Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Գոյնի Պնակի Մէջ Պիտի Ուտենք Մեր Ճաշը Այսօր

February 9, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եթէ կ՛ուզես աւելի համով տաք տուրմ խմել այս ցուրտ օդին, պէտք է ըմպելին դնես նարնջագոյն կամ քրեմ գոյնի գաւաթի մը մէջ: Այս եզրակացութեան եկած են սպանացի եւ անգլիացի գիտնականներու խումբ մը` շատ լուրջ ուսումնասիրութիւններէ ետք:

Ըստ կատարուած վերջին ուսումնասիրութիւններուն, կերակուրի ամանին գոյնը կ՛ազդէ համի զգայարանին վրայ: Այս եզրակացութեան հասնելու համար գիտնականներու խումբը յիսունեօթը կամաւորներու տաք տուրմ տուած է խմելու` չորս տարբեր գոյներով գաւաթներուն մէջ. կարմիր, ճերմակ, նարնջագոյն եւ քրեմի գոյն:

Ինչո՞ւ նարնջագոյն կամ «քրեմ»

Պատճառը մենք պէտք է փնտռենք մեր ուղեղին մէջ: Առաջին հերթին տեսողութիւնն է, որ մեզի տեղեկութիւններ կու տայ ուտելիքին մասին, այսինքն այս ամանը, որուն մէջէն մենք կ՛ուտենք: Մարտ 2012 կատարուած ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է, որ ախորժակ բացող պնակ մը ճաշ տեսնելը ինքնին կ՛աշխատցնէ մեր ուղեղէն բաժիններ` մեզ պատրաստելով սիրելու մեր համտեսած ուտելիքը:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք «կ՛ուտենք» նաեւ մեր աչքերով: Հետեւաբար ան «ըմբռնումի» հարց է, այսինքն` մեր շուրջի աշխարհը հասկնալ մեր զգայարաններուն միջոցով:

Իւրաքանչիւր ուտելիքի համապատասխանող գո՞յն մը

Սակայն մենք միջոցը չունինք գիտնալու, թէ պնակի ո՞ր գոյնը ուտելիքի մը կամ ըմպելիի մը համը կը լաւացնէ:

Ասոր կողքին, ուրիշ գիտնականներ ապացուցած են, թէ, օրինակի համար, ելակով անուշեղէն մը աւելի շաքարոտ կը թուի ճերմակ պնակի մը մէջ, կամ խմիչք մը աւելի զովացնող կ՛երեւի կապոյտ անօթի մը մէջ:

Իսկ դո՛ւն ինչ կը մտածես այս ուսումնասիրութեան մասին: Արդեօք նշմարա՞ծ ես, թէ յատուկ ուտելիք մը կամ խմիչք մը քեզի աւելի համեղ կը թուի յատուկ գոյնով անօթի մը մէջ:

 

Պտո՞ւղ, Թէ՞ Բանջարեղէն

Դդում, խնձոր, դեղձ, վարունգ: Ասոնցմէ որո՞նք պտուղ են, որո՞նք բանջարեղէն: Ասիկա պարզ հարցում մը կը թուի. սակայն գիտնականներուն պատասխանը կրնայ մեզի զարմանալի թուիլ:

Բուսաբանի մը համար անոնք բոլորը պտուղներ են: Պտուղը բոյսին այն բաժինն է, որ կը մեծնայ ծաղիկէն: Անիկա կը պարունակէ հունտեր, որոնք իրենց կարգին կրնան բոյսի վերածուիլ: Այդ հունտը կրնայ մէկ մեծ հատիկ մը ըլլալ, ինչպէս` ավոքային պարագային, կամ` բազմաթիւ պզտիկ հունտեր, ինչպէս` վարունգին մէջ, նարինջին մէջ…

Իսկ ի՞նչ է բանջարեղէնը: Բանջարեղէնը բոյսին այն բաժինն է, զոր մենք կրնանք ուտել: Մենք կրնանք ուտել արմատները (ստեպղին), ուռուցիկը (գետնախնձոր), տերեւները (շոմին), կամ կոթերը (կարոս):

 

Կարեւոր Եւ Սննդարար
Ուտելիքներ

Այս հզօր ուտելիքները սնունդով հարուստ են. անոնք կրնան մեր մարմնին դիմադրականութիւնը (մանրէներուն դէմ պայքարելու միջոցը) զօրաւոր պահել եւ մեզի օգնել առողջ մնալու:

Անոնցմէ յիշենք.

 

Մածուն: Մածունը քալսիոմ, փրոթէին, Պէ կենսանիւթ կը պարունակէ: Անիկա մարսողութեան համար լաւ է:
Անուշ գետնախնձոր: Անիկա ամէնէն շատ սննդարար բանջարեղէններէն մէկն է: Կը պարունակէ փոթասիոմ, Սէ եւ Ա կենսանիւթ, քալսիոմ եւ երկաթ:

 

 

 

 

 

 

 

Լման հացահատիկներ: Լման հացահատիկներ, ինչպէս` վարսակը, սեւ բրինձ, կամ քինոա, շատ հարուստ են հանքային նիւթերով, Պէ եւ Ի կենսանիւթերով:
Հաւկիթ: Հաւկիթը հարուստ է փրոթէինով եւ տասնեակ մը կենսանիւթերով եւ հանքային նիւթերով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հոյամողէսներէն Աւելի Զօրաւոր

Եթէ մենք բաղդատենք այս անասունին խածուածքը անոր հասակին հետ, պիտի անդրադառնանք, թէ փիրանա ձուկը բոլոր անասուններուն մէջ ամէնէն ահարկու խածնելու մեքենան է:

«Նեշընըլ Սայընթիֆիք Ռիփորց» գիտական թերթի թղթակիցներն են, որոնք այս հաշիւները ըրած են:

Ըստ այս ուսումնասիրութեան, փիրանան կ՛անցնի նոյնիսկ ահաւոր թիրանոսոր հոյամողէսին, կամ` մեկալոտոնին, որ ճերմակ շանաձուկին 25 միլիոն տարիներ առաջ ապրող նախահայրն էր:

 

Հետաքրքրական

  • Խխունջ մը կրնայ քնանալ մինչեւ 3 տարի:
  • Քալիֆորնիոյ, Միացեալ Նահանգներ, օդակայանին մէջ, հովը այնքան զօրաւոր էր, որ օդ պիտի բարձրացնէր 214 թոն կշռող հսկայական օդանաւ մը: Տեղը կեցած օդանաւը հովի ազդեցութեան տակ տեղէն շարժեցաւ, անոր քիթը վեր բարձրացաւ եւ ան 50 մեթր անդին գնաց:
  •  Ամերիկացի Աշրիթա Ֆըրման կրցած է 10 մեթր քալել աշխարհի ամէնէն ծանր կօշիկները հագած. զոյգ մը կօշիկները միասին կը կշռէին աւելի քան 145 քիլօ:
  •  Աշխարհի վրայ 5 բնակիչներէն մէկը չինացի է:
  • Աշխարհի ամէնէն արագ աճող բոյսը պամպու եղէգն է: Կարգ մը եղէգներ կրնան օրական աւելի քան մէկ մեթր երկարիլ:
  • Մեր սիրտը օրական մօտաւորապէս 120 անգամ կը տրոփէ:
  • Կատուի մը ականջին մէջ կան 32 մկաններ: Այս մկանները անոր կարելիութիւնը կու տան զանոնք ճշգրտօրէն ուղղելու` գիտնալու համար, թէ ուրկէ՛ կու գայ իւրաքանչիւր ձայն: Մինչ մարդ արարածին ականջը ունի միայն 6 մկան:
  • Ամէն 50 տարին անգամ մը Հրատ մոլորակէն քարեր կ՛իյնան երկրագունդին վրայ:
  • Կարգ մը անձեր կրնան ցուրտին հանդէպ գերզգայնութիւն ունենալ:
  • Գոյութիւն ունի սարդի տեսակ մը, որ ինքն իր շուրջ մետաքսայ խոզակ մը կը շինէ, որպէսզի կարենայ շնչել ջուրին տակ:
  • 540 հատ պիստակով կարելի է շինել 340 կրամ պիստակի կարագ (փինաթ պաթըր):
  • Սկզբունքով փինաթ պաթըրը ստեղծուած էր իբրեւ փրոթէինի սնունդ` ակռայ չունեցող անձերուն համար:
  • Ելակի գոյն մորթով ընձառիւծ մը տեսնուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
  • Անձ մը պասքեթպոլի տրիպըլ ընելով` կտրած է 370 քմ` Ճափոնի ցունամիին զոհերուն համար դրամ հաւաքելու:
  • Երեւակ մոլորակին վրայ ցամաք գոյութիւն չունի:

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել գեղանկարիչին` գտնելու երանգապնակին հասցնող ճամբան:0
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Փետրուար 1963)

Յաջորդը

Արցախին Ու Վարդանանց Ճակատամարտին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Պաշտօնական Յայտարարութիւն Եւ Նախակրթարանի Վարդանանց Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.