50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1963)
Ձմրան Աւերը Լիբանանի Մէջ Հինգ Հոգի Խեղդամահ Եղած Են Գետի Մը Յորձանքներուն Մէջ Սայտա Եւ Սուր` Զուրկ Ելեկտրականութենէ Շաբաթ օրուան հեղեղային անձրեւէն ու փոթորիկէն ետք օդը քիչ մը մեղմացաւ երէկ` կիրակի ցերեկին, ամբողջ գիշերը անձրեւելէ ետք: Բայց կը թուի, թէ այս մեղմացումը վաղանցուկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ըստ օդերեւութաբանական սպասարկութեան, յառաջիկայ 24 ժամերու ընթացքը, ջերմութեան աստիճանը, որ շաբաթ օր 8 ցոյց...