Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ Այս տարեշրջանին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (Բուհ) ուսանողութեան թիւը բարձրացած է 5,187-ի, որոնք մեծ մասամբ աշխատող երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ են: Երեւանի Բազմարուեստից հիմնարկութիւն եւ Պետական համալսարան մտած են 1700, Մանկավարժական հիմնարկութիւնը` 400, Բժշկական համալսարանը` 344 հոգի եւ այլն: Մեծ թիւով երիտասարդներ բարձրագոյն կրթութեան պիտի հետեւին առանց քաշուելու իրենց առօրեայ աշխատանքներէն: Այսպէս, Բազմարուեստից հիմնարկութեան երեկոյեան...

ԳՐՉԱՏՈՒՓԻՆ ՄԷՋ

Դարերու ընթացքին գրելու, ձեռագիր մը զարդարելու կամ տոմար մը լեցնելու համար թռչունի մը փետուրին թեթեւօրէն ճեղքուած ծայրը կը թաթխէին կաղամարի մը մէջ: Սակայն մագաղաթը եւ ապա թուղթը զանոնք սկսան շատ շուտ մաշեցնել... *** 1700-ական թուականներէն սկսեալ կը շինուին առաջին մետաղեայ «փետուրները», որոնք կ՛անցուին գրչակոթի մը ծայրը: 19-րդ դարուն կը յայտնուին առաջին մելանի պահեստով «սթիլոկրաֆները»: Մետաղեայ բարակ խողովակի մը մէջը կը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՏԱՐ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Մէկ շաբաթ Երեւան գտնուած են օտար 17 երկիրներու թերթերու եւ հեռագրական գործակալութիւններու հաշուոյն Մոսկուա աշխատող մեծ թիւով լրագրողներ: Հիւրերը ծանօթացած են Հայաստանի տնտեսութեան, մշակոյթին, բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են մտաւորականներու եւ բանուորներու հետ: Այցելած են գործարաններ, Մատենադարան, Բիւրական եւ Սեւան: Մեկնելէ առաջ շատեր յայտնած են իրենց տպաւորութիւնները: Ահա մէկ-երկուքը: - Հայաստանի մէջ իմ վրաս մեծ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2011)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ (ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ») Ներկայացում.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Շրջանային միութիւնը իր կազմութենէն ի վեր, ամէն տարի, առանց բացառութեան, թատերական ընտիր ձեռնարկ մը կ՛ընէ` ընդառաջելով ժողովուրդի բուռն ցանկութեան: Սակայն հարկ է յայտնել, թէ այս տարուան տրամախօսութիւնը` «Խաղամոլը», որ ներկայացուեցաւ 17 սեպտեմբեր 1961, կիրակի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Տիգրանեան սրահին մէջ, գլեց անցաւ նախորդները, տրուած ըլլալով, որ...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԳՈՐԾԻ ՄԷՋ ՁԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՈՐՔԱ՞Ն ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

1 Ձեր պաշտօնակիցները կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ տխուր էք այսօր. ա.- Անմիջապէս կը պատմէք` անոնց մխիթարական խօսքերը լսելու համար: բ.- Չէք մանրամասներ` ըսելով, որ անցողակի հոգեր են: գ.- Ժպիտով մը կը պատասխանէք միայն: 2 Ձեր կարծիքով, գործի մէջ պաշտօնեայի մը զգացական կեանքը, պէտք է, որ` ա.- Բոլորին կողմէ բաժնուի: բ.- Ընդունելի սահմաններու մէջ մնայ: գ.- Ծածուկ մնայ: 3 Երբ պաշտօնակից...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԸ Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդը քննութեան առած եւ վաւերացուցած է Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին մէկ առաջարկը: «Սեւանայ լիճին մակարդակը գրեթէ բնականոն բարձրութեան վրայ պահելու համար Արփա գետին ջուրերուն մէկ մասը շեղել Սեւանայ լիճ»: Շնորհիւ այս որոշումին, որուն գործադրութիւնը պիտի սկսի 1963-ին ու պիտի աւարտի 4 -5 տարիէն, կարելի պիտի ըլլայ ապահովել...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՄԱՄՈՒԼԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ Այսօր մարդիկ միջազգային լուրերը կ՛իմանան մէկ քանի ժամէն եւ երբեմն ալ, պատկերասփիւռին ու ձայնասփիւռին շնորհիւ, ժամը ժամին: Ասիկա հասկնալի բան մը կը թուի: Բայց հազիւ հարիւր տարի առաջ միայն մեծ մայրաքաղաքներու մէջ եւ անոնց շրջակայքը ապրող քանի մը հազար մարդիկը կրնային նախորդ օրուան լուրերը կարդալ: Մէկ դար աւելի առաջ շատ սակաւաթիւ մարդիկ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԸՆԿ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ Լոս Անճելըսէն կը գրեն մեզի 9 սեպտեմբեր թուականով.- Երէկ գիշեր Լոս Անճելըսի բոլոր կոմիտէներէն հոծ թիւով ընկերներու ներկայութեան, ՀՅԴ Հայ կեդրոնի սրահին մէջ զեկուցական խանդավառ ժողով մը տեղի ունեցաւ: Ժողովէն ետք ընկերներու եւ համակիրներու խուռն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ մասնաւոր ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ`...

ԻՍԿ ԵԹԷ ՄՈՑԱՐԹ ԿԻԹԱՌ ՆՈՒԱԳԱԾ ԸԼԼԱ՞Ր…

Երիտասարդ Վոլֆկանկ Ամատէուս կրնար գրած ըլլալ երգեր, զորս սկաուտները տակաւին մինչեւ այսօր պիտի երգէին բանակավայրի խարոյկին շուրջ: Կամ կրնայ ըլլալ, որ ան սորված պիտի ըլլար դասական եղանակներ նուագել արագ կշռոյթով եւ այս ձեւով հնարած կ՛ըլլար ռոքը ժամանակէն առաջ: Կրնա՞ք երեւակայել Վոլֆկանկ սուփըրսթարի մը կերպարանքին տակ, իր երաժշտութեան գործիքը իր սենեակին պատին վրայ կոտրելով... *** Վայրկեան մը երեւակայենք «Կախարդական սրինգը»` կիթառի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՓԱՐԻԶԻ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՐԵԱՆԻ ԶՄԱՅԼԵԼԻ ՆԿԱՐՆԵՐԸ Ամսոյս 4-էն ի վեր Փարիզի մէջ բացուած է Խորհրդային Միութեան ցուցահանդէսը, որ կը տարածուի 22,000 քառ. մեթրի վրայ: Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են 10 հազարէ աւելի առարկաներ, որոնք կը ցուցադրեն Խ. Միութեան արտադրութիւնները` գիտական, ճարտարարուեստական, արուեստագիտական, հողագործական, մեքենագիտական եւ հիւլէական մարզերուն մէջ: Խ. Միութեան 15 հանրապետութիւններու առօրեայ կեանքը շարժապատկերի պաստառներու վրայ կը ցուցադրուի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀՅԴ «ԽԱՆԱՍՈՐ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔՐՈՍ-ՔԱՈՒՆԹՐԻԻ ՄՐՑՈՒՄԸ ՀՅԴ «Խանասոր» պատանեկան միութիւնը շատ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու վազքի միջպատանեկան մրցում մը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Դանիէլ Վարուժան», «Մուրատ», «Զաւարեան», «Ռոստոմ», «Քրիստափոր» եւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութիւններուն: Մրցումի համար մեկնումի վայր որոշուած էր «Ազիրեան» ակումբը եւ վերջաւորութիւն` Թրատի ակումբը: Վազող պատանիները պիտի կտրէին մօտ 5200 մեթր հեռաւորութիւն մը` հասնելու համար վերջաւորութեան: 10 սեպտեմբեր կիրակի...

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ԲՆԱԿԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ

Նախասենեակ Բնակարանը կը սկսի նախասենեակէն: Սովորաբար նախասենեակները կ՛ունենան փոքր տարածութիւն: Բնական լոյսէն զրկուած նախասենեակին մէջ իւրաքանչիւր աւելորդ իր ճնշող է, ինչպէս նաեւ տան ամէնէն բանուկ մասին մէջ կը դժուարացնէ անցուդարձը: Տան այս բաժինին մէջ անհրաժեշտ է տեղաւորել միայն գործնական կահոյք` կախիչ, հայելի, կօշիկի պահարան, եւ այլն... Ընդհանրապէս նախասենեակներուն վրայ կը բացուին երկու, երբեմն երեք դուռ: Յանձնարարելի է դուռերը դարձնել ապակեպատ,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ Տպագրութեան գիւտէն 57 տարի ետք, 1512-ին, Վենետիկի մէջ տպագրուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը: Ասոր նշանակութիւնը շեշտելու համար յիշենք, թէ միայն 109 տարի ետք, 1564-ին, Ռուսիա ունեցաւ իր առաջին տպարանը, իսկ աւելի ուշ` 1640 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկա: Հայերէն առաջին գիրքը «Պարզատոմար»ն է, որուն յաջորդեցին, տարի մը ետք, չորս գիրքեր` «Պատարագատետր», «Ուրբաթագիրք», «Տաղարան» եւ «Աղթարք» անուններով: Ստոյգ տեղեկութիւններ չկան...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ Տարիներու ընթացքին հազարաւորներ այցելած են Խաչատուր Աբովեանի տունը, որ թանգարանի վերածուած է գեղեցիկ մտածումով մը: Երեւանի թերթերը գոհունակութեամբ կը նշեն թանգարանի վարչութեան գործունէութիւնը` թանգարանը մեծցնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ: Արդէն ձեւաւորուած եւ նոր նիւթերով հարստացուցած են «Վէրք Հայաստանի» բաժինը ու կ՛աշխատին նոր բաժիններու վրայ` «Աբովեան եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը», «Խ. Աբովեան իբրեւ մանկավարժ» եւ այլն: Թանգարանը Տարուիէն (Դորպատ)...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՄԸ ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՊԸՐՔԼԷՅԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ Գահիրէի «Իմաժ» թերթին մէջ Կապրիէլ Պիթար կը գրէ.- Մասնաւոր արտօնութեամբ յաջողեցանք մտնել Պըրքլէյի հիւլէական հետազօտութեանց կեդրոնը, որ ենթակայ է Քալիֆորնիոյ համալսարանին: Բազմաթիւ քիլոմեթրի վրայ երկարող լեռնային տարածութեան մը վրայ ինքնաշարժը կը սուրայ ժամական հարիւր քսան քիլոմեթր արագութեամբ: Զինուորական կայանի մը զինուորները կը փակեն ճամբան: Մեզի նշան կ՛ընեն կանգ առնելու: Բացի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀՄԸՄ-Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ (Սեփական թղթակցութիւն «Ազդակ»ի) Օգոստոս 27-ին տեղի ունեցաւ շրջանիս ՀՄԸՄ-ի վերանորոգուած ակումբին բացման հանդէսը` հովանաւորութեամբ պատրիարք հօր: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին ընդարձակուած սրահը լեցուած էր արդէն, եւ ժողովուրդը անհամբերութեամբ կը սպասէր պատրիարք հայրը: Ժամը 7:30-ին ժամանեց պատրիարքը իր շքախումբով, լուսարարապետ հայրիկ եպիսկոպոսը, դիւանապետ Շահէ վարդապետ, աւագ թարգման Գէորգ վրդ. եւ գրեթէ բոլոր միաբան սուրբ հայրերը: Անմիջապէս ժողովուրդի...

ԵԹԷ ԼՈՒՍԻՆԸ ԿՐԻՒՅԷՐ ՊԱՆԻՐԻ ԿՏՈՐ ՄԸ ԸԼԼԱՐ

... Հետեւաբար անջրպետի մուկ մը պիտի յայտնուէր եւ պիտի գար ու զայն կրծէր: Եթէ անիկա պանիրին վրայ յարձակէր անոր պահուած կողմէն, մենք երկար ժամանակ բան մը պիտի չնշմարէինք: Բացի եթէ տեսնէինք անոր դուրս մնացած պոչը: * * * Սակայն ինչո՞ւ լուսինը բաղդատել պանիրի մը: Որովհետեւ անոր մակերեսը ծածկուած է հարուածներու կլորակ հետքերով,  որոնք յառաջացած են երբ երկնաքարեր ինկած են լուսինի...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՄԲԱՒԱՒՈՐ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ Ռուբէն Մամուլեան, մեծահամբաւ բեմադրիչը, Անգլիայէն դարձին հանդիպեցաւ նաեւ Ուաշինկթըն, որպէսզի խօսի Քոնկրեսին եւ ջանայ համոզել զանոնք, որ ամերիկեան ժապաւէններու վրայ դրուած տուրքի սակը պակսեցնեն, որովհետեւ տուրքերը ժապաւէններու  արտադրութիւնը այնքան կը սուղցնեն, որ ժապաւէնի  արտադրիչ ընկերութիւնները ստիպուած` արտասահմանի մէջ ասպարէզ կը փնտռեն իրենց արտադրութեանց համար: Մամուլեան գունաւոր ժապաւէններու արտադրութեան նախակարապետը եղած է: Առաջին գունաւոր...

Page 468 of 482 1 … 467 468 469 … 482