ՀՅԴ Օրուան Եւ Ակումբի
Բացման Հանդէս Շթորայի Մէջ
Հանդէսը տեղի ունեցաւ 27 դեկտեմբերին, ժամը 3:50-ին, «Աղբալեան» ակումբին մէջ:
Հանդէսը բացուեցաւ լիբանանեան քայլերգով եւ «Յառաջ, նահատակ»-ով:
Նուագեց Կարօ Քիւրքճեան:
Յաջող արտասանութիւններ ըրին Շթորայէն` Մովսէս Թոփուզեան, Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն` Պօղոս Մանճեան:
Այնճարէն մեներգեց Յովհաննէս Աբրահամեան եւ Զահլէի սկաուտներէն` Սարգիս Սալագեան եւ Շթորայի խաչուհիներէն` Մարի Տէր Սիմոնեան, խանդավառելով հանդիսականները:
Քանի մը լաւ կտորներ նուագեց Կարօ Քիւրքճեան (Զահլէէն): Յեղափոխական երգեր երգեցին Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութեան տղաք: Ասոնք եւ Զահլէի «Արմէն Գարօ» կոմիտէն, ընկերներ, նաեւ Հայ օգնութեան խաչի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնները եկան խրախուսելու «Աղբալեան» խումբը: Յակոբ Քէնտիրճեան խօսեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան հետապնդած նպատակներուն մասին, իսկ օրուան նախագահը ծանրացաւ Դաշնակցութեան օրուան տօնի նշանակութեան եւ ակումբներու օգտակարութեան մասին:
Յետոյ յիշեց Աղբալեանի եւ Արմէն Գարոյի զոհողութիւններն ու զոհաբերութիւնները: Դրուագներ պատմեց ֆետայիներու, դաշնակցական մեծ ընկերներու կեանքէն, թէ ինչպէ՛ս տուին ազատագրութեան համար պայքարի ոգի եւ զոհաբերութեան բարձրագոյն զգացում: Տեղի ունեցած այս կրթիչ հանդէսէն խանդավառուած, Զահլէի մարմինը եւ կազմակերպութիւնները շարժում ստեղծեցին ժողովուրդին մէջ` բանալով հանգանակութիւն մը ի նպաստ «Աղբալեան» նոր ակումբին, եղան առաջին մասնակցողները իրենք: Բոլոր ներկաները մասնակցեցան սիրայօժար:
Կարապետ Թոփուզեան լիբանանեան եւ եռագոյն երկու դրօշներ, իսկ ընկեր Գէորգ Պուճիկեան եւս ակումբի համար մաս մը պատկերներ նուիրեցին:
Գնահատելի էր բոլոր ընկերներուն տարած աշխատանքը:
Հանդէսը վերջացաւ յեղափոխական երգերով եւ շնորհակալութեան խօսքերով:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
Այս է ցանկը նուիրատուներու
Լ. ՈՍԿԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէ` 100, «Արմէն Գարօ» կոմիտէ` 25, Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւն` 25, Զահլէի Օգն. խաչի վարչութիւն` 15, Շթորայի օգնութեան խաչի վարչութիւն` 20, ազգային մը` 100, Զաքար Կիւլիւզեան` 50, Աւետիս Չոգագլեան` 25, Յարութիւն Յարութիւնեան` 25, Գէորգ Պէսէրէքեան` 20, Ազատ Գասարճեան` 15, Ժանօ Թանաշեան` 15, Գէորգ Պոմէրկեան` 15, Այնճարի պատանեկան միութիւն` 15, Յակոբ Քենտիրճեան` 15, Լեւոն Քիւրիւմլեան` 10, Ճորճ Կիւլտալեան` 10, Արտաշէս Հայրապետեան` 10, Կարապետ Թոփուքեան` 10, Կարապետ Տերվիշեան` 10, Յովսէփ Միքայէլեան` 10, Մարի Տէր Սիմոնեան` 5, Թորոս Քիւրքճեան` 5, Յակոբ Գասպարեան` 5, Յակոբ Թոքաթլեան` 5, տիկին Գարաօղլանեան` 5, տիկին Պիլեզիքճեան` 5, Յարութիւն Պուճիկեան` 5, Աբրահամ Ալաճաճեան` 5, Յովհաննէս Փոթուգեան` 5, Յակոբ Մարաշլեան` 5, Գէորգ Աթիկեան` 5, Վահան Յովնանեան` 5, Աբրահամ Փամպուքեան` 5, Սիմոն Փապուճեան` 5:
Տոմսեր
Երբ Փայտը
Փայտ Կը Ծախէ…
Շատ բան կարելի է ըսել թուրք հանրային կարծիքին կամ մամուլին հանդէպ, սակայն ճիշդ է, որ ունին մի քանի յանդուգն լրագրողներ, որոնք երկրին կացութիւնը անկեղծօրէն կը բացատրեն ժողովուրդին:
«Միլլիէթ»-ի յօդուածագիրը` Ալթան, կը խօսի թուրք վաճառականներուն մասին եւ անոնց գործունէութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով (հոկտեմբեր 21).
«Քանի մը օր առաջ յայտարարուեցաւ, թէ 1961-ի բերքէն վաճառականներուն ձեռքը մնացած է երկու միլիոն քիլօ ծխախոտ, եւ կ՛ուզեն կառավարութեան ծախել զայն: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ոչ թէ երկու միլիոն, այլ 50 (յիսուն) միլիոն քիլօ է եղեր, եւ ծախողները այս գործէն 25 միլիոնի շահ մը ընել կ՛ուզեն եղեր:
«Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք աժան առնելով` սուղ ծախելու մեր սովորութիւնը: Գիտութիւնը, քիմիագիտութիւնը, ճարտարագիտութիւնը, ելեկտրոնային ուղեղ բանեցնելը դժուար գործ է. փայտ տանելով փայտ ծախելը, ծխախոտ տանելով ծխախոտ ծախելը աւելի դիւրին աշխատանք է եւ դրամ շահելու դիւրին միջոց: Այս փայտը եւ ծխախոտը մեր աղքատ գիւղացիներէն ոչինչ գինով առնելով, վերջն ալ մեր աղքատ կառավարութեան ծախելով` միլիոններ շահելու կը նայինք»:
Այսուհանդերձ, մենք Չեթին Ալթանի նման յոռետես չենք Թուրքիոյ մասին, ընդհակառա՛կն, յառաջդիմութիւն կը տեսնենք:
Թուրք լրագրող մը մի քանի ամիս առաջ գրած էր, թէ թուրք ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը քարէ դարու մէջ կ՛ապրի տակաւին: Իսկ քարէ դարու մէջ փայտ չկար, ծխախոտ բնաւ չկար: Հետեւաբար Թուրքիա որքա՜ն յառաջդիմեր է` յաջողած ըլլալով հաստատել փայտի եւ ծխախոտի գործ, եւ մանաւանդ` քաղաքակիրթ աշխարհը կապել այդ գործերուն, իբրեւ յենարան քարէ դարու ուժերուն: Պզտիկ յառաջդիմութիւն չէ՞, մանաւանդ որ յառաջդիմական Մոսկուան իսկ կը կապուի վերջերս թրքական ծխախոտի ծուխին, թրքական փայտին եւ թուրք «փայտէ մարդեր»-ուն:
ԳԻՍԱՒՈՐ