Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Առաւելութիւններ ձեռք պիտի ձգէք` շնորհիւ ձեր նախաձեռնութիւններուն: Ուշադրութեամբ աշխատեցէք: Կեղծաւոր մարդոցմէ զգուշ եղէք: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Տեղափոխուելու միջոցները շատ են, բայց դուք կրնաք փոխադրուելու ձեր միջոցը գտնել յարմար գիներով, ըստ ձեր ունեցած պիւտճէին: Ձեր սխալները սրբագրելու ժամանակ ունիք, մի՛ երկմտիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...





