Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 5, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ
ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

Մխիթարեան միաբանութեան չորս յոբելեանները յիշատակելու համար կիրակի, սեպտեմբեր 3-ին, Վիեննայի մէջ սկսաւ շարքը շքեղ հանդիսութիւններու, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ սեպտեմբեր 10:

Չորս յոբելեաններն են` միաբանութեան Վիեննա հաստատման 150-ամեակը, Հապոզեան արք. աբբահօր քահանայութեան յիսնամեակը, նոյն արքեպիսկոպոսին աբբահայրութեան երեսնամեակը եւ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 75-ամեակը:

Այս հանդիսաւոր օրերը առիթ կը նկատենք` թարգմանն հանդիսանալու այն երախտագիտութեան, որ հայ ժողովուրդը, առանց խտրութեան, ունի հանդէպ Մխիթարեան միաբանութեան, անոր երկու թեւերուն հանդէպ հաւասարապէս` իբրեւ զուտ հայադրոշմ հաստատութիւններու, որոնց գործը ոչ միայն հայ ժողովուրդին ի նպաստ անգնահատելի ծառայութեան մը արժէքով կը ներկայանայ մեզի, այլ նաեւ պատիւ կը բերէ հայութեան, միջազգային չափանիշով:

Մեսրոպ արք. Հապոզեանի քահանայութեան եւ աբբահայրութեան այլապէս յիշատակելի յոբելեաններուն կողքին, միւս երկու յոբելեանները` միաբանութեան Վիեննա հաստատման եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ի հիմնադրութեան 75-ամեակին, կը ներկայացնեն համազգային արժէք եւ առիթ կ՛ընծայեն մամուլին` շեշտելու եւ գնահատելու այն դերը, որ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի թեւը, Վենետիկի հետ միասին, կը կատարէ սփիւռքի տարածքին վրայ, յատկապէս` Պէյրութի, Գահիրէի եւ Պոլսոյ մէջ, ուր Մխիթարեանները լայն մասնակցութիւն կը բերեն կրթական գործին:

Յոբելեանները առիթներ են, որպէսզի պահ մը ետ նայինք` չափելու համար այն ճամբան, որ կտրած է յոբելեար անձը կամ հաստատութիւնը: Այս պարագային, մենք մեզի կը գտնենք կոթողական գործի մը առջեւ, որ միջազգային արժէքով մեծ դէմքերու պատկերով կը ներկայանայ մեզի: Անցեալին մէջ` Այտընեան, Գալէմքերեան, Գաթըրճեան, Տաշեան, իսկ այժմ նոյնքան արժէքաւոր դէմքեր` Ակինեան, Ինկիլիզեան, Կոգեան եւ Ոսկեան, իրենց գիտական մտքին անսպառ պաշարով եւ հայութեան հոգեկան արժէքներուն ջերմօրէն հաւատացողի ու ըստ այնմ գործողի բծախնդրութեամբ:

Բոլոր այս դէմքերը, որոնց հեղինակութիւնները ճոխացուցին հայ դպրութեան գանձարանը, հասարակաց մէկ գիծով կը ներկայանան մեզի` հակառակ իրենց հմտութեան այլազանութեան: Հայրենասիրութեան շեշտուած գիծ մը, որ զուտ բանասիրական նիւթերու մէջ իսկ զգալի կը դառնայ, ուր մնաց հայագիտական այլ ճիւղերու պարագային, ուր մաքուր հայրենասիրութեան մը դրոշմը կայ:

Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան ճիշդ կէս տարիքը ունի անոր արժէքաւոր հրատարակութիւնը` «Հանդէս Ամսօրեայ», որ բանասիրական իր թանկագին բովանդակութեամբ պատիւ կը բերէ ոչ միայն անոր խմբագիրներուն, այլ նաեւ` վիեննական միաբանութեան:

75 տարուան կեանք ունեցող այս հրատարակութիւնը, որ զարդն ու պարծանքն է լուրջ մատենադարաններու, բանասիրական հազուագիւտ ձեռնարկ մըն է, որուն վրայ Մխիթարեան երախտաւոր հայրերը թափած են իրենց աչքին լոյսը` ի պայծառութիւն հայ դպրութեան եւ մատենագրութեան:

Վստահ ենք, որ եօթնօրեայ հանդիսութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան այս չորս յոբելեաններու առթիւ, հնարաւորութիւն պիտի տան Մխիթարեան հայրերուն` չափելու իրենց կատարած գործին մեծութիւնը եւ նոր գրգիռ` շարունակելու այդ գործը` ի փառս հայ գիրին ու դպրութեան, անկորնչելի արժէքներուն:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ
ՀՐԹԻՌԱԳԷՏՆԵՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՄՕՏ

Նկարին մէջ` նախագահը շրջապատուած փրոֆ. Մանուկեանի եւ չորս հայ հրթիռագէտներուն կողմէ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապ ընդունեց Հայկազեան քոլեճի երիտասարդ հրթիռագէտները` ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկեանի: Նախագահը մեծ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով` քաջալերեց հրթիռագէտներուն աշխատանքը: Փրոֆ. Մանուկեան նախագահին նուիրեց իրենց արձակած վերջին հրթիռին ոսկեզօծ մանրակերտը: Հրթիռագէտները յոյս ունին, որ պիտի վայելեն կառավարութեան բարոյական, թեքնիք եւ նիւթական օժանդակութիւնը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Յաջորդը

ԾԻՆԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ. ՍԽԱ՞Լ Է ՆՇԵԼ, ԹԷ ՀԱՐԻՒՐ ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ՍԵՒԱՄՈՐԹ ԵՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.