Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1963)

February 5, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աչքը` Հայկական Առածներու Մէջ

Աչքդ Թո՛ղ Ուրիշին Վրայ Չըլլայ

Նախանձոտ մի՛ ըլլար: Իր ընկերոջ յաջողութիւնը վիշտ կը պատճառէ նախանձոտ մարդուն: Նախանձը կրակի պէս կ՛այրէ իր տիրոջ սիրտը: Մեր ընկերոջ յաջողութիւնը օրինակ ըլլալու է մեզի:

Աչքիդ Լոյսն Ըլլայ, Մի՛ Վստահիր

Բացարձակ վստահութիւն մի՛ ունենար ոեւէ մէկուն վրայ: Սրտիդ գաղտնիքը զգուշացի՛ր ընկերոջդ տալէ: Այսօրուան ընկերդ, բարեկամդ, կրնայ գժտուիլ քեզմէ, կրնայ հակառակութիւն ցոյց տալ քեզի:

Աչքը Սրտին Պատուհանն Է

Սիրտը աչքէն կը ստանայ իր լոյսը: Տեսողութիւնն է սիրտը լուսաւոր պահողը: Աչքը խաւարած` սիրտին ալ ճրագը կը մարի, մութի մէջ կը մնայ:

Աչքին Առջեւը Չի Տեսներ

Յստակատես չէ: Խոհեմութեամբ չի՛ քալեր: Մարդ իր աչքին առջեւը տեսնելով է, որ կարելիութիւն պիտի ունենայ ճանչնալու իր ընթացած ճամբան` ապահով մնալու համար սայթաքումներէ, անկումներու վտանգներէն եւ արկածներէն:

Աչքը Վախցած

Ճանչցած է անոր սխալ ըլլալը: Նոյն սխալը անգամ մըն ալ գործելու համարձակութիւնը մնացած չէ վրան: Մարդ հակամէտ է վախնալու այն բաներէն, զորս տեսած է եւ վիշտ ու վնաս կրած է անոնցմէ:

Աչքը Խօսք Չի Վերցներ

Աչքին հետ խաղալ չ՛ըլլար: Աչքին` մարդկային կեանքին վրայ ունեցած էական եւ կեդրոնական կարեւորութիւնը խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ: Աչքը տարակարծութիւն չի վերցներ: Աչքը խօսքէն աւելի հանգիստի պէտք ունի` լուսաւոր մնալու եւ իր պարտականութիւնները անթերի կատարելու համար:

 

Տոմսեր

Եւրոպայի Ծերանոցը
Կամ
Ծերուկները

Մերօրեայ մեծ ու փոքր մարդիկը կը կարծեն, թէ եկած է ժամանակը, երբ այլեւս ծերերը պէտք է քաշուին հրապարակէն` ղեկը յանձնելով երիտասարդներուն: «Ղեկ» երբ կ՛ըսեմ, պէտք է հասկնալ ամէ՜ն, ամէ՛ն բանի ղեկը, ի բացառեալ կիներուս ղեկէն, որ ի սկզբանէ կորսուած է արդէն:

Նիւթէն շեղեցանք: Եւրոպայի ծերերուն մասին պիտի խօսէինք եւ գրեթէ անգիտակցաբար անցանք կիներուն: Առ այժմ մէկ կողմ թողունք կիները, կամ անկիւն մը քաշուինք ու խօսինք սա Եւրոպայի ծերունիներու մասին, որոնք հասարակ մարդիկ չեն:

Անցած շաբաթ Եւրոպայի երկու մեծ մեծերը (թէեւ Տը Կոլի համար կարելի չէ ծեր ըսել, որովհետեւ դեռ մէկ երկու տասնամեակներ եւս կառավարելու տրամադրութիւն ունի) ողջագուրեցան եւ այս ողջագուրումով գիծ մը քաշեցին մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալին վրայէն:

Շատեր կը կարծեն, թէ այս պատմական ողջագուրումը մոռցնել տուաւ Փրուսիոյ երկաթեայ վարչապետ Պիզմարքը, որ փարիզցիներուն պարտադրած էր քաղաքին առնէտները կուլ տալ… Մոռցնել տուաւ Ա. Համաշխարհայինը, իր Վերսայի ամօթալի դաշնագրով: Դաշնագիր մը, որ աշխարհը հրէշի մը ձեռքը տալու առիթ մը պիտի ըլլար: Մոռցնել տուաւ Ալզաս-Լորենը, Միւնիխի դաշնագիրը, Մաժինոյի գիծը, Բ. մեծ պատերազմը, Նորմանտին եւ այլն: Մէկ խօսքով, այս համբոյրը վերջ կու տար ֆրանքեւգերման դարաւոր թշնամութեան…

Ժամանակին համբոյր մը Քրիստոսը խաչը հանեց, իսկ այսօր համբոյր մը, երկու ծերունիներու համբոյրը, բազմիցս զիրար խաչած երկու ժողովուրդներ վար կ՛առնէր քէնի, ատելութեան, պատերազմի խաչերէն…

Բայց, աւա՜ղ, երկու ծերունիներու դէմքերէն լորձունքը չչորցած ահաւասիկ տարակարծութիւն մը ծայր կու տար: Անգլիոյ «նորելուկ» ծերունին եւս մէջտեղ կ՛իյնար իր համբոյրն ալ միախառնելու առաջին երկուքին համբոյրներուն: Կարծէք Տը Կոլ վախցած այս վերջնոյս պեխերէն, որոնք բաւական թուլցած են Պհամայի հանդիպումէն ետք, մէկդի կը հրէր Մեք Միլլընը:

Այս տարուան խիստ ձմեռը կարծէք կը ստիպէր Մեք Միլլընը ոտքերը խոթել Եւրոպայի վերմակին տակ: Իրեն համակարծիք է Ատենաուըր, որ շատ ծեր ըլլալուն` կը կարծէ, թէ Մեք Միլլըն, հակառակ պաղարիւն անգլիացի մը ըլլալուն, կրնայ տաքցնել զինք: Միւս կողմէ` Հասարակաց Շուկայի միւս անդամներն ալ համամիտ են, որ Մեք Միլլըն միանայ իրենց: Օրինակի համար` Լիւքսենպուրկ, որ պիպերոնով կաթ խմելու չափ փոքր է դեռ, երբեք չի սարսափիր Անգլիոյ պեխերէն:

Սակայն եկո՛ւր տես, որ Ֆրանսայի Տը Կոլը անցեալ օր ամբողջ վերմակը տակը հաւաքած` դուրս ձգեց Մեք Միլլընը: Իսկ Ատենաուըր իր կեղծ ատամները իրարու կը զարնէ սաստիկ վախէն: Տը Կոլ կը խռկա՜յ, անուշ քուն, բայց թող ըսէ, թէ Եւրոպայի այս ծերերը ո՞ւր կ՛երթան, կամ առնուազն` ո՞ւր կը տանին Եւրոպան…

ԳԵՒՕ

 

Նախորդը

Հայրիկեանի Դէմ Մահափորձը Անհանգստացուցած Է Միացեալ Նահանգները

Յաջորդը

Յուշատետր. Խնդալը Լաւ Է

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.