Այլազան

ՌՈԶԵԹԱՅԻ ՔԱՐԸ

Քրիստոսէ առաջ 3500 թուականէն մինչեւ 322 թուական երկարող հին եգիպտացիներուն քաղաքակրթութիւնը դարերու ընթացքին հետաքրքրած է մասնագէտները, գիտնականները եւ հնաբանները: Սակայն, հակառակ ասոր, հին եգիպտացիներու մեհենագրերով գրութեան դրութիւնը մեծ գաղտնիք մը մնաց մինչեւ ֆրանսացի Նափոլէոն Առաջինի Եգիպտոս արշաւանքը 1799 թուականին: Այդ թուականին ֆրանսացիները սկսան շինարարական աշխատանքներու Ռոզեթայի նաւահանգիստին մէջ: Անիկա աշխարհի ամէնէն ծանօթ կտորներէն մէկն է, եւ ամէնէն շատ այցելուածը Բրիտանական...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՆՑ ՀՈՂԻ ԲԵՐՔ ՀԱՅ ԲՈՒՍԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Բերքը առանց հողի, այսինքն արուեստական միջոցներով աճեցնելու ձեւ մը գտած էին վերջերս հայ բուսաբանները: Այժմ հայ բուսաբանները յաջողած են շինել ինքնաշխատ փոքր ծաւալ ունեցող «գործարան» մը, որուն մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ ակադ. Գ. Դաւթեան: - Մօտաւորապէս երեք մեթր բարձրութեամբ, 3x4 մեթր չափերով փոքրիկ մեկուսացուած սենեակի մը մէջ յատկապէս շինուած վեց դարակներու վրայ,...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Սարգիս Աճեմեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Կապրիէլ Հայրապետեան 100,000 լ. ո. Մեթր Ժաք Չուխատարեան 100,000 լ. ո. Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո. Իշխան Մուրատեան եւ ընտանիք 100,000 լ. ո. Ժան Ներսէսեան 100,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ ՏԻՐԱՆ (ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԷՆ ԵՏՔ) Գրեթէ ամիս մը առաջ էր: Պէյրութի գեղարուեստասէր հասարակութիւնը` հայ, տեղացի թէ օտար, ժամադրուած էր «Կալըրի Ալեքքօ Սաապ»` գնահատելու համար արուեստը նրբաճաշակ արուեստագէտի մը, որ իր 49 ընտիր գործերով կը ներկայանար հանրութեան, ոչ թէ իբրեւ սկսնակ, այլ արդէն հասունութեան ու թեքնիքի կատարելութեան հասած ծաղրանկարիչ: Այն ընտիր գործերը, որոնք տասը օր ամբողջ զարդարեցին «Ալեքքօ Սաապ» կալըրիին պատերը, հիմա...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Սարգիս Աճեմեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Ժաք Մահսերեճեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Կարօ Սալխանեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Ժան Խզարճեան 100,000 լ. ո. ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի ընկերներ 100,000 լ. ո. Տիրուկ եւ Արփի Չպուքճեաններ 50,000 լ. ո.

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՎԱՐՊԵ՞Տ, ԹԷ՞ ԱՆՃԱՐԱԿ ՍՏՈՂ ԷՔ

Շատեր սուտ կը խօսին, բայց անմիջապէս կը կարմրին, կը շփոթին, մինչ ուրիշներ շատ լաւ կը պահեն իրենց պաղարիւնութիւնը եւ մինչեւ ծայր կ՛երթան: Բոլորս ալ մեր կեանքին ընթացքին սուտ մը գլորած ենք կամայ թէ ակամայ, բայց ստախօսութիւնը վտանգաւոր եւ վնասակար կը դառնայ, երբ հիւանդագին կը դառնայ: Իսկ դուք ո՞ւր էք այս բոլորին մէջ... Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ ՆՊԱՍՏԸ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ Հայկազեան քոլեճի հայագիտական դասախօսութեանց շարքէն երկրորդը տեղի ունեցաւ նախորդ երկուշաբթի: Դասախօսն էր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, հմուտ ուսումնասիրող դաստիարակ մը միանգամայն: Որպէս նիւթ ընտրած էր «Հնդկահայոց նպաստը` հայ մշակոյթին» խիստ հետաքրքրական նիւթը: Կրցաւ այս ընդարձակ նիւթը սեղմ գիծերով ներկայացնել մեզի: Նախ ամփոփ կէտերու մէջ տուաւ գաղութին պատմականը: Նշեց, որ հնդկահայ մշակոյթին թափանցելու համար պէտք է հասկնալ Մատրասի...

ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ 60.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը ուրախութեամբ ընթերցողներուն կը տեղեկացնեն, որ ընդառաջելով մեր դիմումին, Սեդա Չաղլասեան եւ զաւակները` Նորա, Արա եւ Շահէ, հայ մամուլին զօրակցելու, անոր առաքելութիւնը բարձր գնահատելու եւ քաջալերելու համար «Ազդակ»-ի աշխատակիցները, որոշեցին «Ազդակ»-ին նուիրել 60.000 տոլար: Գումարը պիտի յատկացուի «Ազդակ»-ի խմբագրատան ներքին սենեակներու նոր ձեւափոխումներու եւ կահաւորման ընդհանուր ծրագիրին: Առաջին հանգրուանը կը վերաբերի ժողովասենեակին եւ վարչական- ծանուցումի բաժանմունքին, իսկ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՏՈՄՍԵՐ ԹԱՄԶԱՐԱՅԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ Մեր քաղաքէն մօտ մէկ ժամ հեռու Թամզարա անունով մեծ գիւղ մը կար: Նշանաւոր էր իր գլգլան ջուրերով, պտղառատ պարտէզներով եւ քանի մը եկեղեցիներով: Շատ մը ընտանիքներ` քաղաքէն կ՛երթային Թամզարա, իրենց կիրակին հոն անցընելու եւ օդասուն պարտէզներու մէջ, հոսուն առուակներու եզերքը կը սարքէին` քէֆեր, թութի աննման օղին ճնկելով: Աւելի քան կէս դար առաջ, մանկութեանս օրերուն դպրոցի աշակերտներով մեզ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԱԿՆԱՅ ՖՈԼՔԼՈՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ Ակն քաղաքի պատմութեան նուիրուած անտիպ աշխատութենէ մը քաղելով` կու տանք ակնցիներու ժողովրդային բժշկութենէն նմուշներ.- - Չմկրտուած նորածինին երեսը համբուրողին ակռաները չեն ցաւիր: - Զատկի ճրագալոյցի երեկոյին եփուած կերակուրը եթէ ուտուի յաջորդ օրը, կիրակի առաւօտ, ակռաները ալ չեն ցաւիր: - Աւագ ուրբաթ օրը անպատճառ կ՛ածիլուին, ամբողջ տարին գլխու ցաւ չունենալու համար: - Յղի կին մը երբ ճամբուն...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ Հայկազեան քոլեճի տնօրէնութեան կարգադրութեամբ, այս տարուան ընթացքին ամէն երկուշաբթի երեկոյ, ժամը 7:30-8:30, դասախօսութիւններ պիտի տրուին հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ գրականութեան մասին: Պիտի հրաւիրուին 25 մտաւորականներ` դասախօսելու համար վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ: Պիտի հրաւիրուին` ուսուցիչներ, գրագէտներ եւ խմբագիրներ, ամէն խաւերէն անխտիր: Անցնող երկուշաբթի այս դասախօսութեանց շարքին բացումը կատարեց վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեան, որ Հայկազեանի հայկական ամպիոնին պետն է:...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Իր կնոջ` Մարի Հալաճեանի մահուան եւ քառասունքին առիթով` Տիար Սեդրակ Հալաճեան 200$ Քաջալերելով «Ազդակ»ի աշխատանքները` Յարութիւն Քիւրքճեան (Աթէնք) 100 ամ. տոլար

ՇԱՏ ՀՆԱՐԱԳԷՏ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

Արհեստագիտութեան շնորհիւ` շատ բաներ դիւրացած են մեր կեանքին մէջ: Մեքենաներէն եւ գործիքներէն ետք, արհեստագիտութիւնը հիմա մուտք կը գործէ նաեւ հագուստներու ճարտարարուեստին մէջ: Ահա` քանի մը շատ նոր եւ խելացի օրինակներ: Բազմապաշտօն վերարկուն Երբ քալելը սիրող, ամէնէն ծոյլ հնարողը գործի կը լծուի, ան կը ստեղծէ այս շատ հնարագէտ վերարկուն: Անոր ներսի բաժինին մէջ պահուած է քնապարկ մը, իսկ կռնակի գրպանին մէջ......

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

«ՄԱՐՄԱՐԱ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԹՈՒՐՔ ԹԵՐԹԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ Նախորդ թիւով տուած էինք Պոլսոյ թրքական «Քարիքաթիւր» թերթի յարձակողականը փոքրամասնութեանց եւ մասնաւորաբար հայերու դէմ, որոնք ամբաստանուած էին Հալք կուսակցութեան ի վնաս քուէարկութեամբ: Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը պատասխանելով «Քարիքաթիւր»-ի ձաբռտուքներուն` ի մէջ այլոց կը գրէ.- «Քարիքաթիւր» թերթը իր խմբագրականով ամբողջ մաղձ մը կը թափէ փոքրամասնութեան գլխուն անոր համար, որ ըստ իրեն,  փոքրամասնութիւն կոչուած զանգուածը իր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷ՛Ք ՎԱՂՈՒԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ Լիբանանի թեմի Ազգային գաւառական ժողովը իր 16 դեկտեմբեր 1960-ի նիստին, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան տարիներուն ընթացքին արձանագրած աճը, որոշած էր իր թիւը 28-էն բարձրացնել 42-ի: Վաղը` կիրակի, 26 նոյեմբեր, համաձայն Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց, Ազգային քաղաքական ժողովի 18 հոկտեմբեր 1961 թուակիր հրահանգով, միատեղ պիտի կատարուին յաւելեալ 12 աշխարհական երեսփոխաններու եւ Ազգային Գաւառական ժողովի վիճակաւ դադարեալ մէկ հինգերորդի...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՞Ք

Շատեր ընկերային շրջանակ չունին եւ ոչ ալ կը փնտռեն, ուրիշներ շատ ծանօթութիւններ ունին, բայց իսկական բարեկամներ չունին: Իսկ դուք բաւարարուա՞ծ էք ձեր բարեկամներուն թիւով եւ ձեր ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերով, թէ տակաւին կը փնտռէք բառին իսկական առումով մէկ-երկու բարեկամ: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը: 1 Հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էք եւ առիթ պիտի ունենաք մեծ թիւով...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՅԱՅՏՆԻ ՆԿԱՐԻՉ ՕՆՆԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան գովելի նախաձեռնութեամբ, 14 նոյեմբեր 1961, երեքշաբթի երեկոյեան, եգիպտահայ յայտնի նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան տուաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը` «Հայ արուեստներու կարեւորութիւնը հայապահպանման գոծին մէջ» նիւթին շուրջ, «Վասպուրական» սրահին մէջ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Սեթեան քանի մը խօսքով ներկայ արուեստասէր հասարակութեան ծանօթացուց օրուան դասախօսը, որ արուեստագէտի խառնուածքով եւ իրաւ հայու հարազատ շունչով ջանաց բացատրել...

Page 463 of 482 1 … 462 463 464 … 482