Այլազան

ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ

Աշխարհին շուրջ տարբեր ժողովուրդներ կը պատրաստեն Կաղանդը տօնելու` իրենց յատուկ սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով...                       Բնական զարդարանքներ Կաղանդի շրջանին պրազիլցիները իրենց տուները կը զարդարեն ծաղիկներով, պտուղներով եւ հնդկընկոյզի ծառերու ճիւղերով: Դուն ալ կրնաս անոնց նման բնական զարդարանքներ գործածել եւ տանդ մէջ զետեղել չորցուած նարինջի կլոր շերտեր եւ կասիայի գաւազանիկներ: Անուշեղէնէ տունը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱԳԻՆ ԱՄՍԱԳԻՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ Անխառն ուրախութեամբ եւ յուզումով կ՛ղջունենք մեր գրական անդաստանէն ներս մուտքը աւետաբեր նորածինի մը, որ կենսունակութեան մը բոլոր նախանշաններով, նոր ճամբայ բանալու, գրական անտէր կալուածը ուռճացնելու խոստումներ կու տայ մեզի: Այս վստահութիւնը, որ ընդհանրապէս կը դժուարանանք ունենալ գրական այլ երեւոյթներու պարագային, որոնք ասուպի պէս կու գան ու կ՛անցնին մեր երկնակամարին վրայէն, աւելի կամ պակաս չափով...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԷՍԸ Ճիշդ տասը տարի առաջ, 1951 նոյեմբեր 29-ին աչքերը յաւէտ կը փակէր Ն. Փալանճեան Ճեմարանի հիմնադիր-տնօրէն, մեծանուն գրագէտ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ: Եւ տեղին էր, որ անոր մահուան տասնամեակը յիշէին հանդիսաւոր կերպով նախ ի՛ր աշակերտ-աշակերտուհիները: Այդպէս ալ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ, դեկտեմբեր 12, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ճեմարանի Շրջանային միութեան կազմակերպութեամբ...

ՔԻՉ ՄԸ ՓՈԽԵ՛ՆՔ

Վստահաբար շատեր արդէն իսկ յարդարած ու զետեղած են Նոր տարուան տօնածառը. ոմանք շաբաթավերջը կը սպասեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն հետ յարդարեն զայն: Բայց մեծ է թիւը նաեւ անոնց, որոնք ձանձրացած են աւանդական տօնածառէն` ըլլայ անիկա իսկական թէ արհեստական եւ կը փնտռեն նոր գաղափար մը: Այսօրուան էջը յատկացուցած ենք տարբեր տեսակներու. ընթերցողը կրնայ գտնել իր սրտին խօսողը, բայց նաեւ` տնեցիներուն ճաշակին յարմարողը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ Հայց. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները, ներկայ ուսումնական տարեշրջանին հետ սկսած ըլլալով իրենց դասաւանդութեանց, Թրիփոլիի զոյգ կիրակնօրեայ վարժարաններն եւս` Քաղաքի եւ Մինայի, վերաբացուեցան, ներքին տեսուչ Մակարիոս Ֆարաճեանի առաջնորդութեամբ: Հոգեկան կազդոյրի եւ ազգային արժէքներու ներշնչարան եղող այս դպրոցները երկար ժամանակ անհովիւ եւ իրենց վիճակին մնալէ ետք, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, ունեցան իրենց...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԱՍՏԱՆ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան կարգադրութեամբ շինարարութեան նախարար նշանակուեցաւ Կոնստանդին Մարութեան: Նախկին նախարարը` Մ. Սարուխանեան, իր «պարտականութենէն ազատուած է այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ»: - Նոյեմբեր 15-ի հրամանագրով Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին կից կեդրոնական վիճակագրական վարչութեան պետ նշանակեց` Գուրգէն Փահլեւանեանը: ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ` Ի ՊԱՏԻՒ Ա. ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ Յոբելենական երեկոյթով մը նոյեմբեր 16-ին Լենինականի պետական թատրոնին...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՀԱԼԷՊԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՔՈՎ «Արեւելք» (7 դեկտեմբեր) կը գրէ.- Երէկ Հալէպի նորընտիր երեսփոխանները այցելեցին Բերիոյ թեմի առաջնորդ  Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսին: Յարգելի երեսփոխանները հիւրասիրուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց զիրենք եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց վստահուած ծանր պաշօնին մէջ` ի բարօրութիւն եւ բարգաւաճում սուրիական եւ արաբական հայրենիքին: Երեսփոխաններու կողմէ խօսք առաւ տոքթ. Մաարուֆ Տաուալիպի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

«Ազդակ»-ի տպարանի վերանորոգման ու գունաւոր մեքենայով օժտումին առիթով եւ քաջալերելով «Եռագոյն ֆոնտ»-ի նուիրատուութիւնը. Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան 200$

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ՄԻՍԱՔ ԱՊԱՃԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ Միսաք Ապաճեան ունեցաւ արտասանական երեկոյ մը` ի նպաստ «Ազատամարտ» ակումբին: Արտասանութեան նիւթն էր Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խաջեզարէ» բանաստեղծութիւնը` նուիրուած Վասպուրական աշխարհի Սիփան սարին: Միսաք Ապաճեան, որ քանի մը անգամ արտասանած է այլ առիթներով, այս անգամ եւս ընդառաջ երթալով «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան հրաւէրին, սիրայօժար ստանձնած...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Սարգիս Աճեմեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Յովսէփ Մարգարեան 100$ Տէր եւ տիկին Վարուժան Սարգիսեան 50,000 լ. ո.   Ազնիւ Պէրպէրեանի մահուան առիթով (մահացած` Հալէպ)` Տիկին Ռիթա Ղարիպեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին տոքթ. Լեւոն եւ Ծիլա Աւագեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին տոքթ. Ժորժ եւ Մարօ Աւագեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ֆլորա Աւագեան...

ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՋՈՒՐԸ

Հակառակ որ թիւերը, ըստ զանազան ուսումնասիրութիւններու, թեթեւօրէն կը տարբերին, ընդհանրապէս ընդունուած է, որ միջին ծանրութեամբ անձի մը պարագային, անոր մարմնին ծանրութեան 50 - 75 առ հարիւրը ջուր է: Այսինքն, միջին հաշուով, քու մարմնիդ ծանրութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը ջուր է: Այո՛, ասիկա քիչ մը անհաւատալի կը թուի, սակայն ճիշդ է: Ասիկա կրնայ տարօրինակ հարցումներ յառաջացնել կարգ մը մարդոց մտքին մէջ: Ինչո՞ւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ Ուաշինկթընէն կը հեռաձայնեն «Հայրենիք»-ին.- 3 դեկտեմբերի կիրակի օր, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ փայլուն տօնակատարութիւնը Դաշնակցութեան 71-ամեակին: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Կ՛ատենապետէր Սերոբ Ներսէսեան: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, որ տպաւորիչ ճառով ներկայացուց Դաշնակցութեան գործը անցնող 71 տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կենսական առաքելութիւնը ապագայի իմաստով եւ, այն հիմնական սկզբունքներով, որոնցմով լծուած է...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Հրանդ Գալեմքերեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Հրաչ Հազարեան 100$ Սարգիս Աճեմեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Ծովիկ Ալեքսանեան 100,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՅԱՍԷՐԸ (ՆԱՆՍԷՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի հովանաւորութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է յիշատակի հանդէս մը, մեծ հայասէր Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան100-ամեակին առթիւ, կիրակի, 10 դեկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի չեփըլին մէջ: Յիշատակի այս հանդէսը, որ Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ համազգային բնոյթ կը ստանայ, երախտագիտութեան դոյզն արտայայտութիւն մըն է հանդէպ ազնիւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ (ԳԵՂՕՆ) Մանրանկար աշխարհ մըն է Լիբանանը. միանգամայն` անհուն աշխարհ: Իր անհունին մէջ կայ մտերմութիւն, իսկ իր մանրանկարին մէջ` տիեզերքի մը անհասանելին: Հակասութիւն մը չէ, այլ` ամբողջութիւն, որուն մանրանկարին ու մենանկարին մէջ միսթիք գեղեցկութիւնը հասած է իր լրումին: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, կը տուայտիմ իր գեղեցկութիւններուն առջեւ: Տառապանքիս պատճառը զինք չկարենալ ունենալ՞ս է, թէ սիրոյս սաստկութիւնը: Ի՞նչպէս գոհանալ,...

Page 462 of 482 1 … 461 462 463 … 482