Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ Ըստ արժանւոյն, լայն տեղ տուինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 32-րդ տարեշրջանի բացման հանդէսին ու այդ առթիւ` վեհափառ հայրապետի խօսքին ու տեսուչ հօր ճառին: Սփիւռքի մամուլը եւս  նոյն կարեւորութեամբ շեշտեց վերաբացման այս հանդիսութեան առթիւ արտայայտուած գաղափարները, որոնք համազգային բնոյթ կը կրեն ու մեր ժողովուրդին եկեղեցական-հանրային մտահոգութիւններէն կը ներշնչուին: Դպրեվանքը կենսատու սիւնն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր կենսունակութեան...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՂԵՂԻ ՆՈՒՐԲ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ Քալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի դարմանատան վիրաբուժները յայտարարած են, թէ գտած են յեղափոխական մեթոտ մը, որուն շնորհիւ այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ ուղեղին վրայ կատարել ամէնէն նուրբ գործողութիւնները, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի էին: Նոր մեթոտը կը կայանայ ուղեղի արիւնը բոլորովին «չորցնելու» մէջ, ինչ որ վիրաբուժին թոյլ պիտի տայ մտնել այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք ցարդ անմատչելի էին արիւնի...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԷՔ, ԹԷ՞ ՉԱՓԱՒՈՐԱԿԱՆ

Կեանքի մէջ ձեզի համար ամէն բան սեւ կամ ճերմա՞կ է, թէ՞ մոխրագոյնը կը բաւարարէ ձեզ: Այլ խօսքով, ձեր առօրեայ կեանքին մէջ չափաւորակա՞ն, թէ՞ ծայրայեղ անձ էք: Իմանալու համար պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Դպրոցէն գանգատ կը ստանաք ձեր զաւկին կարգապահական վիճակին մասին. ա.- Ձեր զաւակը խստօրէն կը պատժէք: բ.- Ձեր զաւակը կը յանդիմանէք` խիստ պատիժի սպառնալիքով մը: գ.- Կը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԿՈՄԿՈՒՍԻ 22-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ԽՕՍՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ «1936-1938-Ի ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԷԻՆ ՄՈԼՈԹՈՎԻ ԵՒ ՄԱԼԵՆՔՈՎԻ ԿՈՂՄԷ» Մինչ ռումբերը կը շարունակեն պայթիլ, ԻԲ. համագումարը իր կարգին կը շարունակէ ուրիշ տեսակ ռումբեր տեղացնել Մալենքովի, Մոլոթովի, Կաքանովիչի եւ Վորոշիլովի գլխուն: Առաջին անգամ ըլլալով խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի 1936-1938 մաքրագործումներուն մասին: Շվեռնիքն է, որ ամէնէն ծանր ամբաստանագիրը կարդաց հակակուսակցական խմբակին դէմ: Ինք է, որ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼԵՀ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Սեպտեմբեր 26-ին Երեւան ժամանած են խումբ մը լեհ գրագէտներ, մեծ մասամբ ծանօթ դէմքեր` Լեհաստանի մէջ: Ասոնց մէջն է բանաստեղծ մը` Լ. Պշեմսկի, որ ծրագրած է լեհերէնի թարգմանել «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը: ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ռուսերէնով լոյս տեսաւ Սայաթ Նովա գիրքը, ուր զետեղուած են ծանօթ աշուղին լաւագոյն գործերը: Գիրքը պատրաստած եւ յառաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրած...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԵՐԵՒԱՆԻ «ՍՊԱՐՏԱԿ»Ը ՅԱՂԹԱԿԱՆ Գրած էինք, թէ բուռն միջադէպեր պատահեցան Երեւանի «Սպարտակ» եւ Թիֆլիսի «Տինամօ» խումբերու մրցումին ընթացքին: Թիֆլիս, երբ երեւանցիները 1 - 3 կը շահէին մրցումը: Այս մրցումին եւ պատահած միջադէպերուն մանրամասնութեան եւ տարողութեան մասին լուռ կը մնան Երեւանի թերթերը, որոնք  կը գոհանան տպելով ԹԱՍՍ գործակալութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, ըստ Խ. Միութեան ֆութպոլի ֆետերասիոնի որոշումին` Երեւանի «Սպարտակ»ը նկատելով յաղթական:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՈՐՈՇԵՑ ՍՏԱԼԻՆԻ ԴԻԱԿԸ ՀԱՆԵԼ ԼԵՆԻՆԻ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆԷՆ «ԱՆՊԱՏՇԱՃ ԷՐ ՊԱՀԵԼ ԴԻԱԿԸ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ, ՈՐ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՋԱՐԴԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ», Կ՛ԸՍԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ Լենինկրատի համայնավար կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի առաջին քարտուղար Իվան Սփիրիտոնով, Համամիութենական կոմկուսի 22-րդ համագումարին առջեւ այս առտու յայտարարեց. «Ստալինի մարմնին պահպանումը դամբարանին մէջ, Լենինի մարմնին քով, անհաշտ է այն ապօրինութեանց հետ, որ Ստալին գործեց անձի պաշտամունքի շրջանին»: Ընդգծելէ ետք, թէ անհրաժեշտ...

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԸ ԿԸ ՓՈԽԵՆՔ ԱՄԷՆ ՁՄԵՌ

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան մենք մեր ժամացոյցները մէկ ժամ ետ կը տանինք: Ահա թէ ինչո՛ւ: - Օրերը նուազ երկար են, աւելի շուտ կը մթննայ Որովհետեւ երկրագունդը իր առանցքին վրայ հսկած է, հիւսիսային կիսագունդը 21 յունիսէն սկսեալ ամէն օր աւելի քիչ ժամանակ լոյս կը ստանայ: Հոկտեմբերէն սկսեալ, կէսօրէ ետք արդէն կը մթննայ, մարդիկ լոյսերը շատ կանուխ կը վառեն եւ ելեկտրականութիւն աւելի կը սպառեն:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՊԱՔՈՒ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ 300,000 ՀԱՅԵՐ ԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏԻ ՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆԸ Տ. Տիրատուրեանի «Ճամբու նոթեր»էն կը քաղենք հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները Պաքու եւ հայերու մասին.- Մոսկուայէն Պաքու 2000 քիլոմեթր հեռաւորութիւնը օդանաւը կը կտրէ երեքուկէս ժամէն: Պաքու չհասած` Կասպից ծովու տարածութեան վրայ կ՛երկարին նաւթահորերու ընդարձակ «անտառները»: Պաքու կը նշանակէ հովերու քաղաք: Յաճախ կը փչէ տաք հով մը:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ԲԵՄ Իւրաքանչիւր սերունդ պիտի ըսէ իր խօսքը, կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, առաւել եւս` գրականութեան եւ արուեստի: Այդ խօսքը որոնման մը երանգը կ՛ունենայ նախ` հետզհետէ դառնալու համար պատգամ եւ վաստակ սերունդի մը, որ եկաւ ու անցաւ` իբրեւ մէկ օղակը ազգային ու մարդկային շղթային: Որոնումը կ՛ենթադրէ հոգեկան տագնապ, որ իր ելեւէջները պիտի ունենայ` գեղեցիկի ու ազնիւի ձգտումին մէջ գտնելով իր...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏ

Մարի Սիմոնեանի մահուան առիթով` տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններ, տէր եւ տիկին Աբօ եւ Սապին Վեքիլեաններ (Փարիզ), օրդ. Փաթիլ Սարգիսեան (Պարսելոնա), տիար Վիգէն Սարգիսեան (Փարիզ) փոխան ծաղկեպսակի 200 ամ. տոլար։

ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ. ՊԶՏԻԿ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԱԳ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Երեխան մա՞տը կը ծծէ: Այդքան ալ ծանրակշիռ երեւոյթ չէ: Երկար ատեն կար այն համոզումը, թէ մատը ծծելը կը վնասէ քիմքին եւ ակռաներուն, յատկապէս կը ձեւափոխէ վերջին ծնօտը: Ներկայիս հաստատուած է, որ թէ՛ մատը եւ թէ՛ ծծակը նոյնքան վնասակար են քիմքին եւ ակռաներուն: Այն տարբերութեամբ, որ բութամատը միշտ ալ հասանելի է մանուկին եւ շատ աւելի մաքուր է, քան` ծծակը, որ յաճախ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԱՅՍ Է ՊԷՅՐՈՒԹԸ ՀՈՂ ԵՒ ՓՈՇԻ Եթէ չէք ապրիր Պէյրութի մէջ, եթէ չէք պտտած այս մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ եւ չէք գտնուած հրապարակներուն վրայ, պիտի չկարենաք հաւատալ մեր գրածներուն: Չկայ փողոց մը, հրապարակ մը, որ հողով շրջապատուած եւ փոշիի ամպերով ծածկուած չըլլայ: Տարուան ո՛ր եղանակին ալ որ կ՛ուզէք, եթէ կրնաք, անցէք որեւէ թաղէն. անպայման պիտի գտնէք հաւաքուած հողեր, կուտակուած գարշահոտ աղբեր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԵՆՏԵՐԵՍԻ ՎՐԷԺԸ Թուրքիոյ մէջ բանակը իր կամքը պարտադրեց քաղաքական կուսակցութիւններուն, որոնք ստիպողաբար տեղի տուին զօր. Կիւրսելի եւ Ազգային միասնականութեան կոմիտէի վերջնագրին առջեւ: Այսպիսով, բոլորովին աւելորդ դարձաւ ընտրութիւն մը, որուն պայքարը մղուեցաւ անսովոր պայմաններու ներքեւ եւ տուաւ նոյնքան անսովոր արդիւնք մը: Անցեալ տարուան մայիսի 27-էն ի վեր Անգարայի յեղափոխական վարիչները ամէն ջանք թափեցին, որպէսզի երկրին մէջ ստեղծեն միասնականութիւն մը իրենց...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՌԱՏԻՈՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ «ԶԱՐԵՀ Ա.ԻՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑԷՔ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ ԵՒ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՍ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան վարչապետ տոքթ. Մաամուն Քըզպարի ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, եւ որուն մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք., եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ: Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէր Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան, Լիբանանի,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻ ԲԱՑՈՒՄԸ Դպրոցներու եւ եկեղեցիներու շինութենէն ետք, Պուրճ Համուտի համար ամէնէն կենսական պահանջը եւ ամէնէն հրատապ հարցը մարզադաշտի մը հարցն էր: Տակաւին 10-15 տարի առաջ այս արուարձանի մէջ տուները այնքան ցանցառ էին, որ շրջանի պատանիները որեւէ «դաշտի» մէջ կրնային ֆութպոլի խաղ մը ընել: Սակայն այս վերջին տասնամեակի ընթացքին Պուրճ Համուտի մէջ շինարարութիւնը այնքան արագ ընթացք մը ունեցաւ,...

Ի՞ՆՉ Է ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գծելը, միայն երկու չափերով` երկայնք եւ լայնք, ներկայացնել առարկաներ, որոնք երեք չափեր ունին` երկայնք, լայնք եւ խորք: Հետեւաբար արուեստագէտը պէտք է հնարքներ գտնէ դիտողին հաւատացնելու, թէ այդ խորութիւնը գոյութիւն ունի իր գծագրութեան մէջ: Այս նպատակին հասնելու համար ան պիտի գործածէ երկու հնարքներ, փերսփեքթիվը եւ շուքերը: Երբ մենք ճամբու մը շիտակ կը նայինք, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, թէ ան որքան կը հեռանայ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ Ա. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ Անցած ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, Քալիֆորնիոյ Կրթական հմնարկութիւնը Նիւ Եորքի մէջ ունեցած է իր առաջին պատգամաւորական ժողովը` հիմնադիր անդամներու եւ այլ համակիրներու եւ գործակիցներու մասնակցութեամբ: Ժողովը իր օրակարգով զբաղած է մասնաւորապէս շաբաթ օր, մինչեւ երեկոյ, շատ արդիւնաւոր կերպով: ՊԱՐՍԿԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Թեհրանի Արարատ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին թեհրանաբնակ հայ...

Page 465 of 482 1 … 464 465 466 … 482