուն` փոսին վրայէն անցնելով: Տեղւոյն վրայ անոնք ձգած են 3,95 մեթր երկար երկու փայտի կտորներ:

Անոնք ինչպէ՞ս կրցած են անցնիլ փոսին վրայէն:

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԳ ՄԸ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ
ԿԸ ՊԱՀԵՆՔ ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Որովհետեւ պաղը կը չէզոքացնէ անոնց պարունակած մանրէները:

Օդին մէջ գտնուող մանրէներուն հետ կապի մէջ մտնելով` կարգ մը ուտելիքներ կը տարբաղադրուին, որովհետեւ անոնց պարունակած մանրէները շատ շուտ կ՛աճին:

Այսպէս, ուրեմն, պաղը կը դանդաղեցնէ այդ մանրէներուն աճն ու գործունէութիւնը: Սառնարանին մէջ ջերմաստիճանը 0 – 4-ի միջեւ կ՛ըլլայ, շատ զգայուն ուտելիքներուն համար, ինչպէս` միսը. մինչեւ 8 կը բարձրանայ բանջարեղէններուն եւ կաթնեղէններուն պարագային, որովհետեւ անոնք աւելի դիմացկուն են:

Այս ձեւով չվնասուած ուտելիքները կրնան պահուիլ  աւելի երկար ժամանակ:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ԿԱՆԱՉ
ՁԻԹԱՊՏՈՒՂՆԵՐ ԵՒ ՍԵՒ ՁԻԹԱՊՏՈՒՂՆԵՐ

Ձիթապտուղը ընդհանրապէս քիչ մը երկարի վրայ եւ կորիզ ունեցող պտուղ մըն է: Կարելի է զայն քաղել կանաչ, հասուննալէն առաջ, սակայն անոր համը քիչ մը լեղի կ՛ըլլայ, կամ` սեւ, երբ անիկա կը հասուննայ:

Կանաչ ձիթապտուղին լեղի համը մեղմացնելու համար զայն կը թաթխեն օշնանէ հանուած աղի խառնուրդի մը մէջ, եւ ապա կը լուան եւ կը պահեն աղի ջուրի եւ հոտաւէտ խոտերու խառնուրդի մը մէջ: Սեւ ձիթապտուղները ուղղակիօրէն կը դրուին եռացուած այս խառնուրդին մէջ, ապա կ՛աղուին եւ կը պահուին ձէթի մէջ:

 

ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՅ ՍԵՂԱՆԻ ԱՂԸ

Ճաշերուն մէջ մեր գործածած աղը կու գայ ծովէն: Գոյութիւն ունին երկու տեսակներ, մեծ աղը եւ բարակ աղը: Ծովուն ջուրը ջրանցքներու միջոցով կը հասցուի դէպի ծովափնեայ աղաւազանները: Այս մեծ, ոչ շատ խորունկ աւազաններուն մէջ ջուրը կը շոգիանայ արեւուն եւ հովին ազդեցութեան տակ, յատակին կը մնայ աղը: Այս աղը «կը հնձուի» ամէն ամսուան վերջաւորութեան:

Սակայն կարելի է նաեւ աղը հանել հողի ընդերքէն: Այս աղը եկած է այդ շրջաններուն մէջ միլիոնաւոր տարիներ առաջ գտնուող ծանծաղ լճակներէն:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

– Շուն մը կրնայ դէմքի մօտաւորապէս 100 արտայայտութիւններ ունենալ:

– Վագերաձիին մորթը սեւ է, անոր գիծերը ճերմակ են:

– Երկրագունդին ձեւը թեթեւօրէն տանձի ձեւի կը նմանի:

– 10 տարեկան մանուկ մը միջին հաշուով մօտաւորապէս 20 վայրկեանէն կը քնանայ:

– Էվերեսթը ամէն տարի մօտաւորապէս 3 մմ. կը բարձրանայ:

– Մէկ միլիոն երկվայրկեանը հաւասար է` 11 օր, 13 ժամ, 46 վայրկեան եւ 40 երկվայրկեանի:

– Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի շատ պատկերասփիւռներ կան, քան բնակիչներ` Անգլիոյ մէջ:

– Կրիաները երկրագունդի վրայ կ՛ապրէին հոյամողէսներէն առաջ:

– Սովոյի Մարկարիթա թագուհին կատարած է փիծծայի առաքման առաջին ապսպրանքը, 1889 թուականին:

– Ծովաստղերը ուղեղ չունին:

– Անջրպետին մէջ ձայն գոյութիւն չունի:

– Ֆինլանտայի մէջ զոյգեր կրնան ամուսնանալ ձիւնէ շինուած մատուռի մը մէջ:

– Կարգ մը հաւեր կանաչ կամ կապոյտ հաւկիթներ կ՛ածեն:

– Մենք ամէն օր մօտաւորապէս 25 հազար անգամ շունչ կ՛առնենք:

– Կաթնտու կով մը իր կեանքին ընթացքին կրնայ մօտաւորապէս 100,000 գաւաթ կաթ տալ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու հեռադիտակները:

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել զանգակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել 3 ընկերներուն դիմանկարները` իւրաքանչիւր նկարին չորս բաժինները գտնելով:
Կրնա՞ս զետեղել 1 - 9 թիւերը այս տախտակին մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւր ուղղահայեաց, հորիզոնական եւ շեղակի շարքերուն վրայի թիւերուն գումարը 15-ի հաւասար ըլլայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԷՋԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

ԽՈՐՈՒՆԿ ՓՈՍ ՄԸ

 

Փայտի երկու կտորները T-ի նման դնելով: Առաջին փայտի կտորը դրուած է փոսին ուղիղ անկիւնին վրայ, իսկ երկրորդը` առաջին փայտէն մինչեւ դիմացի ափը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

Յաջորդը

ԷԴՈՒԱՐԴ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ԱՆԱՒԱՐՏ ԷԱՄԱՐՏԸ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.