Այլազան

50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1963)

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուան Տօնակատարութիւնը Կիրակի, 10 փետրուար 1963, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ աննախընթաց հանդիսութեամբ: Եկեղեցւոյ ու դպրոցի բարենորոգումները աւարտած էին եւ թաղականութեան, հոգաբարձութեան ու շինութեան յանձնախումբին աննկուն կամքով կատարած տքնաջան աշխատանքները տուած էին իրենց լաւագոյն արդիւնքը: Ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, երբ հեռաւոր Ափրիկէէն ազնուական հայորդի մը, բնիկ սիսեցի Աքսոր Գասարճեան, յանձն կ՛առնէր...

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1963)

Հաւաքոյթ Ի Պատիւ Ճեմարանի Թերաւարտներուն Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, ի պատիւ Ճեմարանի թերաւարտներուն, տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 փետրուար 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Հարիւրէ աւելի երկսեռ ճեմարանականներ, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, ներկայ եղան այս հաւաքոյթին եւ ընկերական ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ լաւագոյն ժամանցի պահեր ապրեցան: Գաւաթ մը խմիչքի հիւրասիրութիւնը աւելի եւս բարձրացուց տրամադրութիւնները: Միութեան ատենապետ...

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1963)

Խմբագրական «Հայաստան» Անցեալ դեկտեմբեր 15-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ առաջին թիւը «Հայաստան» շաբաթաթերթին, որ այնուհետեւ կանոնաւորաբար կը հրատարակուի ամէն շաբաթ, ճոխ եւ այլազան բովանդակութեամբ, հայերէն եւ ֆրանսերէն ընտիր յօդուածներով: «Հայաստան» պաշտօնաթերթն է ՀՅ Դաշնակցութեան նոր սերունդին, որ տարիներէ ի վեր կը հրատարակէր համանուն ամսաթերթ մը, որ այժմ, արմատական բարեփոխութեամբ մը, կ՛առաջադրէ ըլլալ նոր սերունդին ձայնը` ուղղուած այն երիտասարդութեան, որ ծնաւ...

50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1963)

Տոմսեր «Ակնոց Չունինք, Երկգլխանի Շուն Ունինք» Հրաչանմա՜ն յաջողութիւններու մասին նոր լուրեր կը հասնին Խ. Միութենէն: Այսպէս, ըստ «Արեւ»-ի, Հիւսիսային Ուրալի մէջ խորհրդային գիտնականներ ջուրէն պղինձ կը հանեն` քարէն հաց հանելու առածը շուքի մէջ ձգելով... Իսկ Հայաստանի գիտնականները արդէն յաջողած են, կը հաղորդէ ուրիշ թերթ մը, քարէն հաց հանել գրեթէ, որովհետեւ քարը կը վերածեն... պարարտացուցիչ նիւթերու: Նո՛յն լուրերուն համաձայն, խորհրդային գիտնականներ...

Ի՞նչ Գոյնի Պնակի Մէջ Պիտի Ուտենք Մեր Ճաշը Այսօր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Եթէ կ՛ուզես աւելի համով տաք տուրմ խմել այս ցուրտ օդին, պէտք է ըմպելին դնես նարնջագոյն կամ քրեմ գոյնի գաւաթի մը մէջ: Այս եզրակացութեան եկած են սպանացի եւ անգլիացի գիտնականներու խումբ մը` շատ լուրջ ուսումնասիրութիւններէ ետք: Ըստ կատարուած վերջին ուսումնասիրութիւններուն, կերակուրի ամանին գոյնը կ՛ազդէ համի զգայարանին վրայ: Այս եզրակացութեան հասնելու համար գիտնականներու խումբը յիսունեօթը կամաւորներու տաք տուրմ...

50 Տարի Առաջ (9 Փետրուար 1963)

Բարգաւաճող Նոր Սիսը Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ Նոր Սիսը իր դպրոցով եւ եկեղեցիով, ակումբով, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններով ազգապահպանման եւ հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան սատարող օգտաշատ դեր մը կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել 35 տարիներէ ի վեր: Նախնական եւ շատ խեղճ պայմաններու մէջ սկսած այս գործունէութիւնը տարիներու ընթացքին, շնորհիւ սիսեցի հայրենակիցներու համերաշխ, եռանդուն եւ ազգանուէր գործունէութեան, ոչ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ազդակ»-ի առնչութեամբ առած խիստ գնահատելի նախաձեռնութեան առիթով` Օրդ. Սոնա Ճերեճեան 100$

Տօներ-Աւանդութիւններ. Բարեկենդան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հին ժամանակ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամենատարածուածը Բարեկենդանն էր: Անիկա կը յաջորդէր Ս. Սարգիսի տօնին եւ կը տեւէր մինչեւ Մեծ պահքի նախօրեակը: Երկշաբաթեայ այս տօնախմբութիւնը կատակով յաճախ կ՛անուանէին «փորեկենդան», որովհետեւ տօնին գլխաւոր յատկանիշը կերուխումն էր: Այս առիթով կը պատրաստէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օրերուն: Կաղանդի նման,...

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1963)

Միւնիխի Ռատիոկայանը «Բագին»-ի Մասին Միւնիխի Ազատութեան ռատիոկայանը յունուար 13-ի իր հաղորդագրութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ «Բագին» ամսագրի մասին.- Գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր «Բագին»-ը բոլորեց իր հրատարակութեան առաջին տարին: Իր առաջին իսկ համարները մեծ յաջողութիւն գտան ընթերցողներու մօտ: Արդէն լոյս տեսաւ «Բագինի»-ի երկրորդ տարուան առաջին համարը: Խմբագրական յօդուածին մէջ կը շօշափուին զանազան հարցեր` կապուած գրականութեան, արուեստին եւ գրական նոր սերունդին: Խմբագրականին...

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1963)

Հայ Կեանք Պապը Ներշնչուած Է Հայկական «Բարեկամութեան Երգ»-էն Ուրբաթ, 18 յունուարին, քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան սկզբնաւորութեան Յովհաննէս ԻԳ. պապը մասնաւոր ունկնդրութիւն մը շնորհած է Հռոմի Արեւելեան դպրոցներու, հաստատութեանց եւ ծէսերու բազմահարիւր աշակերտութեան: Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ տեղ գրաւած էին Հռոմի մէջ գտնուող Արեւելեան դպրոցներու մեծաւորներն ու ուսուցիչները, ընդ որս` հայկական Լեւոնեան վարժարանը, եթովպական, յունական, մարոնի, ռուս, ռումէն, ուքրանական ընծայարաններու ժառանգաւորները, ինչպէս...

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1963)

Աչքը` Հայկական Առածներու Մէջ Աչքդ Թո՛ղ Ուրիշին Վրայ Չըլլայ Նախանձոտ մի՛ ըլլար: Իր ընկերոջ յաջողութիւնը վիշտ կը պատճառէ նախանձոտ մարդուն: Նախանձը կրակի պէս կ՛այրէ իր տիրոջ սիրտը: Մեր ընկերոջ յաջողութիւնը օրինակ ըլլալու է մեզի: Աչքիդ Լոյսն Ըլլայ, Մի՛ Վստահիր Բացարձակ վստահութիւն մի՛ ունենար ոեւէ մէկուն վրայ: Սրտիդ գաղտնիքը զգուշացի՛ր ընկերոջդ տալէ: Այսօրուան ընկերդ, բարեկամդ, կրնայ գժտուիլ քեզմէ, կրնայ հակառակութիւն ցոյց...

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1963)

Հայերը Տէրիկի Մէջ Ս. Գէորգ Պատմական Եւ Հրաշագործ Տաճարը Կամարակապ Սիրուն Եկեղեցի Մըն Է Շաւարշ քհնյ. Պալըմեան, շարունակելով իր թափառումները Անատոլուի երբեմնի հայաշատ կեդրոններուն մէջ, հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ Տէրիկի հայերուն մասին.- Շաբաթ օր դէպի Տէրիկ ճամբայ ելանք: Օդը նպաստաւոր է եւ իմ տրամադրութիւնս` լաւ: Նոր վայրեր նոր գիւղեր ու տարբեր անձերու հետ պիտի ծանօթանամ: Այս մտածումներով ու խորհրդածութիւնով ուրախութիւն...

Ֆիոնա` Ճատրակի Թագուհի

Պատրաստեղ՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ֆիոնա Մութեսի 16 տարեկան է: Երբ ան փոքր էր, կ՛ապրէր Ուկանտայի (Ափրիկէ) փողոցներուն մէջ, մինչեւ որ անոր ձիրքը մէջտեղ ելաւ: Ան ճատրակի ախոյեան դարձաւ: Ճատրակի խաղին ծանօթանալէ առաջ Ֆիոնա կ՛ապրէր փողոցին մէջ, ուր կարելի չէր ուտելիք գտնել: Ան դիւրին մանկութիւն մը չէ ունեցած: Ինը տարեկանին է, որ Ֆիոնայի տխուր կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ, երբ ան ապաստան գտաւ...

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1963)

Խմբագրական «Պնակ Մը Կերակուր»-ի Հանգանակութիւնը Ձեռնարկներ կան, որոնք իրենց աւանդական բնոյթով, արժանի տեղ մը գրաւած են մեր կեանքին մէջ: Ձեռնարկներ, որոնք բացատրութեան չեն կարօտիր, այնքան, որ հարազատ են մեր հանրային գործունէութեան, այնքան, որ բնական դարձած է անոնց գոյութիւնը մեր իրականութեան մէջ: Անոնցմէ մէկն է, մեր գաղութին համար գլխաւորը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Պնակ մը կերակուրի տարեկան հանգանակութիւնը, որ...

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1963)

Տոմսեր Զռացող Լուրը Զարմանալի չէ: Ընդհակառա՛կն: Լուրը Թուրքիայէն կու գայ: (Անգարա).- Թուրքիոյ էշերը ազնուացնելու համար որոշուած է Կիպրոսէն էշ ներածել: Ինչպէս յայտնի է` Կիպրոսի սպիտակ եւ ստեւոտ էշերը համբաւաւոր են իրենց գեղեցկութեամբ: Այս որոշումը տրուած է քանի մը օր առաջ, 1963-ին, Մոհամետի 1382 տարեթուին: Որ ունկն ունի լուիցէ... այս զռացող լուրը: Չորս ականջները խօսին ամերիկացիին ու ռուսին, որ տոպրակով, գարիի...

Առողջապահական. Դիմադրականութիւնը Բարձրացնող Միջոցներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Դիմադրականութիւնը մեր մարմնին ինքնապաշտպանական հակազդեցութիւնն է արտաքին միջավայրի բացասական ազդեցութեան, մանրէներու ներթափանցման եւ այլն... Յաճախ կը խաթարուի դիմադրականութեան համակարգի աշխատանքը շատ մը գործօններու ազդեցութեան տակ: Այսպէս` - Եթէ վատառողջ ապրելակերպ կը վարենք, կը խմենք կամ կը ծխենք: - Եթէ ճիշդ եւ առողջ ձեւով չենք սնանիր: - Եթէ հոգեկան ընկճուածութեան ենթարկուած ենք: - Եթէ ֆիզիքական եւ մտային ծանր...

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 2013)

Ազգային Կեանքը Քուէյթի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Գրած էինք, թէ Քուէյթի Հայ նորընտիր Ազգային վարչութիւնը ձեռնարկած է նոր գործի` գաղութը կազմակերպելու եւ առիթներ ստեղծելու, որպէսզի հայութիւնը խմբուի Ազգային վարժարանին շուրջ (քանի որ եկեղեցի չունինք տակաւին): Եւ այս` զանոնք աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար համայնքը հետաքրքրող բոլոր հարցերուն, եւ մանաւանդ բոլորին գուրգուրանքին առարկայ դպրոցին բարոյական եւ տնտեսական կացութեան: Դեկտեմբեր 17-ին, հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ,...

50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1963)

Թատերական Կեանք «Նոր Պսակը» Հեղինակ` Յ. Օշական Բեմադրիչ` Թ. Այնեճեան Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, շաբաթ 26 եւ կիրակի 27 յունուար 1963, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Քոլեժ տը Լա Սալի սրահին մէջ ներկայացուց մեծանուն գրագէտ Յ. Օշականի «Նոր պսակը» թատերգութիւնը` բեմադրութեամբ երիտասարդ ու արժէքաւոր թատերասէր Թաթուլ Այնեճեանի: Երեք արարնոց ընտանեկան ողբերգութիւն մըն է «Նոր պսակը»: Երկաթի վաճառական Մարգարեան, բարի ու...

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1963)

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի «Վա՜յ Մեզ, Եղո՜ւկ Մեզ»... Սրտապատառ ճիչն է Տիգրանակերտի ժողովուրդին, որուն երբեմնի փառքէն բեկորներ մնացած են այսօր, Անատոլուի մթին խորշերուն մէջ: Նորութիւն չէ, անշուշտ, լսել կամ տեղեկանալ, թէ ցիրուցան համրանք մը ունինք Թուրքիոյ զանազան նահանգներուն մէջ, Պոլսէն հեռու: Եւ երբեք զարմանալի չէ, որ անոնք, այդ «գաղութները», աստիճանաբար հալին կամ գունատին: Երկրին օրէնքները, ընկերային եւ տնտեսական վիճակը ու մանաւանդ միջավայրը...

Page 434 of 482 1 … 433 434 435 … 482