Քալիֆորնիոյ ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեան Գրիգոր Չոլաքեան, Միացեալ Նահանգներու ամէնէն խոստմնալից երիտասարդ մարզիկներէն մէկն է եւ պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ Հայաստանի հաւաքականը 23 տարեկաններէն վար աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-27 հոկտեմբերին` Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ:
Չոլաքեանի անունը արդէն իսկ յայտնուած է Հայաստանի դրօշին տակ` միացեալ ըմբշամարտի աշխարհի պաշտօնական կայքին վրայ, եւ ան արձանագրուած է Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ` մինչեւ 74 քկ կշիռի կարգին մէջ:
«Ես ասիկա կը նկատեմ պարտք ներկայացնել իմ հայկական մշակոյթ այսպիսի նախաձեռնութիւններու, քանի որ այդ մէկը իմ ինքնութեանս մէկ մասն է: Հայ ըլլալը ինծի ուժ կու տայ: Ներկայացնելով ազգ մը, որ կը շարունակէ տոկալ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ինծի ուժ կը հաղորդէ», ըսաւ Չոլաքեան:
Գրիգոր Չոլաքեան ծնած է եւ կ՛ապրի Պըրպենք քաղաքին մէջ (Քալիֆորնիա) հայկական ընտանիքի մէջ: Ան աւարտած է «Սենթ Ճոն Պոսքօ հայ սքուլ» դպրոցը եւ ստացած է մարզական կրթաթոշակ` Սթենֆորտի համալսարանը սորվելու համար:
Իր ասպարէզի ընթացքին ան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեց` դառնաով Քալիֆորնիոյ նահանգի ախոյեան (2,24), 5 անգամ «Ֆարկօ Օլ Ամերիքըն» մրցաշարքի ախոյեան: Ան երկու անգամ շահած է «Ռինօ Թուրնըմընթ օֆ Չեմփիընզ» մրցաշարքը եւ ընտրուած լաւագոյն ըմբիշ:
Ան Միացեալ Նահանգներու ըմբիշներու 5-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ ներառուած է երկրի լաւագոյն 40 շրջանաւարտներու կարգին: