Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

August 19, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՊԵԼՃԻՔԱՅԷՆ

«Մասիս»ի Ամերիկայի «Կռունկ»էն քաղած տեղեկութեանց համաձայն, Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Նալպանտեան վարդապետին ատենօք մատուցած աղերսագիրը, միաժամանակ Ուաշինկթընի արտաքին գործոց նախարարին պատասխանը, ուղղուած էին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարմինի նախագահ Էլեոնորա Ռուզվելթին: Այդ գրութիւններով որոշ առանձնաշնորհութիւններ կը խնդրուէր Եւրոպա գաղթող հայերուն համար, այս է, անցագրի եւ մանաւանդ ինքնութեան թուղթին դիւրութիւն պարգեւելու համար, որոնք կ՛իյնային իր իրաւասութեան սահմանին մէջ: Եւ արդ, Է. Ռուզվելթին խոստման համաձայն, զոր նամակով մը արդէն յայտնած էր վարդապետին, վերջերս Պելճիքայի հայերը ինքնութեան թուղթին երկու տարուան համար կը վճարեն միայն տասը ֆրանք, մինչդեռ առաջ կը վճարէին 400 ֆրանք:

* * *

Վարդապետը գրած է Ճորճ Մարտիկեանին, որպէսզի Սթեվենսոնի եւ Է. Ռուզվելթի միջամտութեամբ զարտուղութիւն մը շնորհուի չափաբաժին մը հաստատել տալու համար այն հայերուն, որոնք կը փափաքին Ամերիկա ընդունուիլ, պայմանաւ որ թէպէտ Թուրքիա ծնած են, բայց Ամերիկա ազգական ունին, որոնք այդ հայերուն խնամքն ու պատասխանատուութիւնը յանձն կ՛առնեն, եւ եկողները բեռ չեն ըլլար կառավարութեան:

* * *

Ի Պրիւքսէլ «Քարիթա քաթոլիքա» անունով բարեսիրական հաստատութիւն մը կայ, որուն մասնաճիւղը գաղթականներու կայան մըն է, ուր կը պատրաստուին քրիստոնեայ աքսորեալներ: Հոս հայեր ալ կան, գոհ ու հանգիստ են ամէն կերպով: Վերջերս Մինասեան իր կնոջ հետ աքսորուած էր Չինաստանէն եւ ընդունուած էր Յունաստանի գաղթականներու կայանը, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չկարենալով մնալ հոն եւ իմանալով, թէ իր ազգականը Պրիւքսէլի կայանը պատսպարուած է եւ շատ գոհ է, Նալպանտեան վարդապետին կը դիմեն, որ պէտք եղած անձնաւորութեանց գրելով` Մինասեան ընտանիքը Պրիւքսէլի կայանը ընդունիլ կու տայ:

 

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳՐՈՒԱԾ
ԳԻՐՔԵՐԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԵՆ

Ամսոյս 15-ին Մոսկուայի «Սոքոլնիքի փարք»ին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուած է ֆրանսական ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբեր 15: Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ ելեւմուտքի նախարարին, հասած է Մոսկուա: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Փոլ Ռենօ, Մորիս Շուման, Պենիտեթի եւ այլն:

Խորհրդային իշխանութիւնները «խնդրած» են ֆրանսացիներէն, որ քաշեն կարգ մը գիրքեր, գրադարանի եւ գրատան բաժինէն: Ասոնց կարգին, կը գրէ «Լը Ֆիկառօ», Անտրէ Մալրոյի «Խոստովանութիւնները» եւ «Մարդկային վիճակը», Սարթրի «Տրամաբանական իմաստութեան քննադատութիւնը», «Արեւմտեան գրականութեան պատմութիւն»ի Բ. հատորը, Ալպեր Քամիւի «Ըմբոստ մարդը», Պեռնանոսի «Հոգիներու խաչին ճամբան» եւ գիրքեր… Հայաստանի մասին:

Շահեկան էր գիտնալ, թէ ֆրանսացիները ի՞նչ գիրք տարած էին Մոսկուա, Հայաստանի մասին, որ խորհրդային իշխանութիւնները մերժած էին: Պատասխանը կու տան այն թերթերը, որոնք աւելի մանրամասնութիւններ տուած են այս մասին եւ կը ճշդեն, թէ մերժուած է: «Ի՞նչ գիտեմ» շարքէն, Ժան-Փիեռ Ալեմի «Հայաստան»ը:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 910 18/08/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԾՈՒԽ ԵՒ ՀԱՅԵԼԻՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.