Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ «Այ. Պի. Էյ. Փրօ 10» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնը դարձաւ ախոյեանութեան տիտղոսի համար մենամարտը առաջին կիսաթեթեւ կշիռի կարգին մէջ:
Վահէ Սարուխանեան (22-4-1) պիտի մրցէր Կէորկի Չելոխսայեւի դէմ (24-3-1):
10 ռաունտէ ետք իրաւարարները միաձայն յաղթանակ շնորհեցին Սարուխանեանին` 96-94 արդիւնքով: Այսպիսով, 35 տարեկան հայ մարզիկը դարձաւ Ռուսիոյ նոր ախոյեան:
Հետաքրքրականը այն էր, որ գլխաւոր թեկնածուն մրցակից Չելոխսայեւն էր:
Նոյնիսկ անոր յաղթանակի համեմատութիւնն ալ այնքան բարձր էր, որ Վահէ Սարուխանեան մենամարտէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բարձր համեմատութիւն տուած էին մրցակիցին, որուն պատճառով իր ընկերները լաւ գումար վաստկեցան անոնց անվստահութեան շնորհիւ:
Մենամարտի պահուն, Սարուխանեանի կողմէ կ՛աշխատէր անոր եղբայրը` Վլատիմիր, որ կ՛աջակցէր եւ խորհուրդներ կու տար ամբողջ մենամարտի ընթացքին:
Չելոխսայեւի դէմ յաղթանակը եղաւ Վահէ Սարուխանեանի ասպարէզիս ամէնէն կարեւոր յաղթանակներէն մէկը, որ նոր հեռանկարներ բացաւ անոր համար` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: