Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայաստան Հայկական տօներու շարքին Զատիկը բնութեան զարթօնքը խորհրդանշող ամենամեծ եւ ամենասպասուած տօնն է: Շարժական այս տօնը (մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25) կը նշուէր ճոխ հանդիսութեամբ եւ մեծ կազմակերպուածութեամբ: Եւ հաւանաբար այս էր պատճառը, որ ի տարբերութիւն այլ տօներու, անիկա նոյն ձեւով կը նշուէր Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ամէնուր ծանօթ էր միեւնոյն անուանումով` «Զատիկ», «Մեծ Զատիկ»,...



















