ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարիքը ունիք հանդարտութեան: Մնացէք միշտ այն մարդոց հետ, որոնց հետ հանգիստ կը զգաք: Օտար անձ մը պիտի միջամտէ ձեր հարցերուն: Պահեցէք ձեր ժպիտը: Աշխատանքային գետնի վրայ ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ ճնշէք մարդիկը, նորութիւններուն ուշադրութեամբ հետեւեցէք: Գալիք օրերը յարմար են, եթէ օգնութիւն պիտի կատարէք մէկուն: Նիւթական գետնի վրայ բախտաւոր պիտի ըլլաք եւ լաւ շահ պիտի ապահովէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Փաստ մը պիտի ներկայացնէք` ապացուցելով ձեր քաջութիւնն ու համարձակութիւնը: Մի՛ մոռնաք, որ շատ բարակ թել մը կայ համարձակութեան եւ անկրթութեան միջեւ: Վերապահ եղէք: Ձեր տրամադրութիւնը քիչ մը պիտի փոխուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յարաբերութիւնները պիտի զարագանան, եւ գործունէութիւնները պիտի շատնան: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ պիտի ուրախանաք: Ուշադրութիւն պիտի դարձնէք ձեր առողջութեան: Ձեր սովորութիւնները պիտի փոխուին: Ժամադրութիւն մը կամ ճամբորդութիւն մը պիտի յետաձգէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր գործերը պիտի շատնան եւ ձեր վրայ պիտի ճնշեն: Դուք զօրաւոր էք եւ տոկուն, բայց ինչ որ պատահած է, ձեզ քիչ մը իրար պիտի անցնէ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Մի՛ վախնաք հարցումներ ուղղելէ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Արհեստագիտական նոր սարքերու պիտի ծանօթանաք: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի աւելնայ: Պիտի գործածէք ձեր հեղինակութիւնը: Ձեր հաշիւները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Պիտի կասկածիք ձեր ունեցած տուեալներուն վրայ, բայց շուտով պիտի տիրապետէք կացութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք նախանձոտ մարդոցմէ: Վերապահ եղէք եւ ձեր գաղտնիքները ձեզի պահեցէք: Նիւթական հարցեր պիտի լուծէք: Այս օրերուն, եթէ կրնաք, հեռու մնացէք առեւտուրէն: Պիտի զգաք, որ մէկը ձեզմէ բան մը կը պահէ: Համարձակ եղէք եւ որքան կրնաք, հարցումներ ուղղեցէք` առանց դիմադրութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր դիմաց պիտի դիւրանան զրոյցները եւ քննարկումները: Պիտի շարունակէք ձեր ծրագիրները: Լուսինը լայն հորիզոններ պիտի բանայ ձեր առջեւ: Ձեր կարողութիւնները երեւան պիտի ելլեն: Մեծ շահեր պիտի ապահովէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեզի տրուած առիթներէն օգտուեցէք: Այս երկու օրերուն ընթացքին պիտի ստանաք այն, ինչ որ կը փափաքիք: Աճապարանօք գործեր պիտի կատարէք, ուշադիր եղէք սխալներ գործելէ: Ձեր ինքնավստահութեամբ աշխատիլը ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանան, եւ դուք պիտի վերատիրանաք ձեր կորսնցուցածին: Յառաջիկայ օրերը յարմար են մարդոց դիմաց ելլելու, նոր միտքեր ներկայացնելու կամ զրոյցներ կատարելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր անմիջական միջավայրէն դուրս հանդիպում մը պիտի ունենաք մէկու մը հետ կամ անակնկալ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Հանդարտութեամբ սերտեցէք ձեր կարողութիւնները եւ ըստ այնմ մշակեցէք ձեր ծրագիրները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Զրոյցով մը կամ անձի մը ներկայութեամբ հանգիստ պիտի զգաք: Պիտի համակերպիք ներկայ պայմաններուն: Կարգ մը տուեալներու մասին արագ որոշում տալով` սխալներ գործելէն զգուշ եղէք: Ուրախութեամբ ձեզ հետաքրքրող լուրեր պիտի ստանաք:
 
			