Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԲԺԻՇԿԻՆ ՍԻՒՆԱԿԸ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն շատեր արձակուրդի կ՛երթան: Անոնցմէ ոմանք իրենց առօրեայ կենցաղէն աւելի վատթար օրեր կ՛անցընեն եւ օգտուելու տեղ կը վնասուին: Յաճախ ըսած եմ, կրկնեմ, թէ արձակուրդի գացողը բարելաւելու է իր ապրելակերպը մէկ կամ երկու շաբթուան դադարի ատեն: Հակառակ պարագային` այդպիսիները կը վերադառնան տուն եւ բժշկական խնամքի կը յանձնուին, որովհետեւ ունին արեւախանձ մորթ, արեւահարութենէ` գլխացաւ, ճպոտած...

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ. 10 ՍԽԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

«Ջուրը կը նիհարցնէ», «հացը կը գիրցնէ», «անանասը կը նիհարցնէ,» նման հաստատումներու եւ սխալ կարծիքներու շարքը երկար է: Եկէք` ծանօթանանք քանի մը հատին եւ վերստուգենք մեր գիտելիքները, ինչ կը վերաբերի նիհարնալու սննդականոնին: 1 «Ջուր խմելը կը նիհարցնէ»: Անշուշտ, որ մարդ ջուր խմելով չի նիհարնար, սակայն ջուր խմելը չափազանց կարեւոր է նիհարցնող սննդականոններուն ընթացքին, նախ` քանի որ ջուրը ջերմուժ չի պարունակեր, երկրորդ`...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ «ՍՊԻՏԱԿ ՋԱՐԴ»Ի ՎՏԱՆԳԸ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ Թեհրանի ազգային դպրոցներու նոր հոգաբարձութիւնները գործի սկսած են նախապատրաստելու համար նոր ուսումնական տարեշրջանը: Այս առիթով, Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը յիշեցնէ հետեւեալ կէտերը, զորս նկատի պէտք է ունենան հոգաբարձութիւնները. 1.- Հայապահպանում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային մթնոլորտի ստեղծում` հայոց դպրոցներու մէջ, «դիմագրաւելու համար Սպիտակ ջարդի վտանգը, որ չոքել է նաեւ մեր գաղութի դրանը եւ հետզհետէ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ 10,000 ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ երկու շաբաթէ ի վեր Պոլիս կը գտնուէր, մեկնած է իր պաշտօնատեղին: Տէր հայրը մասնակցած է Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայութեան թիւին եւ կացութեան մասին Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան պատրաստած է մանրամասն տեղեկագիր մը եւ ներկայացուցած` Վազգէն կաթողիկոսին: Յիշեալ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԷՆ Օր մը, երբ ֆրանսացի նշանաւոր փիլիսոփայ Ռընէ Տեքարթ կը ճաշէր ճաշարանին մէջ, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. - Փիլիսոփանե՞րն ալ համեղ ուտելիքներ կը սիրեն: - Դուք կը կարծէք, թէ բնութիւնը համեղ բաները միայն յիմարներուն համա՞ր ստեղծած է: Ողբերգութիւն մը տուած էին Վոլթերի, որպէսզի կարդայ եւ իր կարծիքը յայտնէ: Վոլթեր կարդաց ձեռագիրը եւ ըսաւ. - Այսպիսի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՍԱՍՈՒՆԻ ԲԵՐԴԻՆ ՍԱՆԴ-ՔԱՐԸ Այն տարին տխրութեան ժանգը զարկաւ հողին ու քարին, ծիլին ու ծաղկին, ծառին ու թուփին: Ու գաղպին վար չինկաւ երկինքէն: Լեռներն ու ձորերը, դաշտերն ու հովիտները չզարդարուեցան ծաղիկով եւ կանաչութեամբ, անոնց վրայ չկաթեցաւ ցողն ու օրհնութիւնը բարեհաճ բնութեան: Այն տարին այգիները իրենց երգը չունեցան, եւ անտառները` երազ: Պարտէզները սգաւորուեցան, կորեկի արտերը եղան եղերամայր ու մեռելտէր: Հնձանները կարկամեցան:...

ՈՒՐԱԽ ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՆ

Շրջանի մը մէջ, ուր երկար ատեն տիրապետած են պատերազմը եւ աղքատութիւնը, Քոսթա Ռիքան տարօրինակ երկիր մը կը համարուի: Այս պզտիկ երկիրը ցրուած է իր բանակը` զինուորական ծախսերը կրթութեան յատկացնելու համար: 1 դեկտեմբեր 1948-ին Քոսթա Ռիքա պաշտօնապէս լուծարքի կ՛ենթարկէ իր բանակը: Ասիկա զարմանալի որոշում մըն է Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, ուր պատերազմներ տեղի կ՛ունենան կանոնաւոր կերպով: Ինչո՞ւ այս որոշումը: Առաջին հերթին, որպէսզի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏ Մոսկուայի ձայնասփիւռի կայանը, մէկ քանի օր առաջ, փոքրիկներու համար սկսած է նոր հեռարձակումի մը, ուր անոնց կը նկարագրէ աշխարհի զանազան երկիրները եւ այդ երկիրներու տեսարժան վայրերը: Ահա թէ փոքրիկներուն ինչպէս ներկայացուցած է Լոնտոնի Պիկ-Պէն հսկայ ժամացոյցը, որ նշանաւոր է ամբողջ աշխարհի մէջ.- «Ամէն առտու, անգլիացիք իրենց ժամացոյցները կը լարեն այս մեծ ժամացոյցին վրայ: Բայց, Պիկ-Պէնի զարկերը բոլորին...

ՀԱԿԱՌԱԿ ԶԻՆՔ ԲՌՆԱՏԷՐ ՈՐԱԿԵԼՈՒՆ ՊԼԵԹԸՐ ՉՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄԻ

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր, հակառակ անոր որ բռնատէր որակուեցաւ ֆութպոլէն ցմահ կախակայուած Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամէն, սակայն մերժեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել իր դէմ ուղղուած այդ ամբաստանութեան առնչութեամբ: 75 տարեկան զուիցերիացի Պլեթըր չպատասխանեց նաեւ գերմանացի Քարլ-Հայնց Ռումընիկէի, որ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ ոչ ոք կը հաւատայ Պլեթըրի, երբ ան կ՛ըսէ, որ ֆութպոլը «պիտի մաքրէ»...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ՄՈՍԿՈՒԱ ՌԱԶՄԱՇՈՒՆՉ ՈՐԱԿԵՑ ՔԵՆԵՏԻԻ ՃԱՌԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ԳՈՀ ԵՒ ՀԱՄԱՄԻՏ ՄՈՍԿՈՒԱ, 26 (ԱՖՓ).- «Նախագահ Քենետի արտասանեց ռազմաշունչ ճառ մը, որուն ընթացքին պարզեց զինուորական պատրաստութիւններու ընդարձակ ծրագիր մը եւ կոչ ըրաւ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցներուն, որպէսզի զօրացնեն իրենց ռազմական միջոցները»: ԹԱՍՍ գործակալութիւնը ճիշդ այս բառերով մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ճառը: ԹԱՍՍ ապա թուեց նախագահ Քենետիի նախատեսած զինուորական միջոցառումները, եւ յիշեց անոր նախադասութիւնը...

«ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԻՆ ԿԱՄՔԸ ԶՕՐԱՒՈՐ է ԵՒ ԱՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ ՉԻ՛ ԳԻՏԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն Պատրիկ Կիւլպէնկեան, երբ 1949-ին Իրանէն փոխադրուած է Պէյրութ, առաջին անգամ այցելած է ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբը, ուր անոր մօրեղբայրը պատասխանատու եղած է ՀՄԸՄ Պէյրութի հեծելարշաւի խումբին: Ընկերանալով իր մօրեղբօր` Պ. Կիւլպէնկեան մնայուն կերպով կ՛այցելէր ակումբ. այսպէս, ան շուրջ երեք տարի մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբին: «Այդ շրջանին էր, որ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը բարգաւաճ վիճակ մը...

ՏՕՆԵՐ-ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱՐԴԱՎԱՌ

Վարդավառը շարժական տօն է. անիկա կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք եւ կրնայ իյնալ յունիս 28-էն օգոստոս 1-ի միջեւ: Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ Վարդավառը կը նշուէր յուլիս 22-ի յաջորդող կիրակին: Հայոց մէջ Վարդավառը ուխտագնացութիւններու տօն էր, ամէնէն աւելի սիրուած ուխտատեղը Մշոյ Ս. Կարապետի վանքն էր: Վարդավառը կը զուգադիպէր դաշտերուն մէջ հասունցած հացահատիկներու հաւաքին: Տօնին գրեթէ ամէնուր հասկեր կը տանէին եկեղեցի`...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՅՈՒԼԻՍ 2011)

ՏԵՍԱՅ ԵՐԵՒԱՆԸ (ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ) Այս տարի բախտը ունեցայ երթալու, տեսնելու մեր ներկայ եւ արդիական Հայաստանը: Իսկապէս բախտ մըն էր այդ, բախտ մը` գուցէ քիչերուն վիճակուած: Նախապէս միտք չունէի գրել տպաւորութիւններս այդ առթիւ, բայց հայրենակարօտ մէկ բարեկամիս (Ֆրանսա) հետեւեալ տողերը ստիպեցին զիս գոնէ մասամբ գրի առել այն, ինչ որ տեսայ եւ ապրեցայ: Բարեկամս, որուն երկտողով մը իմացուցած էի Հայաստանէն վերադարձս, կը...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Իսկուհի Յակոբեանի մահուան առիթով (մահացած` Միացեալ Նահանգներ)` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Գոճայեան 25$ Յարութիւն Լափաճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Գոճայեան 25$

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ՔԵՆԵՏԻԻ ՃԱՌԷՆ «ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԵՐԼԻՆԷՆ ՊԻՏԻ ՉՍԿՍԻ, ԱՅԼ` ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ» «ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՆՔ, ՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐՆԵՐԸ ՄԵԶ ՎՏԱՐԵՆ ՊԵՐԼԻՆԷՆ» Նախագահ Քենետի երեքշաբթի իրիկուն արտասանեց կարեւոր ճառ մը, որուն գլխաւոր 12 կէտերը տուած էինք երրորդ էջի վրայ: Ստորեւ կու տանք յատկանշական հատուածներ. «Չենք կրնար թոյլ տալ համայնավարներուն եւ թոյլ պիտի չտանք, որ մեզ արտաքսեն Պերլինէն` ըլլայ աստիճանաբար, ըլլա՛յ բռնի ուժով: Արեւմտեան Գերմանիոյ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ Վիեննայէն 22 յուլիս թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա»ին.- Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Վազգէն Ա. երէկ Աւստրիոյ վարչապետին այցելեց եւ ունեցաւ սիրալիր տեսակցութիւն մը անոր հետ: Վարչապետի հետ այս տեսակցութենէն յետոյ վեհափառը իր հետեւորդներով եւ վիեննահայ գաղութի վարչութեան անդամներու հետ այցելեց մօտակայ բլուր մը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ մը, յետոյ վեհափառ հայրապետը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՐԿԷՍԸ ՀԱՅ ՄԸ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀՍԿԱՅ ՕՁԵՐՈՒ ԵՒ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Հանդիսավարի լոյսերուն տակ, ներկայ հետաքրքիր հասարակութիւնը մեծ յուզումով կը հետեւի հայկական կրկէսի (Երեւան) անդամներէն մարդու մը զարմանահրաշ խաղերուն, տրուած ըլլալով, որ ան կենաց մահու պայքար մըն է, որ կը մղէ իր այս ցուցադրութեան ընթացքին, հսկայական սողուններու` մեծ պետոններու հետ կռուելով, իր ահեղ ուժին շնորհիւ: Այս սարսափազդու պայքարին մեծ յուզումով...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» գիրքի վաճառքին հասոյթը` 400$

ԴԱՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոպայի հիւսիսը գտնուող այս փոքրիկ թագաւորութիւնը կանոնաւոր կերպով կը գրաւէ աշխարհի երջանկութեան ցանկին առաջին դիրքը: Դանիացիներուն երջանկութեան գաղտնիքը կը գտնուի ապագայի նկատմամբ իրենց ունեցած վստահութեան եւ համեստութեան մէջ: Դանիոյ մէջ մարդիկ չեն տրտնջար, գանգատիլը լաւ բան մը չի սեպուիր: Դանիան հիկկի երկիրն է, հանդարտ, հանգստաւէտութեան երկիրը: Այս 5,5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող պզտիկ թագաւորութեան մէջ մեծ վստահութիւն կը տիրէ, յատկապէս այն...

Page 471 of 482 1 … 470 471 472 … 482