Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 29, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԿՆԱՅ ՖՈԼՔԼՈՐ

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

Ակն քաղաքի պատմութեան նուիրուած անտիպ աշխատութենէ մը քաղելով` կու տանք ակնցիներու ժողովրդային բժշկութենէն նմուշներ.-

– Չմկրտուած նորածինին երեսը համբուրողին ակռաները չեն ցաւիր:

– Զատկի ճրագալոյցի երեկոյին եփուած կերակուրը եթէ ուտուի յաջորդ օրը, կիրակի առաւօտ, ակռաները ալ չեն ցաւիր:

– Աւագ ուրբաթ օրը անպատճառ կ՛ածիլուին, ամբողջ տարին գլխու ցաւ չունենալու համար:

– Յղի կին մը երբ ճամբուն վրայ ասեղ մը գտնէ, աղջիկ կը ծնի, իսկ եթէ «գնծեղ» ասեղ գտնէ, մանչ կը ծնի:

– Օձի շապիկը քնանալու ժամանակ գլխուն տակը կը դնեն, քուն կը բերէ:

– Ոտքը թմրած մարդ մը, երբ շփէ իր ճակատը, թմրութիւնը կ՛անցնի:

– Մեռելը թաղելէ ժամանակ մը ետքը, երբ ընտանիքին անդամներէն մին հիւանդանայ, շապիկը կը տանին կը թօթուեն գերեզմանին վրայ. հիւանդութիւնը կ՛անհետանայ:

– Երբ մէկուն գլուխը ցաւի, պատառ մը հաց կը պտտցնեն վրան, յետոյ կու տան շուներուն. ցաւը շունին կ՛անցնի:

– Յղի կինը կերակուրի հոտ առած ժամանակ պէտք է լզէ իր ափը:

– Անկողին մտնելու ժամանակ պէտք չէ գուլպաները գլխուն վերի կողմը դնել. քունը չի տանիր:

– Նորածինը չմկրտուած` սենեակէն դուրս չեն հաներ. «չար կու տան»:

– Տղացկանը քառասունքին մէջ մինակ չեն ձգեր, «ալ կու գայ» քովը: Այդ շրջանին տնական գործ պիտի չընէ, փերիներուն կը հանդիպի:

– Տղացկանը եւ նորածինը փերիի վտանգէն ազատ պահելու համար տղացկանին գլխին տակ Նարեկ, – իսկ նորածինին օրօրոցին մէջ հացի կտոր կը դնեն:

– Յղի մայրը եթէ օձէ կամ կարիճէ խայթուի, ծնանելէ ետք երեխան ազատ կ՛ըլլայ այդ վտանգէն. եթէ խայթուի ալ ազդում չի կրեր:

– Նորածին մը առաջին անգամ օրօրոց դնելու ժամանակ գլխուն տակ ընկոյզ մը կը կոտրեն. քունը թեթեւ կ՛ըլլայ:

– Երեխան եկեղեցի` մկրտելու տանելու ժամանակ աւազանը լեցուելիք ջուրը դոյլով տանողը ետին չի նայիր ճամբան. մանուկը շիլ կ՛ըլլայ:

– Կին մը, որ վիժում կ՛ունենայ ամէն յղութեան, կը նշանակէ, թէ յղի կատուի վրայէն անցած է: Ուստի յղի կատու մը կը գտնեն, կինը դարձեալ կ՛անցընեն վրայէն, յետոյ կատուն կը մորթեն եւ առանց մէկուն գիտութեան` փողոցի մը մէջ կը թաղեն, որպէսզի ուրիշ… կնոջ անցնի քեպէն:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 939 28/11/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՌԱՏԻՈՏԵՂԱԿԱՅԱՆՔԻ ՎԱՐՁՈՒՄԸ ՄԻՆՉԵՒ 2025

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։