Ս. Ծնունդի Տօնը
Լիբանանի Մէջ
Ս. Ծնունդի տօնը այս տարի աննախընթաց շուքով, ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով տօնուեցաւ ամէնուրեք:
Երեքշաբթի, 5 յունուար 1965, յետմիջօրէի խթումի Ս. պատարագին բոլոր եկեղեցիներու մէջ խուռներամ հաւատացեալներ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութիւններուն եւ յաւարտ Ս. պատարագի, Ս. Ծնունդի քրիստոնէական խորհուրդին իմաստով ներշնչուած, հաղորդութիւն ստացան:
Երեկոյեան, պատկերասփիւռի կայան եօթէն եւ իննէն, յատուկ յայտագրով, լիբանանահայոց բարեխնամ առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան աւուր պատշաճի իր պատգամը ուղղեց լիբանանահայութեան` համերաշխութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան իմաստին բովանդակութեամբ:
Անհամար ընտանիքներ մինչեւ ուշ գիշեր Աստուածաորդւոյն ծննդեան աւետիսը տօնեցին:
Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս, դպրաց երգեցիկ խումբեր, ոմանք նուագարաններու ընկերակցութեամբ, թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով` տպաւորիչ ու անուշ երգեցողութեամբ Ս. Ծնունդը աւետեցին. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…»:
Չորեքշաբթի, 6 յունուարի մթնշաղէն առաջ, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ բոլոր զանգակները սկսան ղօղանջել աւետաբեր ուրախութեամբ:
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»:
Տօնական օրերու զգեստաւորումով շքեղացած` մեծն ու պզտիկը փութացին եկեղեցի:
Արդարեւ, բոլոր եկեղեցիները անխտիր, մինչեւ իրենց բակերը, շուտով լեցուեցան հոծ բազմութեամբ:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հայրապետական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Ս. պատարագը, որ ձայնասփռուեցաւ Պէյրութի ռատիոկայանէն, երգուեցաւ քառաձայն «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:
«Հայր Մեր»-էն առաջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հոգեշունչ հոյակապ քարոզ մը:
Ս. պատարագէն ետք, ամբողջ օրը, վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց պետական եւ յարանուանական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, պետական հայ երեսփոխաններուն, ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ ազգայիններու:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց առաջնորդ սրբազանը:
Երգեցողութիւնները քառաձայն երգուեցան դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ:
Պատարագիչ սրբազանը «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն…» Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին դարաւոր աղօթքին սքանչելի բառերուն իմաստը բնաբան ունենալով` հոգեշունչ եւ ազգայնաշունչ քարոզ մը խօսեցաւ:
Յաւարտ Ս. պատարագի, սրբազան հայրը առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները յարանուանութիւններու եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ ազգայիններու:
Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գնէլ եպս. Ճէրէճեան:
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Ս. պատարագը քառաձայն խմբերգուեցաւ «Գողթան» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Գեղամ Շիրվանեանի:
Խալիլ Պետեւիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գէորգ վրդ. Կիրակոսեան:
Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Եզնիկ վրդ. Բալայեան:
Ս. պատաարգը քառաձայն խմբերգուեցաւ «Շողակաթ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի:
Միւս բոլոր եկեղեցիներու մէջ նմանապէս տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագներ` քառաձայն երգեցողութեամբ եւ յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան:
Ջրօրհնէքի կարգն ու Ս. մկրտութիւնը եւս տեղի ունեցան հանդիսաւորապէս եւ աւանդական սովորութեամբ: Հաւատացեալներ իրենց տուները տարին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն:
Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ վերապատուելիներ Ս. Ծնունդի խորհուրդի մասին քարոզներ խօսեցան:
Երեկոյեան սրբազան արարողութիւնները ցուցադրուեցան պատկերասփիւռի լրատուութեան յայտագրէն:
Հինգշաբթի, 7 յունուար, յիշատակ մեռելոց, Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ:
Ֆըրն Շըպպէքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը այցելեցին բազմահազար հայորդիներ` յարգելու համար յիշատակը իրենց հեռու եւ մօտ ննջեցեալներուն:
Գերեզմանօրհնէքը տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերու:
***
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 յունուար 1965, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ներկայ եղող անդամներն ու համակիրները շուտով մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Միութեան ատենապետ Շաւարշ Թորիկեան շնորհաւորեց ներկաները Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ եւ թուեց այն ծրագիրները, որոնք որոշած է գործադրել վարչութիւնը 1965-ի ընթացքին: Յայտնեց, թէ 1965-ը նուիրուած պիտի ըլլայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակի յիշատակին:
Այնուհետեւ, հրաւիրեց Ճեմարանի փոխտնօրէններէն Մ. Իշխանը` իր խօսքը ըսելու:
Իր խօսքին մէջ Մ. Իշխան ըսաւ. «Գաղութներու մէջ, դժբախտաբար, նորահաս սերունդներ հետզհետէ դատապարտուած են կորսնցնելու իրենց ծնողներու ունեցած հայեցի դրոշմը եւ լեզուի հարազատութիւնը: Ասիկա մեծ ցաւ մըն է»:
Իր խօսքի վերջաւորութեան մաղթեց, որ Լիբանանի գաղութը, իր ունեցած կարգ մը առաւելութիւններով, ցաւ չունեցող եւ երջանիկ գաղութ մը մնայ:
Ապա Ե. Փամպուքեան գրաւոր նուէրներ կարդաց` ուղղուած Համազգայինի անդամներուն եւ բարեկամներուն: