Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1965)

January 9, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Բագին»
Չորրորդ Տարուան Սեմին

Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, լոյս կը տեսնէր «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը: Երեք տարի շարունակ, գրականութեան դերին ու կոչումին հանդէպ խոր հաւատքով, ամսագրին շուրջ բոլորուած երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ընտրանին անշեղօրէն հետեւեցաւ այն հիմնական նպատակին, որուն համար գործի լծուած էր:

«Բագին» կը հրատարակուէր յստակ առաջադրանքով: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր մեր կեանքը արտայայտութիւն կը գտնէ իր բազմաթիւ երեսներով, զանազան հրատարակութիւններու հարստութեան մէջ, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնար մեծ բացական: Աւելի քան տասնեակ մը վարժարաններ ամէն տարի հայութեան կ՛ընծայէին գրասէր երիտասարդներու փաղանգ մը, որ ծարաւն ունէր Գեղեցիկին, ծարաւն ունէր անկորնչելի արժէքներուն: Կը փնտռէր նաեւ բեմ մը` արտայայտուելու, իրագործելու ինքզինք, ըսելու իր խօսքը` գրականութեան եւ արուեստի ճամբով:

Երեք տարի ետք, որքան գիտենք, «Բագին» յաւակնութիւնը չունի իր բոլոր առաջադրանքները լիովին իրագործած ըլլալու: Բայց ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի, այն հետաքրքրութիւնն է, որ ան ստեղծած է ոչ միայն Լիբանանի մէջ, ուր կը հրատարակուի, այլ նաեւ` հեռաւոր գաղութներ, մինչեւ իսկ Հայաստան, ուր գրագէտներն ու մտաւորականները կանոնաւոր կերպով կը ստանան «Բագին»-ը, հայրենիքի մէջ ծաղկող գրականութեան զուգահեռ` կատարելու համար հաստատումը սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկումին:

Հանրային իւրաքանչիւր գործ արտայայտութիւնն է հասարակութեան ընդհանրական յատկանիշներուն: Հարազատ ցոլացումն է անոր ապրումներուն եւ մտածումներուն: Այդ գործերուն մէջ ազնուագոյնը կը կատարուի գրականութեան ճամբով, ու «Բագին» իբրեւ այդպիսին` ազնուագոյն արտայայտութիւնն է շրջանի մը, սերունդի մը, որ կոչուած է իր դերը կատարելու մեր կեանքին մէջ:

Մինչեւ հիմա ունեցած ենք բազմաթիւ գրական հանդէսներ, որոնք հակառակ իրենց յարգելի ճիգին` չեն կրցած դուրս գալ իրենց սահմանափակ շրջապատէն ու այդ պատճառով ալ հետզհետէ խամրած են, թոշնած:

Երկու պատերազմներուն միջեւ «Հայրենիք» ամսագիրը կատարեց անփոխարինելի դեր մը` թանկագին ժառանգութիւն մը ձգելով նորահաս սերունդին, իբրեւ վկայութիւնը սերունդի մը, որուն ամէնէն արժէքաւոր գործերը լոյս տեսան այդ ամսագրին մէջ:

Այսօր, «Բագին», մեր հորիզոններուն վրայ, նոյն համատարած սպառումով վերցուցած է «Հայրենիք»-ի ջահը` հանդիսանալով նոր սերունդին բեմը, ուրկէ կը խօսին նաեւ հին սերունդի վաստակաւորները` գնահատելի ներդաշնակութիւն մը ստեղծելով հինին ու նորին միջեւ:

Առաջին իսկ օրէն «Բագին» կը ճշդէր իր հանգանակը եւ տարողութիւնը: Հիմնականը ազատ խօսքի արտայայտութիւնն էր, ստեղծագործական ազատութեան անբռնաբարելի իրաւունքը, որ հայ գրագէտինն է ու հայ մտաւորականինը:

«Բագին»-ի երեսունվեց թիւերը, որոնք մօտ երեք հազար էջ կը կազմեն, կու տան այս հիմնական սկզբունքին վկայութիւնը ու նաեւ այն հաւաստիքը, թէ ամսագրին խմբագրութիւնը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ նոյն սկզբունքին` հաւատալով  ազատ խօսքի հրաշագործ զօրութեան:

Թեւերը լայն տարածած սփիւռքահայ կեանքի բոլոր հորիզոններուն վրայ` «Բագին» վստահօրէն պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը առաջին տարիներու թափով` աւելի քան երբեք արդարացնելով այն զոհողութիւնները, որոնք այս ամսագրին հրատարակութեան կապուած են:

Վստահ ենք, որ ան պիտի շարունակէ նոյն խանդավառութեամբ եւ նոյն սկզբունքներուն հաւատարիմ խանդավառութեամբ եւ նոյն սկզբունքներուն հաւատարիմ` գրականութեան եւ արուեստի ջերմութիւնը մտցնել մեր տուներէն ներս, արժանանալով աւելի լայն գնահատանքի:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Ամանորը. Խանդավառ Զոյգ Ձեռնարկներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններու

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.