Գծելը, միայն երկու չափերով` երկայնք եւ լայնք, ներկայացնել առարկաներ, որոնք երեք չափեր ունին` երկայնք, լայնք եւ խորք: Հետեւաբար արուեստագէտը պէտք է հնարքներ գտնէ դիտողին հաւատացնելու, թէ այդ խորութիւնը գոյութիւն ունի իր գծագրութեան մէջ: Այս նպատակին հասնելու համար ան պիտի գործածէ երկու հնարքներ, փերսփեքթիվը եւ շուքերը:
Երբ մենք ճամբու մը շիտակ կը նայինք, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, թէ ան որքան կը հեռանայ այնքան կը նեղնայ, եւ հորիզոնի գիծին վրայ ան կէտի մը կը վերածուի. ասիկա տեսողական խափկանք մըն է, որովհետեւ իրականութեան մէջ ճամբուն լայնքը նոյնն է երկու վայրերը:
Այս նոյն տեսարանը գծելու համար արուեստագէտը պիտի գործածէ այս խաբկանքը: Ան նախ պիտի գծէ հորիզոնին գիծը, ապա ճամբան, ապա ծառերը, որոնց հասակները, մեզմէ հեռանալով, պիտի ցածնան: Այս ձեւով մենք խորութեան տպաւորութիւնը պիտի ունենանք. ծառերով շրջապատուած ճամբան պիտի հեռանայ թուղթին վրայ:
Այս խաբկանքի տպաւորութիւնը շեշտելու համար արուեստագէտը շուքեր պիտի գծէ: Ասոր համար ան պիտի երեւակայէ, թէ արեւը կը լուսաւորէ ծառերուն մէկ կողմը, մինչ միւս կողմը մութին մէջ կը մնայ: Ան պիտի գծէ նաեւ ծառերուն շուքը գետնին վրայ: Պատկերը շատ իրապաշտ պիտի դառնայ: Մենք պիտի ունենանք այն տպաւորութիւնը, թէ ծառերով շրջապատուած այս ճամբան իսկապէս գոյութիւն ունի եւ ան ցցուն է:
Սակայն մի՛ փորձէք թուղթին մէջ մտնել դաշտին մէջի ծաղիկները քաղելու համար, ատիկա անկարելի է:
ԶԲՕՍԱՆՔԻ ԽԱՂԵՐ
Բ. ՄԱՍ
ԽԱՂԵՐ` ՇԱՐԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ա.- Տիկին Անահիտը (4 եւ + խաղցողներ)





Բ.- Կախարդը (4 եւ + խաղցողներ)


Գ.- Պահակը (4 եւ + խաղցողներ)
Պէտք ունիս` կաւիճի մը:


ՃԻՇԴ ԹԷ ՍԽԱԼ
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԱՐՈՒԵՍՏ
1) Ամէնէն սուղ ծախուած գեղանկարին գինը 85 միլիոն փաունտ (127.5 միլիոն տոլար) էր:……Ճ/Ս
2) Նիւ Եորքի մէջ «Էմփայր սթէյթ պիլտինկ»ին բարձրութիւնը հաւասար է մօտաւորապէս 50 երկյարկանի տուներու բարձրութեան::……Ճ/Ս
3) Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր արուեստագէտներէն Փապլօ Փիքասօ ոչինչ շահեցաւ իր արուեստէն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին::……Ճ/Ս
4) Էնտի Ուարհոլ նշանաւոր արուեստագէտ մը դարձաւ` գծելով առտնին առարկաներ, ինչպէս` ապուրի պահածոյի տուփեր::……Ճ/Ս
5) Աշխարհի ամէնէն հարուստ անձը իր հարստութիւնը հաւաքեց աշխարհին շուրջ ֆութպոլի դաշտերու յատակագիծեր գծելով::……Ճ/Ս
6) Հին Եգիպտոսի մէջ բուրգերը ամբողջովին շինուած էին ոսկիի լեցուն կտորներով::……Ճ/Ս
7) Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր գեղանկարներէն Մոնա Լիզան կը ներկայացնէ մանուկներու վրայ ողբացող կին մը::……Ճ/Ս
8) Հնդկաստանի ամէնէն նշանաւոր կառոյցին` Թաժ Մահալի շինութիւնը տեւած է աւելի քան 20 տարի::……Ճ/Ս
9) Մեզի ծանօթ ամէնէն հին գեղանկարները գտնուած են քարայրներու մէջ, պատերուն վրայ::……Ճ/Ս
Պատասխանները վերջաւորութեան
ԺԱՄԱՆՑ




ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
1-Ճիշդ: 2-Ճիշդ: 3-Սխալ, Փիքասօ շատ ծանօթ եւ շատ հարուստ եղած է իր կեանքի ընթացքին: 4-Ճիշդ: 5-Սխալ: 6-Սխալ, բուրգերը քարերով շինուած են: 7-Սխալ, Մոնա Լիզան կը ներկայացնէ ժպտացող կին մը: 8-Ճիշդ: 9-Ճիշդ:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ



