ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ: Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր ժամը 8:30-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ
Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը պիտի սկսի ընդունելու կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2018/2019 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները
Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ն, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 137 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ + կառատուն: Հեռ. 01-241636 (առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00) կամ 71-647181 (կէսօրէ ետք):
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018


