Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1965)

Յունուար 3, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բագին

Երեք տարուան կեանք ունի «Բագին» ամսագիրը: Բեղուն կեանք մը: Երեք տարի անընդհատ, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, ամէն ամիս կը հասնի մեզի, յամառօրէն կը բախէ մեր դռները` յիշեցնելու համար, որ տեղ մը գրականութեան նուիրուած, գրականութեամբ ապրող, գրականութիւնը իրենց մեծագոյն կիրքը ըրած խանդավառ եւ ինքնամոռաց տղաք կան, որոնք սփիւռքի դժնդակ պայմաններուն մէջ կը ծառայեն գեղեցիկ դպրութեան:

«Բագին» երբեք յուսախաբ չէ ըրած ընթերցողը: Աւարտած ենք ընթերցումը ափսոսանքով ու յաջորդ թիւին մեր սպասումը եղած է աւելի ուժգին: Նոր բան մը գտած ենք ամէն անգամ անոր էջերուն մէջ եւ նորոգուած հասած ենք վերջին էջը ու մխիթարուած` արտասահմանի մեր իմացական այս հաւատաւոր ճիգին առջեւ:

«Բագին», արդարեւ, երեք տարուան իր գոյութեան կարճ շրջանին իսկ կրցած է ինքզինք դարձնել սփիւռքի մտաւորական կեանքի ամէնէն հարազատ հայելին: Հոն կը գտնենք ճաշակը, մտահոգութիւնները, ակնկալութիւնները, զայրոյթը երբեմն ու տագնապը յաճախ մեր կեանքը խորութեամբ ապրող մտաւորական ընտրանիին: Ընթերցողը էջ առ էջ կը թերթատէ սփիւռքի այս սրտառուչ գիրքը ու սքանչացումով կը յամենայ այն ազնուական նուիրումին առջեւ, որուն կենդանի վկան է «Բագին»:

Անշուշտ չենք կրնար պնդել, որ այս մեծ ամսագրին լոյս ընծայած բոլոր կտորները գրական յաջողութիւններ են, կամ բոլոր ստորագրութիւնները արուեստի վաւերականութեան կնիքը կը կրեն: Կարգ մը պարագաներու կրնանք նոյնիսկ հակառակը պնդել: Բայց պարագան նոյնը չէ՞ արդեօք եւրոպական գրական բարձրագոյն մակարդակի մը վրայ եղող հանդէսներուն: Այս բոլորին մէջ ինչ որ ուշագրաւ է, նոր անուններուն հանդէպ խմբագրութեան ցոյց տուած գուրգուրանքն է, նոր գրողներ հրապարակ բերելու եւ զանոնք քաջալերելու բարի ցանկութիւնը:

Սփիւռքի հայ արուեստագէտն ու մտաւորականը ունեցան իրենց բեմը: Ծանօթ ու սիրուած անուններ հաւաքուեցան այդ բեմին շուրջ ու հնարաւորութիւն ունեցան իրենց մտածումներն ու ապրումները հաղորդելու ընթերցող լայն զանգուածներուն: Այսօր, համաձայն խմբագրութեան յայտարարութեան, «Բագին» գլած անցած է ամէնէն լաւատես ակնկալութիւններն իսկ, իր երկու հազարէ աւելի սպառումով, ինչ որ իր նախընթացը չունի արտասահմանի մեր պայմաններուն մէջ:

Հոն կը գտնենք մեր ներկայ գրականութեան ամէնէն փայլուն, կենսունակ եւ սիրելի դէմքերը` Համաստեղ, Ն. Պէշիկթաշլեան, Արամ Հայկազ, Հ. Զարդարեան, Ն. Սարաֆեան, Կ. Սասունի, Եդ. Պոյաճեան, Պ. Սնապեան, Մ. Իշխան, Ա. Երկաթ, Յ. Գեղարդ, Լ. Մկրտչեան եւ կշիռ ունեցող բազմաթիւ մտաւորական այլ ուժեր: Թերթին անձնակազմը եւ մտաւորական այս շրջապատը զօրաւոր գրաւականն են անոր որակին եւ երաշխիքը` անոր յարատեւման:

Գրական այլ հանդէսներու մէջ պատահական երեւոյթ է գրական-իմացական այլազանութիւնը: «Բագին»-ի մէջ մնայունի հանգամանք ունի ան, մնայուն առաջադրանքի մը վերածուած է: Իր դէմքերը, գրախօսականները, նշմարները, արուեստի քրոնիկները, մշակութային արձագանգը թերթին կու տան այժմէականութիւն եւ զայն կ՛ընծայեն աշխուժ ու կենդանի: Այս բոլորին զուգահեռ է նաեւ ամսագրին հրատարակչական ձեւը: Գեղատիպ կողք, բծախնդիր ճաշակ, նիւթերու մտածուած դասաւորում եւ գուրգուրոտ վերաբերում բովանդակութեան նկատմամբ. առաքինութիւններ, որոնց համար «Բագին» ո՛չ մէկ ընկրկում ունեցաւ անցնող երեք տարիներու ընթացքին: Այս բոլորը կը ներշնչեն այն խոր հաւատքը, որ ապագային ալ նոյն ոգիով պիտի շարունակուի գեղեցիկ այս գործը:

***

Կարելի չէ այս առիթով առանձնապէս չանդրադառնալ «Բագին»-ի լոյս ընծայած բացառիկ թիւերուն:

Անցնող երեք տարիներու ընթացքին «Բագին» հրատարակեց երեք բացառիկ թիւեր, նուիրուած` Մեսրոպ Մաշտոցին, Սայաթ Նովային եւ Յ. Օշականին: Այս երեք անունները երեք անկրկնելի արժէքներն են մեր դպրութեան: Մեսրոպ Մաշտոց` իր աստուածատուր հանճարով եւ ցեղին փառքը հայակերտող իր գիւտով: Սայաթ Նովա` իր աննման քնարով եւ բանաստեղծական անկորնչելի արժանիքներով: Յակոբ Օշական` գրականութեան հանդէպ նուիրումի իր ստեղծագործ կիրքով, մեհենական մոլեռանդութեամբ եւ անշիջելի վաստակով: «Բագին»-ի երեք բացառիկներն ալ սպառիչ կերպով տուած են երեք այս հսկաներուն դէմքերը, բանասիրական, գեղարուեստական, բայց մանաւանդ` արժէքներու բնորոշումի անկիւններէն դիտուած: Սփիւռքի լաւագոյն գրողները արտայայտուած են անոնց մասին` լոյսին հանելով անոնց արուեստին ու վաստակին բոլոր մասնայատկութիւնները: Բարեխիղճ մօտեցում եւ քննական ոգի` աշխատակիցներու կողմէ, եւ դասաւորումի ու ներկայացման նուրբ ճաշակ` խմբագրութեան կողմէ, վերածած են այս երեք «բացառիկները», երեք բացառիկ հրատարակութիւններու, որոնց ընդմէջէն ընթերցողի ընկալչութեան կը ներկայանան երեք այս լուսաւոր դէմքերը` պարզ, յստակ եւ ամբողջական: Չէ անտեսուած ամենադոյզն յուշի փշրանքն իսկ: Ու անոնք, որ Մեսրոպի, Սայաթ Նովայի եւ Օշականի մասին պիտի փափաքին լրիւ գաղափար կազմել, պէտք է դիմեն անպայման այս բացառիկներուն: Բացառիկներ են անոնք ոչ միայն «Բագին»-ի հաւաքածոներուն, այլ հայ մամուլի բոլոր բացառիկներուն մէջ կը պահեն իրենց գերազանց հանգամանքը: Փափաքելի է, որ կարկառուն դէմքերը ամբողջական կերպով, բացառիկ թիւերով ներկայացնելու «Բագին»-ի ճիգը մնայուն բնոյթ ստանայ եւ տարին գոնէ մէկ անգամ ընթերցողին տրուի այսպիսի սքանչելի վայելք մը:

Գ. ՆԳՐՈՒՐԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ոդիսական Արշաւ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?