ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Աշխատեցէք յաղթահարել ձեր ընկճուածութիւնը: Ձեզի պիտի այցելէ ձեզմէ հեռու ապրող անձ մը: Անձնասիրութամբ մի՛ վարուիք այս օրերուն: Դիւրաւ պիտի հաղորդակցիք ուրիշներու հետ եւ ձեր տեսակէտը արտայայտէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Անսպասելի եւ տարօրինակ բան մը պիտի պատահի: Նեղութեան մէջ պիտի ըլլաք յառաջիկայ օրերուն, բայց դիւանագիտութեամբ վարուեցէք ամէն ինչի հետ: Անձնական եւ ընկերային գետնի վրայ թոյլ մի՛ տաք, որ պայմանները բարդանան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հարցումներ մի՛ ուղղէք եւ լուսաբանութիւններ մի՛ պահանջէք: Յառաջիկայ օրերուն յետաձգեցէք ամէն բան: Դրական կ՛երեւիք: Բախտը ձեզի հետ պիտի գործակցի: Ամսուան ամէնէն լաւ օրերէն մէկն է: Ձեր վրայ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնանայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի վերադառնաք ձեր հին սիրոյն: Հանդիպում մը պիտի ունենանք անոր հետ, որ ձեր միտքէն չհեռացաւ եւ ոչ մէկ վայրկեան: Դուք փնտռեցէք ձեր սիրելիները եւ մի՛ սպասէք պատահմամբ հանդիպելուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Համբերեցէք այլոց հակառակութիւններուն: Շատեր պիտի պարտադրեն ձեզի, որ տաք որոշում մը, որ դուք յարմար չէք տեսներ: Մի՛ ենթարկուիք ուրիշներուն: Շահ մը կամ ներդրում մը պիտի ունենաք: Ձեր նիւթական վիճակը իմաստութիւն կը պահանջէ, զգուշ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Խոստովանութիւն մը պիտի կատարէք: Ձեր աստղը խորհուրդ կու տայ` ձեզի բարեգործութիւն կատարել յառաջիկայ օրերուն եւ հաշտեցնել վիճաբանած երկու անձեր: Ճշմարտութիւն մը պիտի գիտնաք, բայց պիտի կասկածիք ձեր նոր ընկերներէն մէկուն վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք, որ իմաստութիւնը երբեմն լռութեան մէջ է: Կարեւոր զարգացում մը պիտի իրականացնէք: Տուեալները ձեր սպասածէն աւելի արագ պիտի ընթանան: Ձեր զգացական եւ ընկերային կեանքը պիտի բարգաւաճի, եւ դուք պիտի սկսիք ձեր ծրագիրներու գործադրութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նայուածքները եւ ականջները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: Անձնական եւ ընտանեկան հարցերու մասին մի՛ խօսիք: Ձեր գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք: Եթէ հարցումներ ուղղուին ձեզի, մի՛ աշխատիք պատասխանել մանրամասնութեամբ, վերապահ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հիմը պիտի դնէք նոր ծրագիրի մը, որու գործադրութեան պիտի սկսիք շուտով: Ձեր ծրագիրին հովանաւոր պիտի գտնէք: Ձեր ընկերները պիտի օգնեն ձեզի եւ երախտապարտ պիտի ըլլան ձեզի, բան մը, որ ձեզ շատ պիտի ուրախացնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մթնոլորտէն օգտուեցէք եւ ձեր ընկերներն ու սիրելիները հրաւիրեցէք խրախճանքի: Բայց ուշադիր եղէք, յառաջիկայ օրերուն աշխատանքային գետնի վրայ բացասական թրթռացումներ պիտի ունենաք, եւ ձեր յաջողութեան մասնիկներէն մէկը պիտի կորսնցնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Արհեստագիտական հարցերով պէտք է զբաղիք, եթէ կ՛ուզէք յառաջանալ: Վառ պահեցէք ձեր դիւանագիտութիւնը: Յառաջիկայ օրերուն դրականութեան մասին պիտի խօսին ձեր աստղերը: Ձեր տրամադրութիւնները բարձր կ՛երեւին եւ սպասումները դրական:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ընկերային հանդիպումով մը պիտի ուրախանաք, կամ` հանդիսութեամբ մը: Տուեալները ի շահ ձեզի պիտի զարգանան: Ինքնավստահ կ՛երեւիք եւ շղթաներէն` ձերբազատած: Պիտի հանդիպիք այն անձին, որ կ՛ուզէ ձեզ ձեր պաշտօնէն հեռացնել եւ ձեր ճամբուն արգելք ըլլալ: