Խմբագրական
Ծնունդ
Բացառիկ տարուան մը սովորական Ծնունդն է վաղը, ինչպէս սովորական Ծնունդ մը եղաւ ասկէ յիսուն տարի առաջ, երբ տարին կը սկսէր մօտալուտ վտանգի մը ահաւոր հեռանկարով:
Յիսուն տարի անցած է այդ արիւնոտ Ծնունդէն ի վեր, յիսուն երկար տարիներ, որոնց ընթացքին, աշխարհի չորս ծագերուն, հոն, ուր ափ մը հայեր կ՛ապրին, յիսուն Ծնունդներ եկած ու անցած են մեր աստանդական ժողովուրդին վրայէն, որ հակառակ բոլոր փորձութիւններուն եւ փոթորիկներուն շարունակած է վառ պահել պայծառ օրերու յոյսը, որ պատգամն իսկ է Աստուածորդւոյն ծննդեան:
Այսօր ալ, աշխարհի գլխուն ծանրացող տագնապալի այս օրերուն, տառապակոծ մարդկութեան փրկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ մը ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ հայու հոգին:
Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ հայը, ինչպէս առօրեայ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, վճռած է չիյնալ յոռետեսութեան գիրկը, այլ փորձութիւններէն վեր, հասնիլ երազային բարձունքներուն` որոնելու համար մարդ ըլլալու մեծութիւնը:
– Որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգերը:
Հին ու գեղեցիկ հեքիաթի մը խորագիրն է այս, որ յամառող հարցումի մը հանգոյն կը յուզէ մարդու հոգին, երբ ան կը փորձէ իմաստ տալ օրերու շղթային:
Ղօղանջը զանգերուն պիտի լսեն ու անով հրճուին այն մարդիկն ու ժողովուրդները միայն, որոնք Աստուածայայտնութեան խորհուրդին մէջ կը հաւատան լաւագոյն կեանքի մը կարելիութեան եւ քրիստոնէութեան իմաստը կը փնտռեն լաւագոյնին տենչալու եւ այդ տենչանքը գործնական կեանքի հանգանակ դարձնելու ճիգին:
Հայ ժողովուրդը հազարամեայ իր պատմութեան ընթացքին եղած է մարդկութեան այս ըմբռնումին հարազատ ներկայացուցիչը: Ու եթէ, հակառակ իր գլխէն անցած բոլոր փորձանքներուն, շարունակած է հաւատալ իր փրկութեան, ատիկա կը պարտի հոգեկան արժէքներուն տուած իր նախապատուութեան:
Զանգերը կը ղօղանջեն անոնց համար, որոնք կը հաւատան, զոհերը չեն կրծող տարակոյսին: Պիտի լսեն անոնք, որոնք կը հաւատան արդարութեան վերջնական յաղթանակին:
Զանգերը կը ղօղանջեն: Ու այս տարի` աւելի պերճիմաստ ու խորհրդալուր: Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բերնէն բարձրացող աղօթքի մրմունջները կ՛ելլեն դարձեալ` արդարութեան նոյն պաղատանքով:
Ու վստահ եղէք, արդարութիւնը պիտի չկրնայ իր երեսը յաւիտենական ծածկել մեզմէ:
Պիտի փշրուին գերութեան բոլոր շղթաները եւ անմեղներու ճակատները պիտի պայծառանան արդարութեան յաղթանակով:
Ա՛յս է օրուան խորհուրդը, որ կը լեցնէ հոգիներն անոնց, որոնք, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, հակառակ տարահալած կեանքի մը ձախորդութեանց, հաւատքին կայծով կը բոցկլտան:
Սիրոյ եւ հաճութեան պատգամն է, որ կ՛աւետուի Աստուծոյ տաճարէն` հասնելու համար բոլոր տառապողներուն, բոլոր զրկեալներուն:
Ու Գերագոյն Զրկեալին` հայ ժողովուրդին, որ յիսուն տարի է ահա, իր բիւրաւոր նահատակներուն վշտով հարստացած` կը հաւատայ պայծառ օրերու արշալոյսին:
Կը հաւատայ արդարութեան յաղթանակին ու այդ հաւատքով զրահուած` կը քալէ իր սրբազան առաքելութեան ճամբէն:
Ծննդեան տօնին առիթով հայ ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր ուխտը` աւելի քան երբեք հաւատաւոր, աւելի քան երբեք վճռական:
Սահակ Կաթողիկոսի Վախճանման 25-րդ Տարելիցը
Արդար Եւ Յուզիչ Ոգեկոչում Մը
Երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի վախճանման 25-րդ տարելիցն է: Մեծ եղեռնի յիսնամեակին զուգադիպող այս տարեդարձին ոգեկոչումը արդար է եւ յուզիչ:
Հայաստանեայց եկեղեցին տուած է հոյլ մը խոնարհ թէ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, որոնք մեր ժողովուրդին ազատագրական պայքարներուն մասնակցած են, կամ` քաջալերած, նաեւ բաժնած` իրենց ժողովուրդին խաչելութիւնը` ցմրուր քամելով ցաւի բաժակը, անասնական թուրքին պարտադրած տառապանքները, նահատակութիւնը:
Խրիմեան Հայրիկի, Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի, Գարեգին կաթողիկոսի տիպարով հայրենասէր ու համակ ժողովրդանուէր հոգեւորական մըն էր Սահակ կաթողիկոս, որ, ինչպէս կը պատմեն, 1909-ի Կիլիկիոյ հայոց արհաւիրքը տեսնելէ ետք, պահ մը նոյնիսկ վարանած էր իր հաւատքին մէջ… Սակայն հետագային, 1915-ի Մեծ եղեռնին, անվարան հետեւեցաւ իր ժողովուրդի խաչի ճամբուն, ակամայ առաջնորդ դարձաւ դէպի Գողգոթա երթին. իր ներկայութիւնը հոգեւին կը սփոփէր մարդակերպ գայլերէ հալածուած իր հօտը:
Հոգելոյս Սահակ կաթողիկոս Աւետարանի քաջ հովիւն էր, որ իր անձը ընծայեց հօտին պաշտպանութեան եւ մխիթարութեան համար: Իր օրինակը բարձրօրէն քրիստոնէական էր եւ խորապէս պատշաճ` հայ հոգեւորականին:
Տարագրութեան ողբերգութենէն վերապրած բախտաւոր բացառութիւններէն եղաւ նաեւ հոգելոյս կաթողիկոսը, որ զինադադարէն ետք, այս անգամ խորհրդանիշը դարձաւ հայու անընկճելի շինարար ոգիին եւ Անթիլիասի մէջ ամրացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` դարձնելով զայն հոգեւոր յուսատու կեդրոն մը, որ հետզհետէ պիտի զարգանար ու հասնէր գեղեցիկ բարձունքներու:
Մեր ժողովուրդի եղերական օրերուն ականատես` Ամենայն հայոց Գէորգ Զ. կաթողիկոս հետագային կամովին առած էր Վշտակիր ածականը:
Խապայեան կաթողիկոս կը ստորագրէր «Կաթողիկոս Աւերակաց»: Երկու հոգեւոր պետերը այս ձեւով կը յայտարարէին իրենց խոր վշտակցութիւնը հայ ժողովուրդի ողբերգութեան ու միաժամանակ սուգի եւ բողոքի շեշտ մը կ՛ընծայէին իրենց բարձր դիրքերուն: Այս երկու արտայայտութիւններն ալ տարիներ շարունակ յիշեցուցին տարագիր հայ ժողովուրդին, թէ համազգային վիշտ մը կար, որ պէտք չէր մոռցուէր եւ հայրենի աւերակներ կային, որոնց տիրացումը եւ վերաշինութիւնը մեր գերագոյն պարտականութիւնը կը մնային:
Երկու երջանկայիշատակ կաթողիկոսները այլեւս այս աշխարհին չեն պատկանիր, սակայն անոնց նուիրական անունները միշտ կը յիշեցնեն մեզի մեր Վիշտն ու Աւերակները, մանաւանդ` այս օրերուն:
Յարգա՛նք անոնց անմահ յիշատակներուն: