Այլազան

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բոլորիս ծանօթ է, որ ովկիանոսներուն կերպընկալէ նիւթերով ապականումը ահաւոր աղէտ մըն է, որ կը սպառնայ մեր ամբողջ միջավայրին եւ վտանգ մըն է բոյսերուն եւ անասուններուն համար: Այս ձեւով, քանատացի Ռոպըրթ Պեզօ, փոխանակ պարզապէս խօսելու այս ժխտական հետեւանքներուն մասին, գտած է լուծում մը: Ռոպըրթ Պեզօ կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկա, Փանամայի մէջ: Ան սկսած է վերամշակել կերպընկալէ միլիոնաւոր շիշեր`...

50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1969)

Հայաստան Մուսա Լերան Հայ Ժողովրդական Բանահիւսութիւնը Երեւանցի բանահաւաք Վ. Սվազլեանը հաւաքած եւ Երեւանի մէջ հրապարակած է Սուէտիոյ հայերու բանահիւսութեան ընտիր նմուշներ: Այդ նիւթերը գրի առած է Երեւանի Շահումեանի, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի եւ Հոկտեմբերեանի շրջաններուն մէջ բնակող այն սուէտահայերէն, որոնք Հայաստան ներգաղթեցին Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս յետոյ: Սվազլեանը կը նշէ, որ Մուսա Լերան ստորոտին ապրող հայերու բանահիւսութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Ժողովրդական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Այս շրջանին կարեւոր որոշումներ պիտի տաք: Յոգնեցնող ու պահանջկոտ շրջան մըն է, որ ձեզմէ պիտի խլէ մեծ ուշադրութիւն: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Դուք արժանի էք գնահատուելու, բայց պէտք է կարեւոր քայլեր առնէք հոն հասնելու համար: Ձեր պարտաւորութիւնները պիտի բազմանան այս օրերուն: Ձեր հարցերը դիւրութեամբ պիտի յաջողիք լուծել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

Յայտարարութիւններ ( 14 Յունիս 2019)

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀՅԴ Բիւրոն կը ցաւակցի «Ազատ օր»-ի երկարամեայ խմբագիր եւ ՀՅԴ պատասխանատու պաշտօններ վարած հաւատաւոր ընկեր ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆի մահուան առիթով: Մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն: ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ 13 յունիս 2019 ------------------------------------- ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀՅԴ Բիւրոն կը ցաւակցի ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի երկարամեայ անդամ եւ ատենապետ ընկերուհի ԺՈՐԺԵԹ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան առիթով: Մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալ...

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1969)

Ժ. Փոմփիտու Վաղը` յունիս 15-ին, Ֆրանսան պիտի ընտրէ իր նախագահը: Մասնագէտներու կազմած վիճակագրութեան եւ թերթերուն յայտնած կարծիքներուն համաձայն, ցանկին վրայ մնացած երկու թեկնածուներէն Ժորժ Փոմփիտու աւելի բախտ ունի տը Կոլի աթոռը գրաւելու, քան իր մրցակիցը` Ալեն Փոհեր: Ժորժ Փոմփիտուի քաղաքական ճակատագիրը, կարճ ժամանակէն իրեն սպասող յաղթանակին հաճոյքը կամ պարտութեան վիշտը առանձին նշանակութիւն չունին այս սիւնակին համար, շահեկան է, սակայն, հաւանական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ժամանակը յարմար է` ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Աշխատանքային գետնի վրայ խոստմնալից շրջան մըն է: Կարգաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի անոնք հեզասահ ընթանան: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Այցելութիւններ պիտի կատարէք ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն: Անակնկալ դէպքի մը պատճառով տագնապ եւ նեղութիւն պիտի զգաք: Վստահեցէք ձեր ուժին եւ կարողութեան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Կանուխ գացէք աշխատանքի...

Յայտարարութիւններ ( 13 Յունիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Վիգէն Պասմաճեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Կարապետ Թահմաճեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Գեղամ Բրուտեան եւ զաւակունք Պասմաճեան եւ Թահմաճեան ընտանիքներ Բրուտեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ Ճիպէլեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ԵՂԻՍԱԲԷԹ (ԱՆԻ) ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ (Ծնեալ` ՅԱԿՈԲԵԱՆ) մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր`...

Կին Դէմքեր.  Լուսինէ Զաքարեան

Կին Դէմքեր. Լուսինէ Զաքարեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ յունիս 1-ին Լուսինէ Զաքարեան պիտի դառնար 82 տարեկան: Նոյն այդ օրը Երեւանի Կողբացի փողոցին վրայ բացումը կատարուեցաւ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական երգչուհիին տուն-թանգարանին: Բնակարանը, ուր Լուսինէն եւ իր ամուսինը` Խորէն Պալեան ապրեր էին երկար տարիներ, կահաւորուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կահաւորուած էր երգչուհիին ապրած տարիներուն: Ցուցադրուած են անոր հագուստները, անձնական իրերն ու կահոյքը: Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանէն բաժին...

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1969)

Ցաւը, Որ Մեզի Կը Տանջէ... Մահը շունչ առնել չի տար մեզի: Մէկուն փոսը հազիւ փակած` միւսին կորուստը կը սգանք: Միայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին, տարբեր կշիռով ու արժէքով, սակայն համահայկական չափանիշով դէմքեր տուինք հողին, տո՜ւն դառնալու եւ անդրադառնալու համար ճնշիչ կսկիծով, որ մեռնողներուն հետ ապրողները եւս կը մահանան քիչ մը... Ռուբէն Դարբինեան, Ժիրայր Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Յակոբ Մուրատեան, Արսէն Երկաթ,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Յարմար շրջան է` հոգալու ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն կարիքները: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի յաջողիք փոխել: Մինակ մի՛ մնաք, ժամանակ անցուցէք ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ: Արկածախնդրական օրեր պիտի ապրիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Փորձառութիւն մը պիտի ապրիք, որմէ...

Յայտարարութիւններ ( 12 Յունիս 2019)

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ Հանդիսապետութեամբ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ 15-16 յունիս 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ` ԳԵՐՇ. Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ (Առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի) Աբեղայութեան կարգ պիտի ստանան` - ՃՈՐՃ ՍՐԿ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ - ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԿ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ - ՇԱՀԷ ՍՐԿ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ - ՃՈՐՃ ՍՐԿ. ՊՐԻԽԱՆԵԱՆ...

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1969)

Փափկանկա՜տ Հիւրընկալներ... Անցեալ երկուշաբթի, յունիս 3-ին Պոլսոյ մէջ կայացաւ Միջազգային առեւտրական սենեակներու 22-րդ համագումարը` 66 երկիրներէ եկած երկու հազարէ աւելի պատգամաւորներու մասնակցութեամբ: Կը կարդանք, որ առաջին նիստը շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ չէ անցած, մանաւանդ անոր համար, որ` «սրահին մէջ հեղձուցիչ տաք մը կը տիրէր եւ ժողովականները սաստիկ քրտնեցան` սրահին հովահարումի մեքենան խանգարուած ըլլալով»: Թուրքիոյ մէջ, պաշտօնական թէ անպաշտօն օրերու,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Պէտք է տրամաբանութեամբ շարժիք ձեր հարցերու լուծման ընթացքին: Ձեր այցելութիւնները պիտի շատնան: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Մանրամասնութեամբ պիտի հետապնդէք ծրագիր մը` մինչեւ անոր իրականացումը: Առաջնահերթութիւնը պիտի տաք նիւթական հարցերուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Բախտով լեցուն շրջան մըն է: Մեծ...

Յայտարարութիւններ ( 11 Յունիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Լիբանանի քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութիւնը կը գուժէ իր նախկին վարչական անդամներէն ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՊՈՒՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 7 յունիս 2019-ին: ------------------------------------- ------------------------------------- ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ Հանդիսապետութեամբ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ 15-16 յունիս 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ` ԳԵՐՇ. Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ (Առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու...

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1969)

Ո՞ւր Է Մեծութիւնը Ազգային ու գրական վերածնունդի յեղափոխաշունչ մեր բանաստեղծներէն Գամառ Քաթիպա բանաստեղծութիւն մը ունի` «մեծ մարդ»-ու տիպարը բնութագրող: Կը նկարագրէ երիտասարդ մը, որ իր այլազան մեծագործութիւններով կ՛ուզէ հօրը գնահատանքին արժանանալ: Կը դիզէ գանձ ու հարստութիւն, բայց հայրը կը մերժէ զինք մեծ մարդ կոչել: Ռազմադաշտերու վրայ յաղթանակներ կը շահի իբրեւ տաղանդաւոր զօրավար, բայց չի յաջողիր շահիլ հօրը գնահատանքը: Գիտութեան եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մի՛ աճապարէք` լուծելու ձեր հարցերը: Հանդարտ շրջան մը պիտի ապրիք: Պատրաստ եղէք անակնկալի մը, որ պիտի ուրախացնէ ձեզ եւ նորութիւն բերէ ձեր կեանքին: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Նիւթական ձեր պայմանները լաւ սերտեցէք, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք: Քննութիւններու շրջանին լաւ պատրաստուեցէք, որպէսզի ինքնավստահ ըլլաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ: Ճամբորդութեան մը պիտի...

Յայտարարութիւններ ( 10 Յունիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նատիա Պապուճեան եւ զաւակները` Քարլա եւ Մակնոլիա Տէր եւ տիկին Հորաթ եւ Քարին Դիլփ Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ֆրանսուազ Պրուարթ եւ զաւակը` Էտտի Տիար Յակոբ Մինասեան եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՊՈՒՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 7 յունիս 2019-ին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 10...

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1969)

Խօսք Երախտագիտութեան Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնը Իր օգտաշատ գործունէութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամբիոնը: Յիսուսեան միաբանութեան արժանաւոր մէկ անդամին` հայր Մորիս Թալոնի հայրական հոգածութեամբ, կը շարունակուի գործը, որուն հիմնադիրը եղած է լուսահոգի հայր Յովհ. վրդ. Մսըրլեանը: Իր աշակերտներուն թիւը բարձր չէ. 11 աշակերտուհի միայն, որուն մէկը ուսուցչուհի, մնացեալները ուսանողներ են եւ կամ պաշտօնեաներ: Հարկ չենք տեսներ...

Page 185 of 361 1 … 184 185 186 … 361

Արխիւներ