Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 3, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԱՍԸՐ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

ԳԱՀԻՐԷ, 28 (ԱՖՓ).– Նախագահ Նասըր երէկ իրիկուն նախագահեց ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան եօթը փոխ նախագահները եւ իր կառավարութեան նախարարներն ու դեր-նախարարները` անոնց յայտնելու համար կեդրոնական նոր կառավարութեան նոր նպատակները:

«Յեղափոխութեան նոր մարզին համար մեր երկու գլխաւոր նպատակներն են` միութիւնը եւ ընկերվարութիւնը,- յայտարարեց նախագահ Նասըր: – Այսուհետեւ պայքարը սկսած է շրջանային մտայնութեան վերջ տալու համար: Նախարարական պաշտօններու եւ պետական զանազան պատասխանատուութիւններու բաշխումը այլեւս տեղի պիտի չունենայ ազգային ծագման չափանիշներով: Կեդրոնական կառավարութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի փոխադրէ Դամասկոս` փետրուարէն մայիս, իսկ տարուան մնացեալ մասը անոր կեդրոնը պիտի ըլլայ Գահիրէ կամ Աղեքսանդրիա: Որոշ է, թէ նախարարները պիտի տեղափոխուին եգիպտական եւ սուրիական նահանգներուն մէջ, ամէն անգամ որ անհրաժեշտ ըլլայ»:

Ընկերվարութեան յաղթանակին համար նախագահ Նասըր հետեւեալ հրահանգները տուաւ իր նախարարներուն.

– Ի՛նչ որ ալ ըլլան պայմանները, նախարարները պէտք է շատ խիստ ըլլան` ընկերվարական միջոցներու կիրարկումին մէջ:

– Ծրագիրներու մշակման տեսակէտէն, պիտի կիրարկուի խիստ  կեդրոնացման դրութիւնը, բայց այդ որոշումներու գործադրութեան պաշտօն ունեցող անձերուն պիտի տրուի լայն ինքնավարութիւն մը:

– Տեղական վարչութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, պիտի ամրապնդուի:

ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՎԵՆԵՏԻԿԻ
ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին այս տարի կը մասնակցին 9 երկիրներ` 14 ժապաւէններով:

ԻՏԱԼԻԱ.- «Օրկոսոլոյի աւազակները» (Վիթթորիօ տէ Սիքա), «Աւազակը» (Ռենաթօ Քասթելլանի), «Վերջին դատաստանը» (Վիթթորիօ տէ Սիքա) եւ «Վանինա Վանինի» (Ռոպերթօ Ռոսելինի):

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ.- «Արեւուն կամուրջները» (Էթիէն Փերիէ) եւ «Ամառ եւ ծուխ» (Փիթըր Կլենվիլ):

ՖՐԱՆՍԱ.- «Անցեալ տարի, Մարիընպատ» (Ալեն Ռենէ) եւ «Ոսկի աչքերով աղջիկը» (Կապրիէլ Ալպիքօքօ):

ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ.- «Տիմա Կորենի ասպարէզը»:

ՉԵԽՈՍԼՈՎԱՔԻԱ.- «Այն օրը, երբ ծառը կը ծաղկի» (Վացլաւ Քրսքա):

ԼԵՀԱՍՏԱՆ.- «Սամսոն»:

ԵՈՒԿՈՍԼԱՒԻԱ.- «Պիտի չսպաննես» (Քլոտ Օթան-Լարա):

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ.- «Զոհ» (Պազիլ Տիրտըն):

ՃԱՓՈՆ.- «Եոյ իմպօ»:

Ինչպէս բոլոր փառատօնները, այս ալ բաւական աղմուկ հանած է: Ֆրանսա դժգոհ էր, որ իր ներկայացուցած ցուցակէն դուրս ժապաւէն մը նշանակուած է («Ոսկի աչքերով աղջիկը») եւ սպառնացած էր չմասնակցիլ, բայց որոշ գոհացում ստացաւ ի վերջոյ, երբ որոշուեցաւ փառատօնէն դուրս երկու ֆրանսական ժապաւէններ ներկայացնել. «Լէոն Մորեն քահանայ» եւ «Բռնութեան համը»:

Վշտացած է Արեւմտեան Գերմանիան, որմէ ոչ մէկ ժապաւէն ընտրուած է. վիճաբանութեան նիւթ դարձած է «Պիտի չսպաննես» ժապաւէնը, որ եուկոսլաւ դրօշակի տակ կը ներկայանայ, բայց պատրաստուած է ֆրանսացի բեմադիրի մը կողմէ եւ զուիցերիական ընկերութիւն մըն է զայն արտադրողը: Ճափոն դժգոհ է, որ միայն մէկ ժապաւէնով ներկայ է, Արժանթին կը ցաւի, որ ոչ մէկ ժապաւէն կը ներկայացնէ Լատին Ամերիկան:

Այս փառատօնին դատական կազմին մէջ են իտալացի Ֆիլիփփօ Սաքիի նախագահութեան տակ` Ժան տը Պարոնսելլի (Ֆրանսա), Լեւ Էռնըսթամ (Խորհրդային Միութիւն), Ճուլիօ Չեզարէ Քասթելլօ (Իտալիա), Ճիան Կասփարէ Նափոլիթանօ (Իտալիա), Թորես Նիլսըն (Արժանթին) եւ Ճոն Հըպլի (Ամերիկա):

– Մեծահարուստ անգլիացի մը, իր 150 հազար ոսկիի հասնող հարստութիւնը կտակած է անտէր… շուներու ապաստանարանի մը հաստատման:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (3 սեպտեմբեր 2011)

Յաջորդը

Ի՞ՆՉ Է ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.