50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ (ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ 42-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ) Հերոսական Հաճնոյ զաւակները վաղը կը տօնեն իրենց հերոսամարտին 42-րդ տարեդարձը: Յիշատակի պարզ ոգեկոչում մը չէ, որ ամէն տարի, այս օրերուն, Հաճնոյ զաւակները կը հաւաքէ սրահի մը մէջ` յարգելու համար յիշատակը անոնց, որոնք օրհասական կռիւներ մղելէ ետք, զոհուեցան դիւցազնի խիզախութեամբ, փաստը տալով իրենց ցեղին արիութեան: Այլ սրբազան ուխտի օր մը` ոչ միայն Հաճնոյ զաւակներուն,...