50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1963)
Նոր Սիսի Ազգային Վարժարանի Բարերար Ա. Գասարճեանին Հետ Աքսոր Գասարճեան տեղապահ սրբազանին հետ Նոր Սիսի վարժարանին բարերար Աքսոր Գասարճեան վերադարձած ըլլալով Լիբանան` շրջանի թաղականութիւնն ու հոգաբարձութիւնը բարի գալուստի այցելութիւն մը տուին ազնուասիրտ բարերարին` երեքշաբթի, 26 փետրուար 1963-ին, իր բնակարանը, Ռապիէ: Շնորհակալութեան եւ բարեմաղթութեան ընթացիկ արտայայտութիւններէ ետք, Աքսոր Գասարճեան խօսք առնելով` նախ իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց հայութիւնը ամբողջ հարուածած մեծ աղէտին...