Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուքրանահայ ձեւագէտ Հայկ Աւանէսեանը վերջերս ցուցադրած է 2015-2016 տարիներու հարսանեկան հագուստներու հաւաքածոն:
Հայկ Աւանէսեան ապրանքանիշը ստեղծուեցաւ 2011-ին, եւ արդէն քանի մը ամիս ետք ձեւագէտը արժանացաւ «Տարուան Յայտնութիւնը» մրցանակին:
Հայկին ընտանիքը Տոնեցք (Ուքրանիա) փոխադրուած է, երբ դեռ ինք մանուկ էր, սակայն մեծցած է հայ ընտանիքի մէջ, ուր միայն մայրենի լեզուն կը գործածուէր:
«Ուսումնասիրած եմ հայկական մշակոյթն ու հայ գեղանկարիչները: Շատ կը սիրեմ մեր հայկական խոհանոցը, որ կը ներշնչէ զիս «համեղ» հագուստներ ստեղծելու ատեն: Համալսարանի գեղանկարչութեան դասախօսս կ՛ըսէր, որ իմ նկարներէս եւ գոյներէս կ՛երեւի, որ ես հայ եմ» յայտնած է ձեւագէտը:
Աւանէսեանի կարծիքով, աշխարհին մէջ կան շատ լաւ հայ ձեւագէտներ: Անոնք կը տարբերին իրենց աշխատանքով, մօտեցումով եւ հայեացքով: Անոր ուշադրութիւնը գրաւած են լիբանանցի ձեւագէտ Գրիգոր Չափուրեանի ստեղծագործութիւնները:
«Խոհանոցի Արքայ»
Պոսթընի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն, որ եթէ տան մէջ խրախճանք պիտի կազմակերպեն եւ կ՛ուզեն զարմացնել հիւրերը տնային համեղ կերակուրներով, պէտք է անխուսափելիօրէն դիմեն ամերիկահայ Նաթան Գիպարեանին:
23-ամեայ Նաթանին մանկութիւնը, անցած է խոհանոցը, ան ուշադիր հետեւած է թէ ինչպէ՛ս իր մայրն ու մեծ մայրը աւանդական ուտելիքներ կը պատրաստեն: Ներկայիս Նաթանին կը հետեւի ամբողջ Պոսթընը. տեղական պատկերասփիւռով ան յաճախ ելոյթ կ՛ունենայ եւ իր իւրայատուկ խոհագիրներով եւ օգտակար ու գործնական թելադրանքներով կը դիւթէ բոլորը:
«Մեր ընտանիքին մէջ սովորութիւն էր երեկոյեան միասին ընթրել եւ համտեսել մեծ մօրս ու մայրիկիս պատրաստած ուտելիքները: Ընտանիքիս համար բնական էր սնանիլ տունը պատրաստուած կերակուրներով, բան մը, որ այդքան ալ տարածուած չէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ կը պատրաստեմ այնպիսի ուտեստներ, որոնք տունը պատրաստուածէն չեն տարբերիր», յայտնած է Նաթան` աւելցնելով, որ նախասիրութեան զուգահեռ նաեւ հետեւած է դասընթացքներու եւ այսօր Պոսթընի ամէնէն երիտասարդ շէֆ-խոհարարներէն մէկն է:
Առողջապահական
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Սուրճին Մասին
-1-
Սուրճը տրամադրութիւն կը բարձրացնէ:
Ճիշդ եւ սխալ:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, հետեւողական կերպով սուրճ խմողները նուազ ենթակայ են ընկճախտի: Միւս կողմէ հաստատուած է, որ մեծ քանակութեամբ քաֆէինը ջղային եւ դիւրագրգիռ կը դարձնէ: Հետեւաբար պէտք է չափաւորել սուրճի սպառումը, եթէ կ՛ուզենք օգտուիլ անոր բարիքներէն:
-2-
Սուրճը կը նուազեցնէ մարմնին կողմէ կիրի իւրացումը:
Ճիշդ:
Սակայն այս մտահոգութիւնը կը վերաբերի այն անձերուն, որոնք օրական 4 գաւաթէն աւելի սուրճ կը խմեն:
-3-
Սուրճը աւելի քաֆէին կը պարունակէ, քան «քոլա»-ն:
Սխալ:
Միջին հաշուով 50 մլ. գաւաթ մը էքսփրեսօ սուրճը 32 մկ. քաֆէին կը պարունակէ, մինչ 330 մլ. քոլայի թիթեղ մը` 35 մկ. քաֆէյին:
-4-
Սուրճը կ՛այրէ ճարպերը:
Ճիշդ:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սուրճին պարունակած «Փոլիֆէնոլ»-ները կ՛օգնեն մարմինին արագ այրելու կուտակուած ճարպերը: Թունդ սուրճը նաեւ ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի: Բայց ուշադի՛ր, սուրճին պէտք չէ աւելցնել շաքար, կաթ կամ սեր…
-5-
Սուրճ կրնան խմել յղի կիները ինչպէս նաեւ կաթ տուող մայրերը:
Ճիշդ:
Օրական 2 գաւաթ սուրճը արտօնուած է յղիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն: Սակայն ապացուցուած է, որ մեծ քանակութեամբ սուրճ սպառող յղիներուն մօտ կազմուող պտուղին աճը կը դանդաղի քաֆէինին ստեղծած անպատեհութիւններուն պատճառաւ:
-6-
Սուրճը կը խանգարէ քունը:
Ճիշդ եւ սխալ:
Ոչ միշտ, քանի որ ամէն մարդու մօտ քաֆէինը նոյն ձեւով չ՛իւրացուիր եւ չի մարսուիր: Ոմանք երեկոյեան գաւաթ մը սուրճ խմելով կը վնասեն իրենց քունին, մինչ ուրիշներ շատ հանգիստ կը քնանան:
-7-
Սուրճը կ՛օգնէ մտային կարողութեան:
Ճիշդ:
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ օրական 3 գաւաթ սուրճ խմող անձիք տարիներու ընթացքին կը պահպանեն իրենց մտային կարողութիւնները եւ աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան Ալզայմըրի հիւանդութենէն:
Մատներու Մարձում
Մարձումը ո՛չ միայն կ՛օգնէ բարձրացնելու աշխատունակութիւնը, այլ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կը վերականգնէ մարդը:
Մարձումը կը նպաստէ արեան շրջանառութեան աշխատանքին, կը կանոնաւորէ զարկերակային ճնշումը եւ վերջապէս կը բարձրացանէ տրամադրութիւնը:
Մարձումը հասանելի է բոլորին, զայն կարելի է կատարել գրեթէ ամէնուրեք, յատկապէս մատներու մարձումը շատ մատչելի :
Մասնագէտներու կարծիքով, մարդուն մատներէն իւրաքանչիւրը «պատասխանատու» է որոշ գործարանի մը. հետեւաբար, մարձումի շնորհիւ կարելի է դրական ձեւով ազդել մեր մարմինի առողջութեան վրայ:
Այսպէս`
– Բթամատը «պատասխանատու » է շնչառական գործարաններուն եւ լեարդին: Բթամատը մարձելով կարել է թեթեւցնել հազի նոպաները:
– Ցուցամատը կապուած է նիւթափոխականութեան համակարգի եւ բերնի խոռոչին հետ: Հետեւաբար, զայն մարձելով կարելի է թեթեւցնել ակռայի ցաւը:
– Արիւնատար համակարգին «պատասխանատու» է միջնամատը, իսկ ջղային համակարգին համար մատնեմատը: Այս մատները մարձելով կարելի է կանխել ջղային խանգարումներն ու ընկճախտը:
– Ճկոյտը կապուած է սիրտին եւ հաստ աղիքին հետ: Որոշ ուսումնասիրութիւններու հիմամբ` ճկոյթի մարձումը կրնայ օգտակար ըլլալ քրոնիք պնդութեան պարագային:
Ճիշդ Լոգանքը
Լոգանքը մեր ամէնօրեայ կեանքին անբաժանելի մէկ մասն է: Անիկա արագ եւ ազդու միջոց է մաքուր եւ թարմ ըլլալու:
Շատ տաք ջուրը կը թեթեւցնէ լարուածութիւնը, կը թուլցնէ մկանները եւ կը մաքրէ մորթը: Սակայն եթէ յաճախ շատ տաք ջուրով լոգնանք, մեր մկանները կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը եւ կը թուլնան: Շատ տաք լոգանքը 5 վայրկեանը պէտք չէ անցնի, իսկ յետոյ պէտք է շարունակել գաղջ ջուրով:
Իսկ շատ պաղ ջուրը ընդհակառակը` կը պրկէ մորթն ու մկանները եւ կը կազդուրէ: Բայց այս պարագային եւս սառ ջուրով լոգանքը պէտք չէ մէկ վայրկեանէն աւելի տեւէ:
Հերթականութեամբ տաք եւ պաղ լոգանքը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը եւ լաւ միջոց է սելիւլիթէն ձերբազատելու: Այսպէս, լոգանքը պէտք է սկսիլ տաք ջուրով` աստիճանաբաբար բարձրացնելով ջուրի ջերմաստիճանը. անշուշտ այնքան, որքան կը դիմանաք: Յետոյ մէկ անգամէն պէտք է անջատել տաք ջուրի ծորակը ու բանալ պաղ ջուրի ծորակը եւ այսպէս քանի մը անգամ:
Լոգանքը պէտք է աւարտել պաղ ջուրով:
Ձեռային Աշխատանք
Գեղեցիկ Թաղարներ
Փափաքելի է, որ շաբաթավերջի ընտանեկան պտոյտները ունենան դաստիարակիչ բնոյթ եւ ձեր զաւակը, բացի իր այցելած ճաշարանէն եւ կերած կերակուրէն, պտոյտէն վերադարձին պատմելու բան ունենայ այդ օրուան իր փորձառութենէն:
Այդ փորձառութիւնը կրնայ ըլլալ նոր միջատի մը յայտնաբերումը, աշխարհագրութեան դասի մը շօշափելի փաստ մը, գործարանի մը կամ հնութեան մը այցելութիւնը եւ այլ…
Նոյն այդ պտոյտէն երեխան կրնայ իրեն հետ տուն բերել իրեր եւ որպէս յիշատակ` զանոնք Գուրգուրանքով պահել կամ անոնցմվ ձեռային աշխատանք մը պատրաստել:
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք սովորական ճիւղերով պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը: Նոյն աշխատանքը կարելի է պատրաստել, եթէ ձեր զաւակը ծովափէն ոստրէներ հաւաքած ըլլայ:
Ինչպէս նկարը կը հաստատէ, պէտք ունիք տարբեր չափի ճիւղերու, որոնք 2 սմ. հաստութեամբ պէտք է կտրել եւ ապա «կլու կան»-ի միջոցով զանոնք փակցնել թաղարին վրայ` զայն ամբողջութեամբ ծածկելով: Այսպիսով ձեր զաւակը կրկնակի օգտուած կ՛ըլլայ իր պտոյտէն:
Խոհագիր
Աւոքատոյի Աղցան` Քարիտէզով
|
Բաղադրութիւն
2 աւոքատօ կիսուած եւ լեմոնի հիւթով շփուած
4 քարիտէզ` զարդարանքի
1 գաւաթ միջակ չափի քարիտէզներ` մաքրուած, լուացուած եւ խաշած
4 ապրուրի դգալ մայոնեզ
4 ապուրի դգալ քեչափ
Քանի մը կաթիլ Tabasco Sauce
2-3 կաթիլ Worcestershire sauce
1 ապուրի դգալ թարմ սեր (fresh cream)
1/2 թէյի դգալ մանանեխի խիւս (մութարտ)
1 ա. դգալ լեմոնի հիւթ
1 թէյի դգալ քոնեաք կամ ուիսքի
Ճերմակ փոշի պղպեղ
1 աւոքատօ` կեղւուած եւ խորանարդաձեւ մանրուած
Պատրաստութիւն
Խաշել 4 խոշոր քարիտէզները, մինչեւ որ վարդագոյն դառնան, լուալ եւ առանց կեղուելու մէկդի ձգել:
Աւոքատոները մէջտեղէն կիսել, կորիզը (կուտը) հանել, շփել լեմոնի հիւթով, որպէսզի գոյնը չփոխուի:
Խառնել միասին մայոնեզը, քեչափը, Tabasco Sauce-ը, թարմ սերը, քոնեաքը կամ ուիսքին, մանանեխի խիւսը լեմոնի հիւթը, ճերմակ փոշի պղպեղը, Worcestershire sauce-ը եւ պատրաստել թացանը:
Խառնել քարիտէզները եւ մանրուած աւոքատոն թացանին մէջ: Լեցնել կիսուած աւոքատոները վերոնշեալ խառնուրդով, զարդարել լման քարիտէզներով եւ հիւրասիրել որպէս համեղ աղցան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայաստանի Աղջիկները
Հուրն են սիրոյ սեւի սիրուն լոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Սրտիս վրայ քայլող գարուն` կոյս աղջիկներն Հայաստանի,
Իմ սիրտն ի՜նչ է, ա՛խ, թէ ուզեն` բերդեր կ՛առնեն մի հայեացքով,
Անառիկ բերդ ու սիրոյ սիւն` յոյս աղջիկներն Հայաստանի:
Մէկը մէկից պարզ ու կախարդ, մէկը մէկից խօսքով քաղցր,
Ետ կը բերեն ալեւորին, օձ կը թովեն աչքով քաղցր, –
Մէկը` աստղիկ, մէկը` լուսնեակ, մէկն` արեւի տեսքով քաղցր, –
Իմ Հայաստանն են զարդարում նուրբ աղջիկներն Հայաստանի:
Ու չգիտեմ որի՞ն սիրեմ, որի՞ն թողնեմ անյագ սրտով,
Ամէնքին է սրտիս աչքը արեւի պէս կրակ սրտով,
Երբ հուր ծովի պէս են քաշում` ո՞նց դիմանաս վտակ սրտով, –
Ինձ աստղերից ցած են բերում սուրբ աղջիկներն Հայաստանի:
Իմ Սեւանը ո՞նց ցամաքեց, երբ սեւածով աչքերը կան,
Իրենց նման հարբեցընող գինին քամող ձեռքերը կան,
Վարդ շուրթերին բուրմունքի պէս Կոմիտասի երգերը կան, –
Քարից անգամ լոյս են քամում բիւր աղջիկներն Հայաստանի:
Բայց մի գանգատ ունի կեանքս` այն, որ ինձ մի վարդ չտուին,
Սուրբ եմ Արա Գեղեցիկի պէս` ինձ մի սուրբ Նուարդ չտուին,
Ինձ թողեցին գիրկն ընկածի, դեռ ասում են` դարտ չտուին, –
Գերեզմանս են աչքով փորում զուր` աղջիկներն Հայաստանի:
Առանց նրանց` երգս պաղ էր` արեւ բացին իմ երգի մէջ,
Նրանց սիրոյ ձեռագործն է ծիածանը երկնքի մէջ, –
Բայց քաջ կ՛ասեմ` մէկին սիրես, լաւի՜ն սիրես ու լա՛ւ սիրես
Որ քեզ պաշտեն բոլո՜ր սիրուն, լոյս աղջիկներն Հայաստանի:ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ