Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

November 4, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՈՒՂԵՂԻ ՆՈՒՐԲ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Քալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի դարմանատան վիրաբուժները յայտարարած են, թէ գտած են յեղափոխական մեթոտ մը, որուն շնորհիւ այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ ուղեղին վրայ կատարել ամէնէն նուրբ գործողութիւնները, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի էին:

Նոր մեթոտը կը կայանայ ուղեղի արիւնը բոլորովին «չորցնելու» մէջ, ինչ որ վիրաբուժին թոյլ պիտի տայ մտնել այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք ցարդ անմատչելի էին արիւնի հոսումին պատճառով:

Ուղեղը կը չորցուի` սառեցնելով մասնաւոր մեքենայի մը միջոցով:

ՍՐՏԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԵԹՈՏ

Անգլիացի վիրաբուժ տոքթ. Տոնալտ Ռոշ իր գործակիցներուն հետ յաջողած է հիւանդներու սիրտը սառեցնելով վտանգաւոր գործողութիւններ կատարել եւ բուժել անոնց սրտի հիւանդութիւնները: Մինչեւ հիմա Լոնտոնի Կէյ հիւանդանոցին մէջ այս դրութեամբ կատարած է 36 գործողութիւններ եւ բոլորն ալ յաջողած են:

ՇԻՃՈՒԿ` ԱՐԵԱՆ ԽԼԻՐԴԻՆ ԴԷՄ

Խլիրդի ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Սերճիօ տէ Քարվալլօ յաջողած է մեկուսացնել արեան խլիրդի եւ առնէտներու խլիրդի այլ տեսակներու ժահրը եւ առնէտներու խլիրդին դէմ պատրաստել արդիւնաւէտ շիճուկ մը: Տոքթ. տէ Քարվալլօ յոյս ունի, որ այս շիճուկը մէկ տարիէն բաւական պիտի կատարելագործուի եւ մարդոց վրայ պիտի գործածուի:

Մինչեւ հիմա պատրաստուած են հարիւրաւոր տեսակի շիճուկներ, որոնք փորձի ատեն անասուններուն վրայ կ՛ազդեն, բայց խլիրդէ տառապող մարդիկը չեն դարմաներ:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ ԿԻՆԸ

Ամերիկայի Ֆլորիտա նահանգին մէջ կատարուած գողութեան մը շուրջ տեղի ունեցած հարցաքննութեանց ընթացքին ոստիկանները պատահմամբ հանդիպած են թանկագին վկայի մը, որ ինչպէս ըսած է, ներկայ եղած է գողութեան: Վկան, ամուսնացած կին մը, գողերու պետին յատկանշական բոլոր կէտերը տուած է:

– Բայց ինչպէ՞ս կրցաք այսքան մանրամասնութիւններ ձեր միտքը պահել,- հարց տուած է հարցաքննիչը:

– Շատ պարզ է,- յարած է կինը,- գողերու պետը ամուսինս է:

Սակայն շուտով փաստուած է, թէ կնոջ ամուսինը ոչ մէկ կապ ունեցած էր այդ գողութեան հետ, թէ` ան նոյն օրը գողութեան վայրէն տասը մղոն հեռու գտնուած է, եւ թէ կինը այս յայտնութիւնները ըրած է, պարզապէս վրէժ լուծելու համար իր ամուսինէն, որ կը մերժէ իր տան մէջ ընդունիլ իր զոքանչը:

ՄԱԶԻ ԱՐՏԱԾՈՒՄ

Մեծն Բրիտանիոյ արտածած զանազան տարօրինակ նիւթերէն մէկն ալ երկար, խարտեաշ մազերն են, որոնք շատ յարգի են Քանատայի մէջ, որովետեւ խարտեաշ մազերը հազուագիւտ են հոն: Քանատացիք այս մազերը կը գործածեն մթնոլորտի խոնաւութիւնը չափելու համար: Մազին երկարութիւնը նուազագոյնը պէտք է 35 սանթիմ ըլլայ ու նաեւ` խարտեաշ, որովհետեւ խարտեաշ մազերը աւելի ընդունակ են օդի խոնաւութիւնը ցոյց տալու: Եւ որպէսզի մազերը միշտ կակուղ եւ զգայուն մնան, զանոնք շաբաթը մէկ անգամ կը լուան: Այս` առաւելաբար բրիտանական Քոլոմպիոյ անտառներուն մէջ: Երբ պատահի, որ քանատական անծայրածիր անտառներ կրակ առնեն, անտառապահները խարտեաշ մազերու տուած բացատրութեան կը հետեւին: Եւ եթէ մազերու ցոյց տուած խոնաւութիւնը 16 առ հարիւրէն նուազ է, հրշէջները մարելու չեն փութար, որովհետեւ գալիք ահաւոր վտանգը շուտով կը նախատեսեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը մեզի ղրկած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը, քաջալերուած անցեալ տարուան հայկական կարգ մը վարժարաններու մէջ իր ստանձնած առողջապահական խնամքներուն օգտակար արդիւնքէն, որոշած է ունենալ նոյն գործունէութիւնը` 1961-1962 տարեշրջանի համար:

Այս տարի լիբանանահայ բժշկական միութիւնը տրամադիր է իր բժշկական խնամքին ենթարկելու բոլոր հայ վարժարանները անխտիր:

Անցեալ տարուան նպաստաւորուող վարժարանները ինքնաբերաբար կ՛ունենան իրենց նոյն բժիշկները:

Փափաքելի է, որ խնդրարկու այլ վարժարաններու տնօրէնները բարի ըլլան գրաւոր կերպով ներկայացնել վարչութեանս իրենց խնդրագիր դիմումնագիրները:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (4 նոյեմբեր 2011)

Յաջորդը

ՈՒՂԵՂ ԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՕԴԸ ԼԱ՞Ւ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ, ԹԷ ԳԷՇ, ԿԱՐԵՒՈ՛Ր Է…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։