Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ի 8-րդ շաբթուան մրցումներու անակնկալ արդիւնքն էր Սեւիլիայի 4-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակը` Պարսելոնայի դէմ: Սեւիլիա վերջին անգամ 2021-ին կրցած էր յաղթել Պարսելոնային, բայց 13-րդ վայրկեանին իսկ շահեցաւ փենալթի մը, որ կոլի վերածեց 36 տարեկան Ալեքսիս Սանչես (Պարսելոնայի նախկին մարզիկ): Իսաք Ռոմերօ 36-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց 2-ի, բայց կիսախաղէն քիչ մը առաջ Մարքուս Ռաշֆորտ կրցաւ կոլով մը պատասխանել:
76-րդ վայրկեանին լեհ Ռոպերթ Լեվանտովսքի առիթ ունէր արդիւնքը հաւասարեցնելու սակայն անոր փենալթին դուրս ուղղուեցաւ:
Ծնունդով սուրիահայ Ռունի Պարտաղճի ռմբային հարուածով կրնար նշանակել Պարսելոնայի 2-2-ի կոլը, բայց Սեւիլիայի յոյն բերդապահ Վլաչոտիմոս հերոսացաւ զայն զսպելով:
Վայրկեան մը ետք` 90-րդ վայրկեանին, Խոսէ Անխել Քարմոնա նշանակեց Սեւիլիայի 3-րդ կոլը:
96-րդ վայրկեանին Աքոր Ատամս կոլ մը եւս նշանակեց, եւ Պարսելոնա, որ քանի մը օր առաջ Փարիզ Սեն Ժերմենէն պարտութիւն կրած էր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին, կրեց յաջորդական իր 2-րդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ Լամին Եամալ չմասնակցեցաւ այս մրցումին` միանալով Պարսելոնայի վիրաւորներու ցանկին, որուն մաս կը կազմեն Ռաֆինիա, Ֆերմին Լոփես, Կաւի, ինչպէս նաեւ բերդապահներ Թեր Շթեկըն եւ Խուան Կարսիա:
Ֆրանսայի մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1 արդիւնքով հեռացաւ Լիլի դաշտէն:
Պարսելոնայի նման վիրաւորներով «հարուստ» Փարիզ Սեն Ժերմեն 66-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը Նունօ Մենտեշի շնորհիւ, բայց Քիլիան Էմպափէի կրտսեր եղբայրը` Էթան նշանակեց Լիլի հաւասարութեան կոլը` 85-րդ վայրկեանին (դաշտ մուտք գործելէն 4 վայրկեան ետք):
Փարիզ, որմէ կը բացակայէին Ուսման Տեմպելէ, Տեզիրէ Տուէ, Քվիչա Քվարացխելիա, Մարքինիոս, Ժոաօ Նեւեշ եւ Ֆապիան Ռուիս, վիրագրաւեց առաջին դիրքը` 1 կէտով գերազանցելով Մարսէյը, Սթրազպուրկը եւ Լիոնը:
Իտալիոյ մէջ, ախոյեան Նափոլի կոլով մը ետ մնալէ ետք Ճենովայի դէմ մրցումին, կրցաւ 2 կոլ նշանակել եւ վերագրաւել պարագլուխի դիրքը:
18 տարեկան Ճեֆ Էխաթոր նշանակեց Ճենովայի եւ մրցումին առաջին կոլը 34-րդ վայրկեանին, բայց քամերունցի Ֆրանք Անկիսա եւ դանիացի Ռասմուս Հոյլունտ նշանակեցին Նափոլիի երկու կոլերը:
Հոյլունտ իր 6-րդ ելոյթը ունեցաւ Նափոլիի հետ` նշանակելով իր 4-րդ կոլը: Ան իր ինքնավստահութիւնը վերագտաւ 2 եղանակներ խաղալէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, ուր 14 կոլ կրցած էր նշանակել 62 մրցումներու ընթացքին:
Եուվենթուս 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ: Եուվենթուս աւելի տիրապետեց մրցումին վրայ, բայց Ա. Սէ. Միլան աւելի առիթներ ստեղծեց, սակայն… փենալթի մըն ալ կորսնցուց, երբ ամերիկացի Քրիսթիան Փուլիշիչի փենալթին Եուվէի բերդէն բարձր անցաւ:
Փորթուգալցի Ռաֆայէլ Լէաօ քանի մը առիթ ստեղծեց 3 կէտեր ձեռք ձգելու, բայց Միլանի ակումբի օրը չէր ըստ երեւոյթին:
Մոյս Քին 14-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Ֆիորենթինայի, բայց Մաթիաս Սուլէ եւ Պրայըն Քրիսթանթէ 3 կէտերը նուիրեցին Ա.Էս. Ռոմային, որ գրաւեց 2-րդ դիրքը: