Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 26, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՐՄԱՐԱ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
ԹՈՒՐՔ ԹԵՐԹԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նախորդ թիւով տուած էինք Պոլսոյ թրքական «Քարիքաթիւր» թերթի յարձակողականը փոքրամասնութեանց եւ մասնաւորաբար հայերու դէմ, որոնք ամբաստանուած էին Հալք կուսակցութեան ի վնաս քուէարկութեամբ:

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը պատասխանելով «Քարիքաթիւր»-ի ձաբռտուքներուն` ի մէջ այլոց կը գրէ.-

«Քարիքաթիւր» թերթը իր խմբագրականով ամբողջ մաղձ մը կը թափէ փոքրամասնութեան գլխուն անոր համար, որ ըստ իրեն,  փոքրամասնութիւն կոչուած զանգուածը իր քուէները կեդրոնացուցած է ոչ հալքեան կուսակցութիւններու վրայ: Նախ` ո՞վ ըսած է, թէ փոքրամասնութիւնները միաձայնութեամբ հակահալքեան քուէ գործածած ըլլան եւ յետոյ, ո՞վ իրաւունք տուած է «Քարիքաթիւր»-ին, որպէսզի սպառնալիքներ  տեղացնէ հայրենակիցներու վրայ, որոնք պարկեշտօրէն գործածած են իրենց քուէները եւ յայտնած` իրենց կամքը, ինչպէս` բովանդակ երկիրը:

Ժողովրդավար բոլոր հաւաքականութիւններու մէջ, ուր քուէներու թիւն է, որ կը խօսի, անշուշտ որ պիտի գտնուին խմբակներ, որոնք փոքրամասնութեան մէջ պիտի մնան: Բայց դարձեալ ժողովրդավարութեան իբրեւ արդիւնք` այդ խմբակները ոչ թէ քէն կը սնուցանեն իրենց քուէ չտուողներուն հանդէպ, այլ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն յաջորդ շրջանին անոնց համակրութիւնը ապահովելու համար:

«Քարիքաթիւր» այս առթիւ կը յիշէ ունեւորութեան տուրքի, 6 – 7 սեպտեմբերը եւ կ՛ուզէ, որ ան պայման ամէն ոք իր տեսանկիւնէն դիտէ դէպքերը:

Նկատելով, որ այդ դէպքերէն մէկը` ունեւորութեան տուրքը, տեղի ունեցած է որոշ խմբակի մը կողմէ եւ միւսը` 6-7 սեպտեմբերը` երկրորդ խմբակին կողմէ, փոքրամասնութիւնները այսպէսով դրուած կ՛ըլլան երկու սուրի միջեւ: Եթէ անոնք իրենց քուէները կեդրոնացուցած ըլլան Ա. խմբակին վրայ, երկրորդ խմբակէն մէկը իրեն իրաւունք պիտի տայ ամբաստանելու փոքրամասնութիւնները անոր համար, որ անոնք չեն մոռցած 6-7 սեպտեմբերը եւ իրենց ոխը երեւան կը բերեն այդ քուէարկութեամբ. իսկ եթէ հակառակը պատահի, այս անգամ պիտի կարենայ ելլել «Քարիքաթիւր» մը, որ պիտի ամբաստանէ այսպէս, փոքրամասնութիւնները` ըսելով, թէ անոնք չեն մոռցած ունեւորութեան տուրքը:

Ինչպէս որ «Քարիքաթիւր» չ՛երթար զմիւռնիաները, պուրսաները եւ էրզրումները հաշիւ հարցնելու այդտեղի ժողովուրդէն, նոյնպէս ալ երբեք իրաւունք չունի պատելու Պոլսոյ թաղերուն մէջ` փոքրամասնութիւններու քուէներուն տեսակները պրպտելու համար:

Ո՞ւր կը մնայ ժողովրդավարութիւնը, եթէ այսքան բարոյական ճնշում ի գործ կը դրուի քուէարկող հաւաքականութիւններու վրայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՆԱՆՍԵՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Յունաստանի առաջնորդն ու Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը մեծ մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսենի ծննդեան հարիւրամեակի յիշատակի հանդիսութեանց առթիւ Նորվեկիոյ գաղթականական խորհուրդին յատուկ հեռագիր ղրկած էին.

Օսլոյէն, Նորվեկիական գաղթականական խորհուրդը 18 հոկտեմբեր թուականով հետեւեալ պատասխանը ղրկած է.

Նորվեկիական գաղթականաց խորհուրդը կը փափաքի արտայայտել, Յունաստանի հայոց Այվազեան եպիսկոպոսի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ  Յակոբեանի միջոցաւ` իր ջերմ երախտագիտութիւնը, Ֆրիտեոֆ Նանսենի ծննդեան հարիւրամեակին առնչութեամբ տրուած ձեր հեռագրին համար:

Հեռագիրը կարդացուեցաւ խորհրդիս լիագումար հաւաքոյթին մէջ` ի ներկայութեան Միացեալ ազգերու գաղթականաց բարձր քոմիսերին եւ բոլոր ներկաներու կողմէ ընդունուեցաւ մեծ գնահատանքով:

 

ՆԵՐՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱԽՏԻԿԵԱՆ
ՉՀԱՐՄԱՀԱԼ ԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 27-ին Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան թեմական այցելութիւն տուած է Չհարմահալ գաւառին:

Յաջորդ առաւօտ հայր սուրբը այցելութիւն տուած է նահանգապետին եւ սիրալիր տեսակցութիւն ունեցած է անոր հետ:

Առաջնորդական տեղապահը շրջակայ գիւղերը այցելած է եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տուած է ցիր ու ցան հայերուն:

Չհարմահալի երբեմնի հայաշատ այս կեդրոնը այժմ գրեթէ դատարկուած է իր հայ բնակչութենէն: Հոն ներկայիս կ՛ապրին 205 հայեր եւ շրջակայ երեք գիւղերով միասին ունին 52 աշակերտ:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 938 24/11/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՇԱՏ ՀՆԱՐԱԳԷՏ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։