Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1963)

February 1, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Զռացող Լուրը

Զարմանալի չէ: Ընդհակառա՛կն: Լուրը Թուրքիայէն կու գայ:

(Անգարա).- Թուրքիոյ էշերը ազնուացնելու համար որոշուած է Կիպրոսէն էշ ներածել: Ինչպէս յայտնի է` Կիպրոսի սպիտակ եւ ստեւոտ էշերը համբաւաւոր են իրենց գեղեցկութեամբ:

Այս որոշումը տրուած է քանի մը օր առաջ, 1963-ին, Մոհամետի 1382 տարեթուին:

Որ ունկն ունի լուիցէ… այս զռացող լուրը:

Չորս ականջները խօսին ամերիկացիին ու ռուսին, որ տոպրակով, գարիի տոպրակով տոլար եւ ռուբլի է որ կու տա՜ն ու կու տա՛ն թուրքին: Թող իրենց փողն ու ոսկին տան ու կենան իրենց աւանդական պաշտպանեալին, յաւիտենական մուրացկանին, միշտ չորս ոտքով իրենց դիմող բարեկամին: Փալանը, ոսկի թէ ոչ, կու գայ օրը աքացիին:

Այսօր, երբ արար աշխարհ երկնաշրջիկ արբանեակներու հոլովոյթը կը դիտէ, թուրքը դեռ էշ կը հոլովէ:

Այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, մէջն ըլլալով հայը, քարի եւ երկաթի դարերը մաշեցուցած, հանքածուխի ու քարիւղի դարերը քամած, աշխարհն է կառուցած:

Այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, մէջն ըլլալով հայը, հիւլէն կը նուաճէ, անջրպետը կը չափէ եւ իր հրաշադարը կ՛ապրի:

Եւ այսօր թուրքը դե՛ռ իր իշադարը կ՛ապրի:

Զարմանալի չէ: Ընդհակառա՛կն: Տեղքայլը թուրքի պար է:

Արաքսէն ասդին, դարերու արիւնահամ կողոպուտով ուռճացած երկրի մը մէջ, Արարատի անէծքին տակ, Անատոլեան դաշտերուն մէջ գիշեր է միշտ, գիշեր անհուն:

Անդին, հայուն «թրաքթորը» կը գոռայ: Ասդին, դեռ թուրքին էշը կը զռայ:

Անդին, հայը իր ներկայով իր ապագան կ՛արծարծէ: Ասդին, թուրքը իր ներկայով իր ապագան կ՛արածէ:

Ըսենք, թէ Կիպրոսի խորոտիկներուն եւ Մարզուանի մատակներուն հաճութեամբ` թուրքերը յաջողին ազնուացնել իրենց երկրին էշերը: Իշապանները ո՞վ պիտի ազնուացնէ: Առաջինը դիւրին է, իշու գործ է, երկրորդը դժուար է, մարդու գործ է: Առաջինը կարելի է: Անկարելին երկրորդն է: Թրքական իսկ առածով, էշ փոխելով` էշ հեծնողը չի փոխուիր:

Թուրքիոյ էշերը ազնուացնելու համար…:

Այս է Թուրքիայէն հասած վերջին… զռացող լուրը:

«Յ.»
ՇԱՀԷՆ

ՀՄԸՄ-ի Թրիփոլիի Մասնաճիւղի
Տարեկան
Շքեղ Պարահանդէսը

Շաբաթներէ ի վեր ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը տքնաջան աշխատանք կը տանէր պատրաստութեանը համար պարահանդէսի մը, որ տեղի ունեցաւ 19 յունուար 1963-ին տեղւոյս Քազինօ «Շըվալ Պլան»-ի շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թրիփոլիի երեսփոխան Ֆուատ Պորթի:

Հայ եւ արաբ կոկիկ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը: Գրեթէ բոլոր սեղանները նախապէս գրաւուած էին: Ժամը 10:00-ին սրահ ժամանեց օրուան պատուոյ հիւրը` Ֆուատ Պորթը շրջապատուած իր երկու զարմիկներով եւ կարգ մը երեւելի անձնաւորութիւններով: Անոնք առաջնորդուեցան դէպի պատուոյ սեղանը, որուն մաս  կը կազմէին նաեւ «Մէսաժըրի Մարիթիմ»-ի տնօրէն Նուպար Ուրֆալեան եւ իր դուստրը, վարչութեան ատենապետ Երջանիկ Տնկիկեան, փոխատենապետ տոքթ. Յակոբ Փափազեան:

Պէյրութէն մասնաւորապէս հրաւիրուած էր Լեւոն Սէքսէնեանի նուագախումբը, որ իր անզուգական նուագով ներկաները գինովցուց, հաճելի եւ դիւթիչ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր տոքթ. Յակոբ Փափազեան, որ շատ հաճելի կերպով կատարեց իր պաշտօնը: Ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, երեսունի մօտ արժէքաւոր նուէրներու բաշխման համար, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ «Միս էլեկանս»-ի ընտրութիւնը, որ վիճակուեցաւ Օրօր Ուրֆալեանին:

Ժամը 3:30-ին վարչութիւնը Ամերիկեան աճուրդի դրաւ «Բաթիսըրի մօտէրն»-ի կողմէ նուիրուած մեծ կարկանդակ մը, երեք յարկանի, որուն ճիշդ մէջտեղը ՀՄԸՄ-ի նշանը պատկերացուած էր: 250 լ. ոսկիի հասնելէ յետոյ, կարկանդակը վիճակուեցաւ Մկրտիչ Չպուքճեանին:

Պարահանդէսին ներկայ էին նաեւ Պէյրութէն եկած ՀՄԸՄ-ի երէց սկաուտներ եւ սկաուտական ընդհանուր խմբապետ Ճանիկ Ոսկերիչեան, որ 100 լ. ոսկի նուիրեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Ներկաները հայկական եւ արաբական ազգային պարեր կատարեցին եւ սրահէն բաժնուեցան շատ գոհ տրամադրութեամբ:

Մասնաւոր գնահատանքի եւ գովասանքի արժանի է ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը, որ իր այս ձեռնարկը յաջողութեամբ կատարեց, ամէնուն հիացումին արժանանալով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հոլլանտ Ապրիլ 24-ին Հայաստան Այցելելու Ծրագիր Չունի

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն Ճէյն Օսթընի Երկրպագուները Կը Նշեն «Փրայտ Էնտ Փրեճուտիս» Վէպին 200-ամեակը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.