Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

December 2, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ

ՏԻՐԱՆ

(ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԷՆ ԵՏՔ)

Գրեթէ ամիս մը առաջ էր: Պէյրութի գեղարուեստասէր հասարակութիւնը` հայ, տեղացի թէ օտար, ժամադրուած էր «Կալըրի Ալեքքօ Սաապ»` գնահատելու համար արուեստը նրբաճաշակ արուեստագէտի մը, որ իր 49 ընտիր գործերով կը ներկայանար հանրութեան, ոչ թէ իբրեւ սկսնակ, այլ արդէն հասունութեան ու թեքնիքի կատարելութեան հասած ծաղրանկարիչ:

Այն ընտիր գործերը, որոնք տասը օր ամբողջ զարդարեցին «Ալեքքօ Սաապ» կալըրիին պատերը, հիմա սեփականութիւնն են արդէն իրենց բուն տէրերուն, այսինքն անոնց, որոնք ինկած էին Տիրանի գրչին տակ, իրենց նկարագրային գիծերու անպաճոյճ մերկութեամբ:

Բարոյական եւ նիւթական աննախընթաց յաջողութիւն մը եղաւ Տիրանին` ցուցահանդէսը, գուցէ` ամէնէն յաջողածը, եթէ հնարաւորութիւնն ունենանք քննելու Սաապի տոմարները: Չծախուած ծաղրանկար գրեթէ չմնաց: Ամէն ոք, որ ծաղրանկարուած էր, բնական «ամօթխածութեամբ» մը իր նկարը վերցուց հրապարակային ցուցադրութենէ` զայն կախելու համար իր մտերմութեան մէջ: Որովհետեւ, որքան ալ լայնամտութեան դարուն մէջ կ՛ապրինք ու ծաղրանկարիչին եւ երգիծագրին ներելի են սահմանազանցումներ, որոնք հասարակ մահկանացուներու պարագային մեր զայրոյթը պիտի գրգռէին, բայց նորէն, մարդիկ սեթեւեթ ժպիտով մը կը դիմաւորեն իրենց մասին գիծով թէ գիրով արտայայտուած ճշմարտութիւնները:

Չենք ըսեր, թէ այս հասկնալի «ամօթխածութիւնը» դեր ունեցած է Տիրանի գործերուն «հացի պէս» բաժնուելուն մէջ. բայց անկասկած որ նպաստած է` անկախ այդ գործերուն գեղարուեստական արժէքէն:

Տիրան հասած է տեղ մը, ուր գովասանքի պէտք չունի: Իր գործն ու տարիքը շատոնց անցած են այդ սահմանէն: Ի՞նչ որ կը փնտռէ այժմ` գեղարուեստասէր հասարակութեան գիտակից մօտեցումն է իր գործին, ընդհանրապէս ծաղրանկարչութեան, որ իսկական արուեստներու շարքին կը դասուի:

Նախքան ցուցահանդէսը` քանի մը տողով տուած էինք արդէն յատկանշական գիծերը Տիրանի արուեստին: Մեր մատնանշումները ըրած էինք ցուցահանդէսին մաս կազմող քանի մը գործերու ծանօթութեամբ ու գլխաւորաբար` հիմնուելով Տիրանի տասնամեակներու վաստակին վրայ, որ առատօրէն սփռուած կը տեսնենք լիբանանեան հայ թէ օտար մամուլի էջերուն վրայ:

Ինչ որ ըսած էինք` իբրեւ ընդհանուր նկարագիր Տիրանի գործերուն, պատեհութիւնն ունեցանք առաւելագոյն չափով հաստատելու իր ցուցահանդէսի ընթացքին, ուր ցուցադրուած գործերը, բացի լիբանանեան ծանօթ դէմքերէ, որոշակիօրէն կը մատնէին Տիրանի բարեկամութեան շրջանակը:

Տիրանին հետաքրքրութեան առանցքը, այս ցուցահանդէսի պարագային, կը կազմէին դէմքերը եւ ոչ թէ դէպքերը, որոնք պարագայական բնոյթ կը ներկայացնեն, ոչ մէկ մնայուն հանգամանք ունին: Ու ինչպէս ըսած էինք նախապէս, այդ դէմքերը ներկայացուած էին իրենց տառացի առումով: Տիրանին կենսական տարածութիւնը ծաղրանկարուող անձին գլուխն է, անոր դէմքը, ուր հայելիի մը պէս Տիրան կը հաւատայ տեսնել ցոլացումը անձի նկարագրին:

Աւելորդ գիծերու խճողումէն խուսափելով` Տիրան քանի մը յատկանշական մատիտի հարուածներով կու տայ դէմք մը, ուր ոչ միայն յարգուած են հեռանկարի հիմնական պայմանները, այլ նաեւ հեղինակը կրցած է կիրարկել մարդակազմութեան բոլոր օրէնքները, որոնք յաճախ կ՛անտեսուին նոյնիսկ անուանի նկարիչներու մօտ:

Պարագայական տուեալներէ աւելի, շեշտած է հիմնական տուեալները: Խուսափած է խայթելէ, ծաղրած է, հեգնած, բայց չէ վիրաւորած: Այս պարագան տիրապետող նկարագիրն է Տիրանի գործին, ինչ որ հարազատ արայայտութիւնն է Տիրանի անձին եւ անոր աշխարհահայեացքին:

Վերջապէ՜ս, կ՛ըսէին շատեր, երբ ներս կը մտնէին Տիրանի ցուցահանդէսէն ներս: Մինչ ուրիշներ փութկոտութիւնը կ՛ունենային, հազիւ ոտքի վրայ կանգնած, առանձին ցուցահանդէս ներկայանալու, Տիրան ոչ թէ ինքնավստահութեան պակասի, այլ ծայրայեղ համեստութեան պատճառով ձգձգած էր ցարդ ցուցահանդէսի մը կազմակերպութիւնը:

Կը յուսանք ու կը փափաքինք, որ Տիրան չգոհանայ իր այս յաջողութեամբ, ինչպէս չէ գոհացած ցարդ իր արուեստին աստիճանական կատարելագործութեամբ եւ ինքնասրբագրութեամբ:

Կը սպասենք նոր ելոյթներու:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Յաջորդը

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ Կ՛ՈՒՇԱՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԳԱՂԹԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.