Հնարամիտ Գաղափարներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Տան մէջ կարգ մը իրեր դատապարտուած են թափուելու կամ պահեստանոց աքսորուելու... Բարեբախտաբար կան հնարամիտ եւ մեծ երեւակայութեամբ օժտուած մարդիկ, որոնք հին կամ անգործածելի իրերուն երկրորդ կեանք մը կու տան` չնչին փոփոխութիւններ մտցնելով անոնց մէջ: Ահաւասիկ` մէկ-երկու հետաքրքրական գաղափար. - 1 - Թենիսի հին ռաքեթները կարելի է հայելիով օժտել եւ պատէն կախել: - 2 - Ալիւմինիոմէ հին ձագարները...




















