Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 սեպտեմբեր 1961)

September 7, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՅԾԱՌ ԽԱՆՃԵԱՆԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 2 սեպտեմբեր, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքեց Պայծառ Խանճեան` քոյրը ողբացեալ Նշան Փալանճեանի: Տիկին Պայծառ, իր քրոջ` Հրանուշ Փալանճեանի հետ, շուրջ 12 տարի առաջ, մեծագումար նուիրատուութեամբ մը հնարաւոր դարձուցած էր գնումը Ճեմարանի ներկայ կալուածին, իր հանգուցեալ եղբօր` Նշան Փալանճեանի յիշատակը յաւերժացնելու համար:

Ողբացեալ Պայծառ Խանճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր, կէսօրէ ետք, Պուրճ Համուտի Ազգ. գերեզմանատան մատրան մէջ: Թաղմանական կարգին կը նախագահէր Խոսրով վարդապետ` իր շուրջ ունենալով Ս. Նշան եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին, ազգականներէն զատ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսք առաւ տոքթ. Ա. Գապաքեան, որ շեշտեց, թէ անմահութեան տենչանքը բնական զգացում մը եղած է մարդուն մէջ եւ այդ զգացումը` զանազան արտայայտութիւններ գտած, ինչպէս` մեծազանգուած բուրգերու յիշատակարանը, փառաւոր դամբարաններ եւ այլն: Սակաւաթիւ հոգիներ միայն գիտցած են, ըսաւ ան, անմահանալու ձգտումը ազնուագոյն արարքով մը իրագործել` բարձր նպատակի մը նուիրաբերելով այն, ինչ որ նիւթեղէն արժէք կը ներկայացնէ: Այս վերջին շարքին կը պատկանին Փալանճեան քոյրերը, որոնցմէ մէկը հողին կը յանձնենք այսօր: Հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին գործին մէջ, Փալանճեան քոյրերուն ձեռնարկը պիտի մնայ պատմական երեւոյթ մը:

Ապա տոքթ. Ա. Գապաքեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն կողմէ խոր ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ամուսնոյն` Գրիգոր Խանճեանին քրոջ` Հերանուշին եւ բոլոր պարագաներուն:

Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անունով Մ. Իշխան խօսեցաւ հետեւեալ դամբանականը.

«Հաւաքուած ենք հողին յանձնելու համար դագաղ մը, ուր կը հանգչի ցաւատանջ մարմինը համեստ, անշուք, գրեթէ անծանօթ հայ կնոջ մը` Պայծառ Խանճեան:

Սակայն մեզմէ անդարձ` բաժնուող այս պատուական հայուհին` քոյրը վաղամեռ Նշան Փալանճեանի, այն բացառիկ հոգիներէն մէկը հանդիսացաւ, որոնք իրենց կենդանութեան անմահ գործ մը գիտցան իրագործել եւ կտակել գալիք սերունդներուն:

Կոթողական այն գործը, որուն կը կապուի Փալանճեան երկու քոյրերուն անունը Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին ներկայ կալուածն է: Առանց այս քոյրերու զոհաբերող ոգինն եւ իշխանական նուիրատուութեան` Ճեմարանը ի վիճակի չըլլար հասնելու այն բարգաւաճ վերելքին, ուր կը գտնուի այսօր:

Փալանճեան քոյրեր… աղմուկէ, ցոյցերէ եւ փառքէ խուսափող ազնիւ հոգիներ, որոնք իրենց եղբօր կորուստին սուգը փոխակերպեցին ազգային տօնախմբութեան` ազգին հետ կիսելով այն, ինչ որ ժառանգ կ՛իյնար իրենց` թանկագին հարազատի մը տարիներու ճիգէն ու վաստակէն: Կրնային, շատերու պէս, մտածել միայն իրենց անձերուն մասին եւ ապրիլ ժառանգորդի դիւրասահ կեանք մը կրնային գոհանալ իրենց եղբօր յիշատակին ընծայուած պտղունց մը խունկով եւ քանի մը մոմով: Պայծառ եւ Հերանուշ քոյրերը այդպէս չխորհեցան, այդպէս չըրին, այլ անոնք ուզեցին ամէն բանէ առաջ հաւատարիմ մնալ իրենց եղբօր նկարագրին մէջ շեշտուած հայրենասէրի եւ նուիրաբերող ազգայինի զօրաւոր գիծին, ապա նաեւ` իրական անմահութեամբ պսակել անոր քաղցր յիշատակը:

Եւ ահա այս բարձր զգացումէն ու գեղեցիկ մտածումէն ծնունդ առաւ Ճեմարանը սեփական շէնքով օժտելու ծրագիրը:

Շնորհիւ Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան է, որ այսօր բազմահարիւր հայ մանչեր եւ աղջիկներ կ՛ուսանին օդասուն շէնքերու մէջ` շրջապատուած դալարագեղ պարտէզներով: Վարձատրուած է, սակայն, տարաբախտ Նշանի հայրենակարօտ հոգին: Այդ շէնքերու ճակտին կը փայլի իր անունը եւ այդ շէնքերու գլխաւոր մուտքին առջեւ կը կանգնի իր կիսանդրին:

Կ՞այ աւելի մեծ փառք ու պատիւ, քան` կրթական հայ օճախ մը մկրտուած տեսնել իր անունով: Կա՞յ աւելի իրական մխիթարութիւն, քան` յետմահու հոգեկան աչքերով հետեւիլ հայ մշակոյթի լոյսով յափշտակուած նոր սերունդի եռուզեռին:

Այդ փառքին եւ մխիթարութեան մասնակից են Նշան Փալանճեանի զոյգ քոյրերը, որոնցմէ մին` Պայծառ Խանճեան անդարձ կը բաժնուի մեզմէ` երթալ միանալու համար իր սիրելի եղբօր:

Համեստ այս հայուհիին որդեգրած ընթացքն ու կատարած գործը, արժանի համազգային մեծարանքի, թող կեանքի ղեկավար սկզբունք եւ օրինակ դառնան մեր բոլոր ազգակիցներուն համար, մանաւանդ անոնց, որոնք նիւթեղէն հարստութիւնները հոգեկան արժէքի վերածելու հնարաւորութիւնը ունին:

Այս տխուր առթիւ, յանուն Նշան Փալանճեան ճեմարանի մեծ ընտանիքին, անոր երկսեռ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, երախտագիտական խոր զգացումներով կու գամ խոնարհիլ տիկին Պայծառի դագաղին առջեւ եւ բաժնել սուգը անոր պարագաներուն:

Մահը, իր խլած զոհերով չի կրնար քայքայել Փալանճեան գերդաստանը, որ այսուհետեւ բազմանդամ, մշտանորոգ եւ կենսալից հաւաքականութիւն մըն է Ճեմարանի յարկին տակ, հայ ոգիի պաշտամունքը ունեցող եւ յաւերժական հայ արժէքներու վրայ գուրգուրացող մեծ գերդաստան մը:

Ողբացեալ տիկին Պայծառի յիշատակը, իր եղբօր յիշատակին հետ միասին, անմահ պիտի մնայ միշտ այդ յարկին ներքեւ»:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (7 սեպտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.