«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ
Յակոբ Պալապանեանի մահուան առիթով` Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո. Վիգէն Պալեան 50,000 լ. ո.
Յակոբ Պալապանեանի մահուան առիթով` Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո. Վիգէն Պալեան 50,000 լ. ո.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ (ՆՈՅԵՄԲԵՐ 22-Ի ԱՌԹԻՒ) Լիբանան այսօր կը տօնէ իր անկախութեան 18-րդ տարեդարձը: Տասնեւութ երկար տարիներ անցած են այն օրերէն ի վեր, երբ լիբանանցի ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ իր ղեկավարութեան, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ` ո՛չ պատասխանելու համար հոգատար տէրութեան: Ու այդ ՈՉ-ը, պատմական այդ մեծ ՈՉ-ը եղաւ սկիզբը անկախութեան անդիմադրելի մղումի մը, որ 1945-ի վերջաւորութեան յանգեցաւ օտար վերջին զինուորի...
Յակոբ Պալապանեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Քաջայր Գուճանեան 50,000 լ. ո. «Խորոված Ապու Գօգօ» հաստատութիւնը 50,000 լ. ո.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՃԸ 1965-ԻՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ 2,130,000 Հայաստանի բնակչութեան աճին մասին շարունակ կը գրուի արտասահմանի հայ մամուլին մէջ: Հայաստանի մտաւորականներէն փրոֆ. Հ. Թումանեան («Հայաստանի տնտեսական զարգացումը» 1960, Երեւան) այդ մասին կը գրէ.- Յարաբերաբար խաղաղ կեանքը, բժշկութեան եւ գիտութեան զարգացումը, որուն պատճառով կը պակսին հիւանդութիւնները եւ համաճարակները, պատճառներ են երկրի մը բնակչութեան յաւելումին: 1926-1939-ի Հայաստանի բնակչութեան իւրաքանչիւր հազար անձին տարեկան...
Մենք գիտենք, թէ ուտելիքները աւելի երկար կը դիմանան, եթէ անոնք զով տեղ մը պահուին: Սակայն ինչպէ՞ս մեր տրամադրութեան տակ ունենալ, նոյնիսկ ամէնէն տաք ամիսներուն, միջավայր մը, որ անդադար 7-8 աստիճանէն ցած տաքութիւն մը կը պահէ: Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերուն միակ միջոցը լեռներէն սառոյց բերելն էր եւ զայն խորունկ հորերու մէջ պահել: Ապա մարդիկ գտան միջոցը պատրաստելու արուեստական սառոյց` եթերով. այս...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԵՐԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ 300 ՀԱՅԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, անցած կիրակի օր, նոյեմբեր 12, տեղի ունեցած է Հոլանտայի հայութեան ընդհանուր ժողովը: Հակառակ աննպաստ օդին` մօտ 30 հայրենակիցներ պատասխանած են կոչին: Ժողովին նախագահած է մեթր Էտկար Զոհրապեան: Քննութեան նիւթ դարձած է հոգեւոր հովիւի մը այցելութեան անհրաժեշտութիւնը յառաջիկայ տօնական օրերուն առիթով: Տեղւոյն վրայ հանգանակութիւն մը կատարուած է...
Յակոբ Պալապանեանի մահուան առիթով` Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո._
ՄԱԼԽԱՍ ԶՕՀՐԱՊԻ ՄԱՍԻՆ «Ազդակ»ի նոյեմբերի 14-15-ի թիւերուն մէջ կարդացի Մալխասի պատմած դրուագները Զօհրապի մասին: Այս երկտողովս անհրաժեշտ կը համարեմ երկու ուղղումներ ընել` թողնելով Մալխասի եւ Զօհրապի մտերիմ բարեկամութեան մասին եղած յիշատակութիւնները: Յուշերու վրայ ես կը նայիմ ոչ իբրեւ պատմութիւն, այլ կ՛ընդունիմ զանոնք իբրեւ թանկագին ատաղձ` ապագայ պատմութեան համար: Ուրեմն, այդ յուշերը պէտք է պատմուին ստոյգ եւ հիմնաւորուած տուեալներով: Դժբախտաբար, սակայն,...
Մարմնի ցաւ, սրունքի ցաւ, ծակծկուող աչքեր, գլխու ցաւ, գերզգայնութիւն... Գործի տեսակը մեծ դեր կը խաղայ նման ցաւերու պարագային: Այսուհանդերձ, ասոնցմէ շատեր լուծում եւ դարման ունին, ահաւասի՛կ ինչպէս. 1 Ոտքի աշխատանքը Ոտքի վրայ երկար ժամեր աշխատողներուն 80 առ հարիւրը կը տառապի սրունքի ցաւէ եւ ծանրութենէ, որ գլխաւորաբար հետեւանք է արեան ոչ լաւ շրջագայութեան: Այս ցաւերուն ենթակայ են առաւելաբար հիւանդապահուհիները, վարսայարդարները, վաճառատուներու...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»ի մէջ, կը կարդանք. Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 9:15-ին, «Յուսաբեր»ի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սօսէ» խումբի ընկերուհիներուն կազմակերպած յուշ-երեկոն, որ նուիրուած էր վաստակաւոր գրագէտ, հանրային գործիչ, դիւանագէտ եւ հանրածանօթ հռետոր Աւետիս Ահարոնեանին: Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր` ոգեկոչելու համար հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւկին յիշատակը: Բացման խօսքը...
ՏՈՄՍԵՐ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐՆԵ՞Ր ԹԷ՞ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐ Խ. Միութեան վարչապետ Խրուշչեւ ահաւոր խոստովանութիւն մը ըրաւ Համայնավար կուսակցութեան 22-րդ համագումարին մէջ: Յայտարարութիւն մը, որ անգամ մը յիշուեցաւ մամուլին մէջ եւ արդէն քանի մը օրէն կը մոռցուի... Ո՞վ միտքը կը պահէ ամէնէն ապշեցուցիչ լուրերն իսկ: Այդ անմոռանալի լուրը Խրուշչեւի այն յայտարարութիւնն էր, թէ Ստալինի բռնակալութեան շրջանին «ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԱՆՄԵՂՆԵՐ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՆ»: Ազատ աշխարհը, նաեւ խորհրդայինը`...
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍՈՒՐԻԱՆ Արեւելքի մէջ պետական մարդիկը շատ քիչ անգամ այնքան իրապաշտ եղած են, որքան` Սուրիոյ այժմու ղեկավարները: Սեպտեմբեր 28-ին յեղափոխութենէն հազիւ մէկուկէս ամիս անց, անոնք ոչ միայն կրցան ներքին կայունութիւն հաստատել, այլ նաեւ` արաբական դրացի երկիրներուն հետ տնտեսական ու քաղաքական բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման հիմերը նետել: Այն նոր ոգին, որ այսօր տիրապետող դարձած է Մերժէի սերային մէջ, ամէն յոյս կը...
17 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ԿԸ ՄՏՆԵՆ ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐԸ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի հրաւէրով, 25 հոկտեմբեր 1961-ին, Ամերիկայէն հիւրաբար մեր մօտ գտնուող ընկ. Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան այցելեց շրջանի ակումբը եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տուաւ շահեկան դասախօսութիւն մը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բարոյական ու ֆիզիքական կառոյցին մասին: Մեր երէց ընկերը տուաւ սրտապնդիչ տեղեկութիւններ մասնաւորաբար Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Յունաստանի մեր կազմերուն մասին: Օգտուելով Տէր...
Զորիկթ եւ Օթկոնպայար կ՛ապրին Մոնկոլիոյ հիւսիսը: Անոնք հոն հիւսիսային եղջերուներ կը բուծանեն եւ կ՛ապրին վրանի մը տակ իրենց աղջկան` Զակալմաայի հետ: Զորիկթ եւ Օթկոնպայար թափառաշրջիկներ են: Անոնք կը տեղափոխուին ըստ եղանակներու` իրենց եղջերուներուն համար նոր արօտավայրեր փնտռելով: Անոնք կ՛ապրին ուրիշ վեց ընտանիքներու հետ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր վրանը, որ շատ դիւրութեամբ կը լարուի եւ կը քակուի: Հիւսիսային եղջերուները Զորիկթի եւ...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱՇՏԻ ԵՒ ՓԵՀԼԵՒԻԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻ ՉԿԱՅ Թեհրանահայոց առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան վերջերս հովուական այցելութիւն տուաւ Փեհլեւիի եւ Ռաշտի հայ համայնքին: Երկու շրջաններուն մէջ ալ սրբազանը հանդիպումներ ունեցած է հոգաբարձութեանց անդամներուն եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Փեհլեւիի հոգաբարձութեան անդամներէն Սարգիսեան, որ ընկերակցած է սրբազանին այս այցելութեանց ընթացքին, ի պատիւ առաջնորդ հօր ճաշկերոյթ մը տուած է,...
Դպրոցէն տրուած տնային պարտականութիւնները յաճախ հակադրութիւն, վէճ եւ անհաճոյ կացութիւններ կը ստեղծեն ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ: Մանկավարժ- հոգեբան Ժիլ-Մարի Վալէի կարծիքով, տնային աշխատանքներու պահը վէճի, յանդիմանութիւններու, սպառնալիքներու վիճակէն պէտք է դուրս բերուի եւ վերածուի հաճելի ժամանցի մը` եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա օգտակար եւ արդիւնաւէտ դառնայ: Այս նպատակով ալ Ժիլ-Մարի Վալէ հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկէ բոլոր այն ծնողներուն, որոնք այս կացութեան մէջ...
ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ուսումնական տարին այս տարի եւս սկսաւ բնականոն պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2-ին ճեմարանի դուռները բացուեցան նորեկներու արձանագրութիւններէն, քննութիւններէն եւ վերաքննութիւններէն ու մանկավարժական ժողովներէն ետք: Հոկտեմբեր 10-ին սկսան դասերը: Անցեալի համեմատութեամբ, ճեմարանի աշակերտութեան թիւը այս տարի գերազանց է: Անցեալ տարի պարապմունքները սկսան 490 աշակերտներով, այս տարի` 507 հոգիով, առանց հաշուելու 25 ազատ ունկնդիրները, որոնց...
ՀԱՅՐ Յ. ՄԸՍԸՐԼԵԱՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ 1911 հոկտեմբեր 31-ին հ. Յովհաննէս Մըսըրլեան մուտք գործած է Յիսուսեան միաբանութենէն ներս եւ 50 տարի շարունակ նուիրուած հայ մշակոյթին: Ծնած է Թոքատ, 1888-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 1921-ին: Իր կրօնական եւ քահանայական գործունէութեան գրեթէ ամբողջութիւնը կ՛անցընէ հոս` Լիբանանի մէջ եւ կը դառնայ սիրելի դէմքը բովանդակ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան: Գաղթականութեան դժնդակ օրերուն մեծ դեր կը խաղայ` հոգեկան...
Միլա, Լուի եւ անոնց ծնողները բաւական լեցուն շաբաթավերջեր ունին: Անոնք կը շինեն անջրպետանաւեր, բերդեր, մարդամեքենաներու տարազներ... Անոնք ձեռային աշխատանքի իսկական սիրահարներ են: Միլայի եւ Լուի ծնողները` Ֆրետ եւ Ֆափիեն, ձեռային աշխատանքի այնքան սիրահար են, որ այս ժամանցը արհեստի վերածած են: Անոնք միասին կ՛երեւակայեն հացավաճառի խանութներու ներսի յարդարումը եւ դասաւորումը, որպէսզի անոնք միաժամանակ գեղեցիկ եւ գործնական ըլլան: Անոնք իրենց այս սէրը...