Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 5, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Ըստ արժանւոյն, լայն տեղ տուինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 32-րդ տարեշրջանի բացման հանդէսին ու այդ առթիւ` վեհափառ հայրապետի խօսքին ու տեսուչ հօր ճառին: Սփիւռքի մամուլը եւս  նոյն կարեւորութեամբ շեշտեց վերաբացման այս հանդիսութեան առթիւ արտայայտուած գաղափարները, որոնք համազգային բնոյթ կը կրեն ու մեր ժողովուրդին եկեղեցական-հանրային մտահոգութիւններէն կը ներշնչուին:

Դպրեվանքը կենսատու սիւնն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր կենսունակութեան աղբիւրը, որուն շնորհիւ կրնայ պայծառանալ ու ճառագայթել բոլոր այն գաղութներուն մէջ, որոնք իր հոգեկան լոյսին պէտք ունին:

Առանց դպրեվանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի ըլլար նուիրապետական աթոռ մը միայն, որ իր սնունդը պիտի ստանար դուրսէն: Մինչդեռ այսօր, Աթոռ ու դպրեվանք, գեղեցիկ ամբողջութիւն մը կազմած, լոյս կը սփռեն մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին վրայ:

Ինչպէս կը շեշտուէր դպրեվանքի վերաբացման առթիւ խօսուած ճառերուն մէջ, Կիլիկեան Աթոռի այդ նուիրական հաստատութիւնը, իր աւելի քան երեսնամեայ կեանքով, մեծ չափով արդարացուցած է իր գոյութիւնը եւ ասկէ ետք եւս պիտի ջանայ տալ առաւելագոյնը` հայ ժողովուրդին նուիրելով անձնուէր եւ քաջ հովիւներ:

Այն օրէն ի վեր, որ Կիլիկեան Աթոռը մեծ դերի մը կոչուեցաւ սփիւռքի կեանքին մէջ, այն օրէն ի վեր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, ընդառաջելով հոգեւոր մխիթարութենէ տարիներով զրկուած իր զաւակներու փափաքին, որոշեց զանոնք առնել իր հովանիին ներքեւ, կիլիկեան միաբանութեան գործունէութեան դաշտը ընդարձակուեցաւ, եկեղեցական նոր գործիչներու անհրաժեշտութիւնը աւելի զգալի դարձաւ:

Ու ահա մենք տեսանք երիտասարդ ու խանդավառ եկեղեցականներու հոյլ մը, որոնք իբրեւ լոյսի առաքեալներ ղրկուեցան ամէնուրեք` հովուելու համար մեր եկեղեցասէր ժողովուրդը: Մեծ

էր կարիքը, սակաւ էին նուիրեալք: Բայց կար դպրեվանքը, որ անդադար նոր նուիրեալներ կ՛ընծայէր մեր ժողովուրդին:

Մանրամասնութիւններ չենք կրնար յիշել, բայց կրնանք հաւաստել, թէ կարիքին համապատասխան հունձք մը սկսած է տալ դպրեվանքը, որմէ շրջանաւարտ աբեղաներն ու քահանաները իրենց Ս. Աթոռը ներշնչող ազնիւ ոգիին պատգամաւորները որպէս` պիտի մտնեն մեր կեանքէն ներս` սէր եւ լոյս բաշխելով:

Հայ կեանքին մէջ մեծ եղած է դերը եկեղեցական-կրթական հաստատութիւններուն: Անոնք ոչ միայն հասցուցած են եկեղեցականներ, այլ նաեւ` մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ, որոնք նոյնքան ազնիւ գործի մը խանդավառ ուժերը հանդիսացան:

Այսօր, աւելի քան երբեք, հոգեկան բարձր արժանիքներու ծնունդ տուող այս հաստատութիւնը կոչուած է մեծ դեր կատարելու մեր հանրային կեանքին մէջ, նաեւ` իբրեւ մշակութային կեդրոն: Շնորհիւ դպրեվանքին` մեր կեանքը պիտի հարստանայ ուսեալ եւ հայեցի կրթութեամբ թրծուած հոգեւորականներով, որոնք անձնուիրաբար պիտի ծառայեն հայ ժողովուրդին` իբրեւ իսկական ժառանգորդները Լուսաւորչի աւանդին:

Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին 32-րդ տարեշրջանի բացումը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոր աշխատանքներուն` ձայնակցելով դպրեվանքի տեսչութեան խօսքին` ուղղուած աշակերտութեան:

«Եթէ կ՛ուզէք մեր այս սիրած Տան երեսուն տարիները փառաբանել, անոնց շղթային պէտք է աւելցնել ոսկեղէն օղակ մը յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանով, որուն սեմէն ներս կը մտնենք ահա այսօր, սա համեստ հաւաքոյթով»:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Յաջորդը

ՉԱՐԼԻ ՉԱՓԼԻՆ. «ԴՈՒ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԵՍ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՆ ԱՊՐՈՒՄ ՄԱՐԴԻԿ»

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։