Մեծ վարպետ Ֆապիանօ Քարուանա շահեցաւ 2025-ի «Կրանտ չես թուր»-ի տիտղոսը` շահելով 150 հազար ամ. տոլար, մինչ 2-րդ դիրքը գրաւեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, որ շահեցաւ 100 հազար ամ. տոլար:
Վաշիէ-Լակրաւ շահեցաւ առաջին ճակատումը, բայց Քարուանա յաջորդական 3 մրցումներ շահելով կրցաւ յաղթել ճակատումը:
Հայազգի վարպետ Լեւոն Արոնեան շահեցաւ 3-րդ դիրքը` ձեռք ձգելով 60 հազար ամ. տոլար եւ պարտութեան մատնելով հնդիկ վարպետ Փրակնանանտա Ռամեշպապուն: Առաջին երեք դիրքերը գրաւող մարզիկները ինքնաբերաբար պիտի մասնակցին 2026-ի «Կրանտ չես թուր»-ին, մինչ Փրակնանանտա շահեցաւ 40 հազար ամ. տոլար:
Քարուանա 15-13 արդիւնքով յաղթեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրամին, մինչ Լիոն 20-8 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Ռամեշպապուի դէմ: Քարուանա 2023-ին ալ կրցած էր շահիլ այս տիտղոսը: