50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1965)
Խմբագրական «Բագին» Չորրորդ Տարուան Սեմին Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, լոյս կը տեսնէր «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը: Երեք տարի շարունակ, գրականութեան դերին ու կոչումին հանդէպ խոր հաւատքով, ամսագրին շուրջ բոլորուած երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ընտրանին անշեղօրէն հետեւեցաւ այն հիմնական նպատակին, որուն համար գործի լծուած էր: «Բագին» կը հրատարակուէր յստակ առաջադրանքով: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր մեր կեանքը արտայայտութիւն...



